Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Յանձնախումբի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ` Բանալու Բերձորի Միջանցքը
January 20, 2023«Ես մտահոգ եմ Լաչինի միջանցքի միամսեայ շրջափակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հետզհետէ աւելի ծանրացող մարդասիրական կացութեամբ», յայտարարած է Իսլանտայի արտաքին գործոց նախարար եւ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի նախագահ Տորտիս Քոլպրուն Ռէյքֆիորտ Կիլֆատոթիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Եւրոպացի բարձրաստիճան ...