ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 42-րդ Պատգամաւորական Ժողով


ՀՅԴ ԳԵՄ-ի (Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն) 42-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 5-6 Սեպտեմբեր 2014-ին, Գէմպրիճի մէջ: Ներկայ էին 30 պատգամաւորներ Գանատայի զանազան քաղաքներէն՝ ներկայացնելով ԳԵՄ-ի 8 մասնաճիւղերը՝ «Սիմոն Զաւարեան» Թորոնթօ, «Լեւոն Շանթ» Մոնթրէալ, «Բեկոր Աշոտ» Լաւալ, «Արամ Մանուկեան» Գէմպրիճ, «Քեռի» Ուինզըր, «Յառաջ» Սէնթ Գաթրինզ, «Արշաւիր Շիրակեան» Վանգուվըր եւ «Արարատ» Համիլթըն: Ժողովին հիւրաբար նաեւ մասնակցեցան ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան ներկայացուցիչը եւ ՀՅԴ Գանատայի Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի ներկայացուցիչը:

Պատգամաւորական Ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին ԳԵՄ-ի կազմակերպած Վանաձորի Ամառնային Ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթը, քաղաքական գործունէութիւնը եւ Գանատահայ երիտասարդութիւնը:

Ժողովը հաստատեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ ԳԵՄ-ը կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ, բայց եւ այնպէս վերջին տարիներու ընթացքին միութիւնը արձանագրած է յառաջխաղացք՝ ընդլայնելով շարքերու թիւը, անդամներու աշխուժութիւն ու գործունէութեան դաշտի ծաւալը:

Հայրենիքի մէջ միութեան իրագործած գլխաւոր ծրագիրն է Վանաձորի Ճամբարը, որ կը համախմբէ եւ կը դաստիարակէ երկու հարիւրէ աւելի վանաձորցի պատանիներ, որոնք կը ստանան անգլերէնի, Հայոց պատմութեան եւ եւ համակարգիչի դասընթացքներ: Ժողովը առաջադրեց ընդլայնել Ճամբարի ծրագիրը, եւ յառաջացնել երկրորդ ճամբար մը Լոռիի մարզի այլ բնակավայրի մը մէջ:

Նախորդ տարեշրջանին հրատարակուեցան ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արծիւ» Պաշտօնաթերթի երեք թիւեր ինչպէս նաեւ վերամշակուած արդիական կայքէջ մը, որոնց էջերուն մէջ արծարծուեցան ԳԵՄ-ականն ու ընդհանրապէս Գանատահայ երիտասարդը յուզող հարցեր: Քարոզչական գետնի վրայ պաշտօնաթերթը գանատահայ երիտասարդութեան աւելի հասանելի դարձնելու համար՝ ժողովը թերթը տարածելու եւ սփռելու նոր միջոցներ որդեգրելու առաջարկներ կատարեց:

Միութեան քաղաղական գործունէութեան ծիրէն ներս, ժողովը առաջարկներ կատարեց Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ ու առաջարկուեցան Արցախին անմիջականօրէն օժանդակելու համապարփակ ծրագիրներ:

Այլ գետնի վրայ, ՀՅԴ ԳԵՄ-ը Ցեղասպանութեան 100-ամեակի երիտասարդական յանձնախումբին մաս կազմելով, ժողովը որոշեց աջակցիլ 100-ամեակի բոլոր ծրագիրներուն։

Վերջապէս, պատգամաւորները արծարծեցին միութեանս դիմագրաւած բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները եւ անդամները խրախուսելու ու նոր անդամներ ներգրաւելու միջոցները: Ժողովականները մշակեցին յառաջիկայ տարեշրջանի ընդհանուր ծրագիրը:

Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ 2014-2015 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմը:

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Պատգամաւորական Ժողով

2014-2015, Գէմպրիճ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.