Այսօր հայ երաժշտութեան երախտաւոր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան օրն է
Սեպտեմբեր 25, 2015Սեպտեմբեր 26ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ զաւակներէն ամէնէն հոգեհարազատին` Հայու Հոգին երգ ու երաժշտութեամբ վերծանած, շնչաւորած ու աշխարհով մէկ հնչեցուցած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին, որուն մահուան ութսունամեակն է այս տարի։ Հայ ազգային երաժշտութեան աշխարհահռչակ հիմնադիրը ...