Ատրպէյճանը Իրանին Միացնելու Քննարկում՝ Իրանի Խորհրդարանին Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա», «Արմէնփրէս».- Իրանցի խորհրդարանականներ Թուրքմենչայի պայմանագիրը վերանայելու մասին օրինագիծ մը սկսած են մշակելու. այս մասին կը տեղեկացնէ պատգամաւոր Քամալետտին Փիրմոազան, իրանեան «Ֆարս» լրատուական գործակալութեան իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին: Ան մանրամասնած է, թէ իրենց պատրաստելիք օրինագիծի վաւերացման պարագային՝ Ատրպէյճան կրնայ միացուիլ Իրանին:
Յիշեցնենք, որ Մարտ 30ին, «Հարաւային Ատրպէյճանի ազգային ազատագրական ճակատ» կոչուող կազմակերպութիւնը Պաքուի մէջ գումարած էր նիստ մը, որուն ընթացքին Իրանի տարածքային ամբողջականութիւնը խարխլելու կապակցութեամբ կոչեր կատարուած էին: Ի պատասխան՝ Իրան բողոքագիր մը յղած էր Ատրպէյճանի իշխանութեանց:
Նաեւ, Իրանի խորհրդարանի Արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային ապահովութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ալաէտտին Պորուճերտի, անդրադառնալով իրանեան տարածքներուն նկատմամբ Պաքուի նկրտումներուն՝ յայտարարած էր, որ եթէ տարածքներու միաւորման հարց յառաջանայ, ապա Ատրպէյճանի հանրապետութիւնն է, որ պէտք է միանայ Իրանին եւ ոչ թէ հակառակը:
Միւս կողմէ, ատրպէյճանական «Haqqin.az» կայքը կը հաղորդէ, թէ ատրպէյճանական «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութեան անդամ Սիյավուշ Նովրուզով յայտարարած է, թէ Թուրքմենչայի պայմանագիրի վերանայման պարագային՝ տեղի պիտի ունենայ «ատրպէյճանական բոլոր տարածքներու միաւորումը՝ ատրպէյճանական պետութեան կազմին մէջ»:
«Անա Վաթան» կուսակցութեան պետ Ֆազայիլ Աղամալը եւս յայտարարած է, որ եթէ Թուրքմենչայի պայմանագիրը վերաքննութեան ենթարկուի, ապա կարելի կ՛ըլլայ «Հիւսիսային եւ Հարաւային Ատրպէյճանները միացնել: Թուրքմենչայի պայմանագիրի վերաքննութենէն պիտի օգտուի Ատրպէյճանը եւ ոչ թէ Իրանը:
Իր կարգին, «Մուսաւաթ» կուսակցութեան փոխնախագահ Արիֆ Կաճիլի ընդգծած է, որ մօտիկ ապագային «Ատրպէյճանի երկու հատուածները պիտի վերամիանան»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.