Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի յանձնախումբի Կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ


«Ճանաչումէն հատուցում» այս է մեր նոր կարգախօսը

 

 

– Նոյեմբերին կայացած Հայ Դատի յանձնա-խումբերու Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասի եւ անոր նախորդող Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովները անկիւնադարձային էին։ Ի՞նչ էին անոնց կայացման նպատակները եւ ի՞նչ արդիւնքներու, որոշումներու յանգեցան։ 
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հիմնականին մէջ երկու տեսակի խորհրդաժողովներ են մեր գումարածները, որոնք կը կայանան Դաշնակցութեան Բիւրոյի հրաւէրով. առաջինը՝ այսպէս կոչուած, կեդրոնական խորհրդաժողովներն են, զորս առհասարակ կը գումարենք Հայաստանի անկախացումէն ետք Երեւանի մէջ եւ երկրորդը՝ տարածաշրջանային։ Այս տարի տարածաշրջանայինի տարի է, այդ պատճառով ալ մենք  ամրան սկիզբը Լոնտոնի մէջ ունեցանք Եւրոպայի ժողովը, իսկ Նոյեմբերին՝ Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ խորհրդաժողովը։ Հիմնականին մէջ երկու խորհրդաժողովներն ալ ունէին նոյն օրակարգը. այսօր Հայ Դատի մեր սահմանումը կը կեդրոնանայ 4 հիմնական կէտերու վրայ, որոնք կը հանդիսանային մեր այս ժողովներու օրակարգի նիւթերը։ Առաջինը, դասականօրէն մեր Հայ Դատի հիմնական կէտը նկատուող Հայոց Ցեղասպանութեան հարցն է. կ՚ըսեմ հարց եւ ոչ ճանաչում, որովհետեւ քանի մը ծալք ունի մէջը։ Մենք անցեալին կեդրոնացած էինք ճանաչումի հանգրուանին վրայ, սակայն այսօր այդ հանգրուանը անցած է, ուրեմն՝ ճանաչում, դատապարտում եւ ի վերջոյ հատուցում։ Այս օրերուն հատուցման հարցը կը քննենք եւ այդ մէկը կը կատարենք հաւաքականօրէն. այդ երկու խորհրդաժողովներուն ալ բնականաբար նախ արժեւորում կատարուեցաւ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հանգրուանը ո՛ւր է հասած, ցարդ դատապարտումի ի՛նչ աշխատանքներ են տարուած, այլազան ի՛նչ օրէնքներ են մշակուած վերջերս. այսինքն, նախապէս կարելի էր միայն օրինական հիմքերը վերագրել 1948-ի ցեղասպանութեան յատուկ դաշինքին, սակայն ատիկա փոխուած է այսօր եւ վերջին 10-15 տարիներուն ընթացքին, յատկապէս եւրոպական թատերաբեմի վրայ, կան տարբեր ատեաններ կամ համաշխարհային իմաստով ատեաններ, որոնք այսպէս կամ այնպէս մարդկային իրաւանց հարցերու քննարկման վայրեր են, եւ բնականաբար, կարգ մը մասնագէտներու կարծիքով, կրնան նաեւ մեզի համար հանդիսանալ այն վայրերը, ուր պէտք է ներկայացնենք հատուցման մեր ծրարը։ Ուրեմն մեր զրոյցներուն առաջին օրակարգը Ցեղասպանութեան հարցն է, երկրորդը՝ Հայաստան եւ Արցախ, մեր հայկական պետականութեանց  այսօրուան իրավիճակը եւ մեր ընելիքը՝ իբրեւ սփիւռքի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբեր եւ գրասենեակներ. յանձնախումբեր ըսելով կը հասկնանք ընդհանրապէս սիրողական հիմքով կամաւորներէ բաղկացած այն բանակը, որ աշխատանք կը տանի, իսկ գրասենեակները արհեստավարժ ձեւով հիմնուած կեդրոններն են. Եւրոպայի պարագային կեդրոնականը Պրիւքսէլն է, իսկ Ամերիկաներու պարագային՝ Ուաշինկթըն է։  Չի նշանակեր, որ այլ գրասենեակներ չկան, սակայն ասոնք կեդրոնական գրասենեակներն են՝ կապուած Բիւրոյին, կը գործեն նաեւ տեղական գրասենեակները, ինչպէս Օթթաուայի գրասենեակը Գանատայի շրջանին համար, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկաներուն գրասենեակները Ամերիկայի համար եւ Աւստրալիոյ գրասենեակը՝ Աւստրալիոյ համար։ Կը գործէ նաեւ գրասենեակ Պուէնոս Այրէսի մէջ՝ Հարաւային Ամերիկայի շրջանին համար։ Ուրեմն այդ բոլոր գրասենեակները, բոլոր կարողականութիւնը՝ գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ուղղորդել է դէպի օրակարգի երկրորդ կէտը, այսինքն՝ Հայաստանի պետականութեան հիմերու ամրապնդման, միջազգային մարզին մէջ հեղինակութեան բարձրացման եւ ազգային առաջնահերթութիւններու հարցով տարուելիք աշխատանքներու կապակցութեամբ, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի։ Բնականաբար՝ Հայաստան ներքին իմաստով ունի բազմաթիւ դժուարութիւններ, ըլլայ ատիկա ընդհանուր մթնոլորտը, ընկերային տնտեսական իմաստով այս իշխանութեան սխալ քաղաքականութիւնը, փտախտը եւ այլն, սակայն մենք կը փորձենք այս բոլորէն հեռու մնալ, որովհետեւ միջազգային շրջանակի մէջ վերջ ի վերջոյ մեր հիմնական նպատակը Հայաստանի պետական կապերը ամրապնդելն է այլազան երկիրներու կամ այլազան միջազգային կազմակերպութիւններու, որոնց կարգին ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը եւ այլն։ 

Արցախի պարագային, բնականաբար, հիմնական հարցը ինքնորոշման իրաւունքի հաստատումն է եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման համար տարուող աշխատանքն է, որուն վրայ կեդրոնացաւ ժողովը, մանաւանդ նկատի առած վերջին տարուան ընթացքին Արցախի պարագային տեղի ունեցած ճանաչման որոշ յաջողութիւնները թէ՛ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, ինչպէս՝ Ուրուկուէյ, եւ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչպէս չորս նահանգները, որոնք այդպիսի բանաձեւ են որդեգրած։ Որքան ալ փոքր ըլլան քայլերը, սակայն անոնք խորհրդանշական մեծ իմաստ ունին, եւ այդ պատճառով Եւրոպայի մեր խորհրդաժողովի առանցքը նաեւ Արցախի նիւթն էր, եւ ուրախ ենք ըսելու, թէ Արցախի նախագահը ընդառաջած էր մեր հրաւէրին եւ անձամբ գլխաւորած էր Արցախէն եկած պատուիրակութիւնը, որ մասնակցեցաւ Պրիւքսէլի մէջ կայացած մեր ժողովներուն։ Նշեմ, որ այդ համագումարը երկու բաժին ունի, առաջինը կը վերաբերի ներազգային մեր բոլոր խմբաւորումներուն, իսկ երկրորդը օտարներուն ուղղուած՝ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, եւ Արցախի նախագահը մասնակից դարձաւ երկուքին ալ։ 

Մեր խորհրդաժողովներուն երրորդ հիմնական կէտը հայապատկան հողերն են. բնականաբար ամէնէն առաջնահերթը Ջաւախքն է՝ նկատի ունենալով, որ այսօրուան հրատապ հարցն է, այնտեղ կայ նաեւ արտագաղթի ահաւոր երեւոյթ, պարզապէս այն պատճառով, որ տնտեսական պայմանները այնքան վատթարացած են, որ երիտասարդութիւնը երբեմն կը ստիպուի լքել հողերը. խօսեցանք այս ուղղութեամբ մեր առնելիք քայլերուն մասին, ներկայացուեցան շատ հետաքրքրական առաջարկներ թէ՛ քաղաքական, եւ թէ տնտեսական կեանքի բարելաւման իմաստով։ Այս երրորդ գլխուն տակ կ՚իյնայ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանը, եւ այդ ուղղութեամբ նորութիւններ կան, որովհետեւ  21-րդ դարուս ունինք կարելիութիւններ, զորս անցեալին մեզի ընձեռնուած չէր՝ ուղղակի աշխատանք տանելու Թուրքիոյ մէջ գործող այլազան ազգային փոքրամասնութիւններուն հետ, մանաւանդ քիւրտերու, տերսիմցիներու պարագային, ինչպէս նաեւ այլախոհ կարկառուն դէմքերու, մանաւանդ այնպիսիներու, որոնք մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէն արդէն կ՚ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Մեր այս հաւաքներուն չորրորդ հիմնական կէտը կը հանդիսանայ երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ զիրենք քաղաքական կեանքի մղելու հարցը։ Այսինքն կարելի է քաղաքականացնել, որպէսզի գործիչ դառնան, բայց մենք նաեւ կ՚ուզենք, որ անկէ անդին անցնին ու դառնան քաղաքագէտ եւ իրապէս ներառուին սփիւռքի մէջ մեր ապրած երկիրներու քաղաքական կեանքին մէջ, որպէսզի փորձեն ներսէն եւս մեր ընդհանրական պայքարը շարունակել։ 

Ասոնք են հիմնական կէտերը, որոնց շուրջ տեղի ունեցան զոյգ խորհրդաժողովները։ 

«Հ.».- Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, օրէ օր յաւելեալ ծաւալ եւ թափ կը ստանայ թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզչական աշխատանքը, մանաւանդ որ յիշեալ երկու երկիրներու պարագային սկսած են իրենց սփիւռքները կազմակերպել թէ՛ եւրոպական ցամաքամասին վրայ, եւ թէ ամերիկեան։ Ի՞նչ ձեւով, ի՞նչ մարտավարութեամբ կարելի է հակազդել այս հակահայ քարոզչական արշաւին։

Յ. Տ. Խ.- Եթէ Թուրքիան նախապէս անտարբերութիւն կը ցուցաբերէր մեր տարած աշխատանքներուն հանդէպ, Ցեղասպանութեան հարցով մեր խլած կարգ մը յաջողութիւններէն ետք (վերջին 25 տարիներուն), ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետականութեան համար տարուող աշխատանքը կ՚անհանգստացնէ զինք, ուստի իրենք անցած են հակայարձակողականի։ Ասոր վրայ կու գայ աւելնալու Ատրպէյճանի ազդակը, եւ պէտք է ըսել, որ շատ լաւ ու համադրուած կերպով կ՚աշխատին այդ զոյգ պետութիւնները՝ իրենց հակահայ պայքարին մէջ։ Մեր բոլոր ժողովներուն ընթացքին յստակօրէն նշուեցաւ, որ երկու հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկն է ասիկա. եթէ մէկ մարտահրաւէրը միշտ նիւթականն է, որովհետեւ ինչպէս գիտէք այդ պետութիւնները պետական պիւտճէով կը պայքարին մեզի դէմ, հսկայական յատկացումներ կ՚ընեն իրենց դեսպանատուներուն ճամբով  այլազան գաղութներուն մէջ գործող թրքական եւ ատրպէյճանական կազմակերպութիւններուն։ Եթէ առաջինը նիւթականն է, երկրորդ մեծագոյն մարտահրաւէրը իրենց օրէ օր կազմակերպուող սփիւռքն է, որովհետեւ էջ մը քաղելով մեր իսկ մարտավարութենէն, մեր իսկ յաջողցուցած մարտավարութենէն, իրենք ալ սկսած են այնպէս մը ընել, որ այլազան երկիրներու մէջ ապրող թուրքերը, ազերիները խօսին այդ երկրի քաղաքացիի պահանջով։ Մենք եթէ այդ մէկը ընելու համար երկար տարիներու կարիք ունեցանք եւ իբրեւ Ցեղասպանութիւն ճաշակած ժողովուրդ բնազդաբար զգացինք հաւաքուելու, կազմակերպուելու, պայքար մղելու անհրաժեշտութիւնը, իրենց պարագային կը փորձեն ատիկա կատարել նիւթականով՝ գնելով մտաւորականներ, որոնց վերջին օրինակը Ճասթին Մաքարթին էր, որ այցելած էր Աւստրալիա, եւ բարեբախտաբար, Աւստրալիոյ մէջ մեր Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերով ձախողութեան մատնուեցան այդ ժխտումի քաղաքականութեան մասնագէտի խօսքերը։ Ուրեմն այս նիւթականով կը գնեն մտաւորականներ, նոյնիսկ կը կազմակերպեն անգոյ միութիւններ, զանազան անուններով, որոնք իրականութեան մէջ պարզապէս դիմակ են, որուն ետին կանգնած է տուեալ երկրին թուրք դեսպանը, որ պետական պիւտճէով յառաջ կը տանի աշխատանքը։ Իսկ նիւթականի երրորդ բաժինն ալ վարձկան լոպիիստներն են, որոնց վրայ յատկապէս արեւմտեան աշխարհին մէջ քանի մը միլիոն ծախսելով, կ՚ուղղեն մեզի դէմ։ Ուրեմն ի՞նչ կարելի է ընել. նախ պէտք է ըսել, որ բարեբախտաբար տակաւին մենք ունինք այն առաւելութիւնը, թէ արդարութիւնը մեզի հետ է, եւ անոր բարոյական երեսը պէտք չէ թերագնահատել, որովհետեւ պայքար մղող որեւէ մէկ կողմ, երբ լաւապէս համոզուած է իր տեսակէտներուն, իսկ մեր պարագային, որ տեղի ունեցածը մարդկութեան դէմ ոճիր է ու անարդարութիւն,  այդ իմաստով ունինք այսպէս կոչուած առաւելութիւնը։ 

Պէտք է ըսել, որ վերջին 20-25 տարիներուն ընթացքին մեր կտրած ճամբան մեզի յատուկ ուժականութիւն կու տայ այդ իմաստով, բայց բաւարար չէ. երկրորդը, որ մեզի համար անհրաժեշտ էր, եւ բարեբախտաբար բաւական ճամբայ կտրած ենք այդ ուղղութեամբ, արհեստավարժ գրասենեակներու հարցն է, որուն քիչ առաջ ակնարկեցինք։ Այսինքն հետզհետէ ստեղծեցինք աւելի մեծ թիւով համաշխարհային կեդրոններ, Հայ Դատի շրջանային կեդրոններ, ուր ունինք աննման տղաք ու աղջիկներ, որոնք իրենց ամբողջ առօրեան նուիրած են Հայ դատին, շաբթուան ընթացքին 7 օր, 24 ժամ նուիրուած են մեր դատին, այսպիսով շատ աւելի արհեստավարժ կերպով առաջ կը տանինք աշխատանքը։ Երրորդը, որ բարեբախտութիւն է, այն է, որ մենք կարողացանք վերջին տարիներուն ստեղծել ազգային մէկ ընդհանուր համախմբում՝ Հայ Դատի հիմնական նպատակակէտերուն կապակցութեամբ, ուր տարակարծութիւն առհասարակ չկայ, մանաւանդ  երեք քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ, շատ մը պարագաներու նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ, բացի կարգ մը կէտերէ, որոնց գծով, ինչպէս յայտնի է ձեր ընթերցողներուն, մենք ունինք լուրջ տարակարծութիւններ, ինչպէս հայ թրքական յարաբերութիւններու մէկ երեսը եւ հայ-թրքական արձանագրութիւնները։ Ուրեմն, այսպէս կոչուած ազգային ընդհանուր օրակարգի եւ առաջնահերթութիւններու շուրջ համախմբումը եւս մեզի կու տայ յաւելեալ ուժականութիւն շարունակելու պայքարը։ Պէտք է աւելի արհեստավարժ ուղղութեամբ աշխատիլ, եւ պէտք է տեսնել, ստեղծել նիւթական կարելիութիւններ. այս իմաստով ուրախ ենք, որ մեր ժողովուրդը մեր կողքին է, Գանատայի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանգանակութիւնը ցոյց տուաւ անգամ մը եւս, որ երբ գործն ու նպատակները յստակ են, ժողովուրդին նեցուկը առկայ է։ 

«Հ.».- Ճգնաժամային պայմաններուն մէջ գտնուող սուրիահայութեան օժանդակութիւն հասցնելու ծիրին մէջ եւս Հայ Դատի մարմինները աշխատանք կը տանին. ո՞ւր հասած են այդ աշխատանքները։

 Յ. Տ. Խ.- Կայ բնականաբար օժանդակութեան երեսը, որ հանգանակութիւններն են՝ աշխարհով մէկ տարածուած մեր գաղութներուն մէջ կայացած. գոհունակութեամբ կարելի է ըսել, որ անգամ մը եւս կարողացանք ոտքի հանել ժողովուրդը ի նպաստ մեր այդքան սիրելի սուրիահայ գաղութին, բայց կարելի չէ նաեւ մոռնալ քաղաքական երեսը, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի ապահովութեան, անվտանգութեան հարցերով մենք պէտք է, որ շարունակենք  աշխատանքները եւ այն ճնշումները, զորս կը բանեցնենք թէ՛ արաբական աշխարհին մէջ, եւ թէ արեւմտեան աշխարհին մէջ։ Հիմնականին մէջ երեք ուղղութեամբ է այդ աշխատանքը. առաջին՝ արաբական զանազան երկիրներու մէջ մեր ունեցած կապերով համոզելն է պայքարող կողմերը, որ խնայեն փոքրամասնութիւններուն, մեր պարագային հայութեան. այս նպատակով մենք կապեր կը ստեղծենք մանաւանդ այն կողմերուն հետ, որոնք դժբախտաբար մասնակից են Սուրիոյ տագնապին, ըլլայ Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ շրջանային այլ պետութիւններ։ Իսկ երկրորդը, մանաւանդ արեւմտեան աշխարհին մէջ, որ ընդդիմադիրներու կողքին է կանգնած, անոնց մօտ ալ այդ աշխատանքը տանիլն է, որպէսզի կարողանան զանազանել ընդդիմութեան տարբեր շերտերը։

Նաեւ այդ պետութիւններէն կը պահանջենք, որ իբրեւ ընդդիմութիւնը ֆինանսաւորող եւ զինող կողմ, յատուկ միջոցներու ձեռնարկեն, որպէսզի անմասն պահեն այս խնդիրին մէջ կողմ չնկատուող այդ փոքրամասնութիւնները, որոնք իրականութեան մէջ միայն Սուրիոյ պետութեան շահերէն մեկնած է, որ կը փորձեն պահել իրենց դրական չէզոքութիւնը։ Այդ ուղղութեամբ նաեւ յատուկ դեր կը խաղան քիւրտերը, որոնց հետ մենք կապեր ունին, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, թէ՛ Սուրիոյ, եւ թէ Իրաքի մէջ քիւրտերը այսօր այնպիսի կացութեան մէջ են, որ ամբողջովին ինքնավարութիւն յայտարարած, գրեթէ տէրն են կացութեան այդ հողերուն վրայ։ Այս իմաստով նաեւ, անկախ սուրիահայութեան հարցէն, քիւրտերու ազդակը նոր էջ մը կը բանայ մեզի համար, որովհետեւ երկու պարագային է, մանաւանդ ինչպէս ըսի՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ, իրենց դարաւոր երազի առաջին հանգրուանին հասած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն իրենք, եւ այդ ուղղութեամբ կը փորձեն նաեւ կազմակերպուիլ ապագայի Քիւրտիստանի ստեղծման համար։ 

«Հ.».- Հետաքրքրական է, որ Հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբը երկար տասնամեակներէ ետք առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ գործող քրտամէտ կուսակցութեան մը հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որ պատմականօրէն անկիւնադարձային կը նկատուի։ 

Յ. Տ. Խ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, որ ունեցաւ այդ հանդիպումը, որուն մասնակցեցան բնականաբար մեր Հայ Դատի տղաքը եւ ուրիշներ. ասիկա առաջին կապը չէ քիւրտերուն հետ, միշտ եղած են կապեր, ճիշդ է ձեր նկատողութիւնը, որ պաշտօնական իմաստով եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ուղղակի ղեկավարին հետ կայացած հանդիպումը աննախընթաց էր։ Ան կը գտնուէր քիւրտերու յատուկ համաժողովին եւ այդ առիթը յարմար նկատելով առանձին տեսակցութիւն ուզեցինք ունենալ իրեն հետ, եւ ի մեծ ուրախութիւն մեզի, ան ընդառաջեց եւ բնականաբար մեր խօսակցութեան առանցքը հայ քրտական յարաբերութիւնն էր, իսլամացած հայութեան հարցն էր, հայկական իրաւունքներու հարցն էր, քրտական պահանջքի եւ հայկական պահանջատիրութեան առնչութիւնն ու ապագայի հեռանկարներն էին։ Այդ իմաստով, կը կարծեմ, թէ յաջող քայլ էր այդ տեսակցութիւնը, մանաւանդ առաջնակարգ ղեկավարութեան հետ։ Ասոր շարունակութիւնը հանդիսացաւ Պոլսոյ մէջ Ընկերվար միջազգայնականի ժողովի ծիրին մէջ մեր Բիւրոյի ընկերոջ եւ Հայ Դատի ու քաղաքական հարցերու պատասխանատուի հանդիպումը նոյն կուսակցութեան եւ այլ քրտամէտ խմբաւորումներու ներկայացուցիչներու հետ։ Յստակ է, որ մենք երկու հիմնական հարցեր ունինք, երբ քիւրտերու հետ կապ կը հաստատենք. մէկը Ցեղասպանութեան հարցն է, որ դամոկլեան սուրի պէս կախուած է քիւրտերուն գլխուն, որովհետեւ իրենց պատասխանատուութիւնը պէտք է ընդունին եւ ժողովուրդին ներողամտութիւնը հայցեն. այս առնչութեամբ բաւական յառաջ գացած ենք, իրենք կ’ընդունին ատիկա, եւ ինչպէս գիտէք, Տիգրանակերտի շրջանէն քաղաքապետներ եկած եւ յատուկ ծաղկեպսակներ զետեղած են՝ յարգելով յիշատակը մեր նահատակներուն եւ օգտագործած են Ցեղասպանութիւն բառը։ Նոյնինքն այդ կուսակցութեան ղեկավարը, որուն հետ տեսակցեցանք, ի՛նք է, որ թրքական խորհրդարանին մէջ քաջաբար ցեղասպանութիւն բառը գործածելով ահագին հարց ստեղծած էր։ Երկրորդն ալ հողային պահանջատիրութեան հարցն է, իրենց պատկերացուցած Քիւրտիստանի այլազան տարբերակներ կան, իսկ մեր պահանջատիրութիւնը աւելի յստակ բանաձեւուած է, որովհետեւ գէթ Դաշնակցութեան համար մենք ունինք Սեւրի դաշնագիրի հողերը եւ կարգ մը այլ յարակից շրջաններ, ինչպէս Ջաւախքն ու Ղարաբաղը։ 

Նոյնը չէ պարագան քիւրտերուն, անոնց մօտեցումները բազմազան են, անոնք աւելի շերտաւորուած են, իւրաքանչիւր երկրի մէջ ապրող քրտական հասարակութիւն տարբեր ձեւով կը մօտենայ խնդիրին, շատերու համար հանգրուանային լուծումները առաջնահերթ են եւ ոչ վերջնական պատկերը, միշտ չէ, որ բոլորը կը համագործակցին, անոր համար է, որ հարց գոյութիւն ունի, թէ ինչպէս կը պատկերացնեն իրենց պահանջը, որ ժամանակի ընթացքին կարծեմ պիտի բիւրեղանայ։ Սակայն մինչ այդ մենք ընելիք ունինք, իրարու հետ հասկացողութեան հարց գոյութիւն ունի, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, երկու քարտէսները երբեմն մեծապէս կը համընկնին, մեծ բաժինները կը համընկնին, այդ իմաստով ընելիքներ կան, պատկերացումի իմաստով յստակացուելիք կայ։ Շատ մը քիւրտերու համար ապագայ Քիւրտիստանը այն բազմամշակութային, բազմացեղային խմբաւորումն է, որ իր երդիքին տակ պիտի հաւաքէ բոլորը։ Մեր պատկերացումը այդպէս չէ անշուշտ, այդ ուղղութեամբ է, որ մենք անհրաժեշտ է, որ շարունակենք մեր աշխատանքները։ 

«Հ.».- Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը մօտենայ, նուազ քան մէկուկէս տարի մնացած է. ի՞նչ է ձեր կոչը նորահաս սերունդին՝ Հայ Դատի աշխատանքներուն իրենց մասնակցութեան վերաբերեալ։

Յ. Տ. Խ.- Ճիշդ է, որ 100-ամեակը կարեւոր թուական է, բայց մեզի համար պարզ թուական մըն է, տարօրինակ հոգեբանութիւն է տարածուած, նոյնիսկ մեր ժողովուրդին մէջ, թէ ատիկա վերջնակէտ մըն է. մեզի համար պարզապէս նշումն է կարեւոր ամեակի մը, կլոր ամեակի մէջ, բայց մեր աշխատանքները ո՛չ պիտի սկսին, ոչ ալ պիտի աւարտին 100-ամեակին առիթով, տակաւին երկար պայքար ունինք։ Բնականաբար Հայոց Ցեղասպանութեան իմաստով ամէնէն կարեւոր բաժինը, պատգամը, զոր պէտք քաղենք 100-ամեակին առիթով այն է, որ մենք նայինք ճանաչումէն անդին, իբրեւ կարգախօս ունենալով «Ճանաչումէն հատուցումը», որպէս նոր բացուող էջ։ Այս չի նշանակեր, որ հատուցման պահանջատիրութիւն չունէինք անցեալին, անշուշտ, որ կար, բայց հիմնականը այն էր, որ սկզբունքային մակարդակի վրայ էր, չէր սահմանուած։ Հիմա մեր պարտականութիւնն է ատիկա աւելի որոշակի դարձնել, յստակօրէն ուսումնասիրել օրինական հիմքերը՝ տեսնելու համար, որ թէ՛ պետական իմաստով Հայաստանը ի՛նչ իրաւունքներ ունի, թէ նաեւ կազմակերպական իմաստով ինչե՛ր կան։ Վերջինին առաջին օրինակը եկեղեցիներու հարցն է՝ իբրեւ աշխարհատարած եւ յատուկ իրաւունքներ վայելող կառոյց, արդարեւ, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին պետական իրաւունքներէ անդին ունի իր ինչքերու սեփականութեան խնդիր, վանքերու եւ եկեղեցւոյ պատկանող հսկայական կառոյցներու պահանջ։

Բոլոր նուիրապետական աթոռները այդ հարցը ունին, ունին իրաւունքներ, որոնք միջազգայնականօրէն, ըստ մեզի, օրէնքով ամրագրուած են։ Այս երեսները՝ պետական, հիմնական հայկական կառոյցներու, ժողովրդային արդարութեան, հարցեր են, որոնք ներկայիս կը քննուին, յատուկ թղթածրարներ կը պատրաստուին, որպէսզի պատրաստուած ձեւով  մօտենանք այս հարցին։ Բնականաբար, անկախացած Հայաստանը մեծագոյն կարելիութիւնները կ՚ընծայէ մեզի այս իմաստով, եւ պիտի գայ օրը այդ թղթածրարը ներկայացնելու մանրակրկիտ ձեւով։ Ըսեմ, որ թէ՛ ասկէ մէկուկէս տարի առաջ Լիբանանի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին, եւ թէ վերջերս Պրիւքսէլ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին քննուեցաւ այս օրինական երեսը, եւ այդ ուղղութեամբ հետաքրքրական ելոյթներ ունեցան օտար մասնագէտներ, որոնք նաեւ  մարդկային օրէնքի սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ միջպետական օրէնքներու սահմաններուն մէջ  կը տեսնեն կարելիութիւններ, զորս մենք պէտք է մշակենք, ընդարձակենք եւ գործի վերածենք։  

Հարցազրոյցը՝ վարեց Վահագն Գարագաշեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.