Դանիէլ Վարուժան (1884-1915). Հայ ժողովուրդի բանաստեղծական հանճարին ՎՍԵՄԱՇՈՒՔը
Ապրիլ 22, 2019Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Ապրիլ 20ին, 135 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ հայ գրականութեան հանճարեղ մեծերէն Դանիէլ Վարուժան։ 1884ին ծնած՝ Դանիէլ Վարուժան միայն 31 տարի կրցաւ վայելել իրեն տրուած կեանքի ժամանակը։ Թրքական պետութիւնը բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը Հայկեան Հանճարի ամէնէն շքեղ ու վսեմաշուք քերթողին։ Դանիէլ Վարուժան ...