Լուսապայծառ օր մը ազատ անկախ տեսնենք մեր հողերը պապենական…
Դեկտեմբեր 13, 2013ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը 30 նոյեմբեր, 2013-ին, մասնակցեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդականի խորհրդաժողովին` Տիարպէքիրի մէջ: Պատուիրակութեան անդամներն էին Ռուբէն Ճանպազեան եւ Սարգիս Տեկիրմենճեան` Հայաստանէն: Խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւիրուած էին Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ կազմակերպութիւնները: ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները իրենց կոչը ուղղեցին ներկաներուն` նախ հայերէնով, ապա` թրքերէնով: Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ, Առաջին հերթին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններու անունով, կ՛ողջունենք «Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան Երիտասարդական Խորհուրդին անդրանիկ խորհրդաժողովը: Մեծ պատիւ կը զգանք ըլլալու այստեղ՝ Ամէտ, Տիգրանակերտ. Քաղաք մը որ աշխարհասփիւռ հայ ...