Արամ Ա. Օպամային Պարզեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Մտահոգութիւնները


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11ի կէսօրին, Ուաշինկթընի մէջ քրիստոնէական համաժողովին մասնակցող Միջին Արեւելքի Մարոնի, Հայ, Ասորի, Յոյն կաթոլիկ եւ Ասորի կաթոլիկ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Սպիտակ տան մէջ շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպում մը ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նախագահի ապահովական հարցերու խորհրդականը, ինչպէս նաեւ՝ այլ խորհրդականներ:
Պատրիարքներուն առաջարկով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս խօսք առաւ եւ նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց 13 տարիներ առաջ, Սեպտեմբեր 11ին, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն եւ ապա յիշեց, թէ ահաբեկչութիւնը տարբեր ձեւերով ու արտայայտութիւններով կը շարունակուի աշխարհի զանազան շրջաններու ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ շրջանէն ներս հետզհետէ ծաւալ ստացող ահաբեկչական շարժումը միայն վտանգ մը չէ քրիստոնեաներուն, այլ նաեւ իսլամութեան եւ համայն աշխարհին համար, հետեւաբար, այս համամարդկային չարիքը պէտք է դիմագրաւել հաւաքական ճիգերով: Այս ծիրէն ներս, արաբ ու իսլամ պետութիւններու մասնակցութիւնը կենսական է՝ ընդգծեց ան:
Վեհափառը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան՝ ըսելով, թէ քրիստոնեաները եկուոր չեն, երկրորդ կարգի քաղաքացիներ չեն, այլ անոնք իրենց արմատները ունին Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ: Կաթողիկոսը ողջունեց օր մը առաջ նախագահ Օպամային արտասանած խօսքը եւ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը՝ միացեալ ճիգերով կասեցնելու ահաբեկչական շարժումները:
Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքէն ետք, պատրիարքները յաջորդաբար հակիրճ կերպով իրենց մտահոգութիւնները պարզեցին, յատկապէս Իրաքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու կացութեան մասին: Ապա, Ռայի պատրիարքը, նախապէս հոգեւոր պետերուն կողմէ պատրաստուած նամակ մը փոխանցեց նախագահ Օպամային:
Նախագահ Օպամա, իր կարգին խօսք առնելով՝ լայն կերպով անդրադարձաւ իր պատգամին մէջ յիշուած կէտերուն, շեշտելով, թէ խիղճի ազատութիւնը ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան համար կը մնայ առաջնահերթութիւն:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ՄՇԱԿԷ՝
ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՐԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ. ԱՐԱՄ Ա.

Ուաշինկթընի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող միջազգային համագումարին իր խօսքը ուղղելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս Սեպտեմբեր 11ին կարեւորութեամբ շեշտեց համապարփակ ռազմավարութեան ու մարտավարութեան մշակման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը միջազգային համայնքին կողմէ, դիմագրաւելու համար տակաւ ծաւալող ահաբեկչական շարժումները: Վեհափառը, իր դասախօսութեան սկիզբը, հակիրճ կերպով անդրադառնալով կրօնական արժէքներու եւ ուսուցումներու դիւր մեկնաբանութեան վրայ հիմնուած եւ ահաբեկչութեամբ ինքզինք արտայայտող շարժումներուն՝ ընդգծեց զինուորական գործողութիւններէ անդին, յստակ ու ծրագրուած քաղաքականութեան մը որդեգրման կարեւորութիւնը: Կաթողիկոսը յիշեցուց, թէ այն, ինչ կը պատահի Միջին Արեւելքի մէջ, սոսկ քրիստոնեաներուն մտահոգութիւն պատճառող տագնապ մը չէ, Միջին Արեւելքի շրջագիծէն ներս ծաւալող տագնապ մը չէ, նոյնիսկ միայն իսլամութեան առնչուած տագնապ մը չէ, այլ՝ համամարդկային տարողութիւն ու հետեւանք ունեցող տագնապ է, հետեւաբար, համապատասխան մօտեցում պէտք է որդեգրել միջազգային համայնքը ցնցող այս կացութեան դիմաց: Արամ Ա. կաթողիկոս առաջարկեց յստակ ու ծրագրուած ուղղուածութիւն ունեցող գործընթացի մը ճշդումը: Այս ծիրէն ներս, մէկ կողմէ որպէս պայքար ահաբեկչութեան դէմ եւ միւս կողմէ՝ որպէս պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան, վեհափառը պարզեց հետեւեալ կէտերը.
ա. Ժողովրդավարական սկզ-բունքները շրջանէն ներս պէտք է կերառուին հանգրուանային մօտեցումով եւ նկատի ունենալով շրջանին իւրայատկութիւնները:
բ. Յարգել եւ հետապնդել բազմակրօն ու բազմամշակութային ընկերութեան պաշտպանութիւնը՝ զայն նաեւ հիմնաւորելով սահմանադրական օրէնքներով:
գ. Ամրապնդել Միաստուածեան կրօններուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը՝ ընդհանրական ու հասարակաց հարցերու շուրջ:
դ. Արեւմտեան երկիրներու եւ արաբական ու իսլամական երկիրներու գործօն մասնակցութեամբ, մշակել այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ ներառէ կարճաշունչ ու երկարաշունչ ծրագիրներ եւ գործընթացներ, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսական, քաղաքական ու զինուորական միջոցառումներ:
ե. Սփիւռքի քրիստոնեայ համայնքներու զօրակցութեան տալ գործնական ու շօշափելի արտայատութիւն՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն նկատմամբ:
Վեհափառը յիշեցուց. «Ուաշինկթըն չենք եկած Արեւմուտքի զօրակցութիւնը խնդրելու, այլ եկած ենք յիշեցնելու, թէ կրօններ ու պետութիւններ պէտք է միասնաբար դիմագրաւեն ահաբեկչութիւնը, որ համամարդկային չարիք է»:
Վեհափառը նաեւ շեշտեց, որ իսլամ երկիրներ եւ քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներ պէտք է գտնուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջին գիծին վրայ՝ նկատի ունենալով իսլամական կրօնքի շահագործումը ծայրայեղական շարժումներուն կողմէ:
Սեպտեմբեր 11ի առաւօտեան, յաջորդաբար դասախօսեցին Միջին Արեւելքէն ժամանած հինգ պատրիարքները: Արամ Ա. կաթողիկոսի դասախօսութեամբ համագումարը եզրակացուց իր օրակարգի կարեւորագոյն բաժինը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.