Հակառակ բազմաբնոյթ դժուարութիւններու, Հալէպի գաղութը կը շարունակէ իր գոյապայքարը
Յուլիս 10, 2013Յուլիս 10-ին, «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, ստուգելու համար ընդդիմադիր ուժերու կողմէ Հալէպի շրջափակման լուրերուն մանրամասնութիւնները։ Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, թէ քաղաքի կառավարական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող շրջանները 8 օրէ ի ...