Ընդդիմութիւնը Պոյքոթի Կ՛ենթարկէ Ազգային Ժողովին Կողմէ Կազային Համաձայնագիրի Քուէարկութիւնը
Դեկտեմբեր 23, 2013ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».– 23 Դեկտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմող իշխող կուսակցութեան անդամները ձեռքով քուէարկութեամբ վաւերացուցին Ռուսիոյ հետ կազային երեք համաձայնագիրները, սակայն ընդդիմադիր պատգամաւորներուն կարծիքով, անիկա պէտք է անվաւեր նկատել: Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին 77 պատգամաւորներ թեր քուէարկելով՝ ...