Նալբանդեան Հայ-թրքական Յարաբերութիւնները Առանց Նախապայմաններու Յառաջ Տանելու Սկզբունքը Կը Վերահաստատէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) անդամ երկիրներու նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ ունեցաւ մօտ 1.5 ժամ տեւած դռնփակ նիստ մը։ Հանդիպումէն ետք Նալբանդեան յայտնեց, որ Տաւութօղլուին փոխանցած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը առանց նախապայմաններու յառաջ տանելու Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը:

Միւս կողմէ, Տաւութօղլու խուսափեցաւ հայ լրագրողներուն հետ հանդիպելէ եւ մամլոյ ասուլիս տուաւ միայն թրքական լրատուամիջոցներուն:
Թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկէն ուղիղ հաղորդումով սփռած է Տաւութօղլուի ասուլիսը։
Ան խօսած է ՍԾՏՀ նիստին ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր քննարկումներուն մասին: Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ թուրք նախարարը նշած է, որ Նալբանդեանի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուած են հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական անցեալը բաց եւ անկեղծ կերպով քննարկելու, Կովկասի մէջ առկայ խնդիրներուն մնայուն լուծում գտնելու, տարածաշրջանը տնտեսապէս զարգացնելու, Հայաստանի՝ տարածաշրջանային տնտեսական նախագիծերուն անդամակցելու անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցերը: «Անկեղծ հանդիպում էր: Առանց հանդիպելու, խօսելու եւ առկայ խնդիրները քննարկելու կարելի չէ յառաջ երթալ», ըսած է Տաւութօղլուն:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին թուրք լրագրողները միայն երկու հարցում ուղղած են։ Լրագրող մը հարցուցած է, որ նախարար Նալբանդեանի հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուա՞ծ է արդեօք «գրաւեալ երկու շրջանները վերադարձնելու դիմաց հայ-թրքական սահմանը բանալու մասին» Տաւութօղլուի Երեւան այցելելէ առաջ թրքական մամուլին մէջ շրջան ընող լուրին. Տաւութօղլուն պատասխանած է, որ ատիկա թրքական մամուլին կողմէ կատարուած յայտարարութիւն է, որուն անդրադարձած է նաեւ հայկական մամուլը: «Մենք խօսած ենք երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը զարգացնելու մասին», նշած է ան։ Միւս հարցումը կը վերաբերէր ՍԾՏՀ հետագայ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.