Արամ Ա. Այցելեց Հայ Դատի Գրասենեակ Եւ Հանդիպում Ունեցաւ Քոնկրեսական Քեւըն ՄըքՔարթիի Հետ
Սեպտեմբեր 15, 2014ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 12ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակը, ընկերակցութեամբ Օշական արք. Չօլոյեանի՝ առաջնորդ Արեւելեան թեմի, Կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի: ...