Եւրոխորհրդարան-Հայաստան Բարեկամութեան Խումբ Կը Ստեղծուի

 

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- 9 Յունուար 2013ին, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի շէնքէն ներս, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Եւրոպական խորհրդարան-Հայաստան բարեկամական խումբի ստեղծումը, նախագահութեամբ դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի (Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս), եւ ներկայութեամբ ՀՀ Ազգային ժողովի 25անդամ պատուիրակութեան մը, նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ:
Բարեկամութեան խումբի ստեղծման ներկայ էր նաեւ Եւրոմիութեան կրթութեան, մշակոյթի, բազմալեզուականութեան եւ երիտասարդական հարցերու յանձնակատար տիկին Անտրուլա Վասիլիու: Բացումի պաշտօնական խօսքերուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը, ներկայ պելճիքահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ անձնաւորութիւններուն համար:
Եւրոպական խորհրդարան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ստեղծման գաղափարը յղացաւ Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակը, եւ Եւրոմիութեան մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ, եւ դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի անվերապահ համաձայնութեամբ ստանձնելու խումբի պատասխանատուութիւնն ու նախագահութիւնը, յաջողութեան հասաւ սոյն նախաձեռնութիւնը:

Եւրոխորհրդարան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Էլենի Թէոխարուս իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ան մեծ պատուով ստանձնած է սոյն պաշտօնը, որ իրար աւելի մօտ պիտի բերէ Եւրոմիութիւնն ու Հայաստանը, եւ թէ այս խումբը Հայաստանի դէպի Եւրոմիութիւն ճամբան աւելի լայն կը բանայ: Ան շարունակելով ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը անցեալին եղած է ցեղասպանութեան զոհ Թուրքիոյ կողմէ, ճնշուած՝ Խորհրդային կարգերու կողմէ եւ ինքզինք ազատած ազերի լուծէն՝ Արցախի անկախութեամբ: Թէոխարուս իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ հայկական մշակոյթով, երաժշտութեամբ, արուեստով ու բանաստեղծութեամբ եւ Մասիսներու կախարդական ներկայութեամբ մենք հոգեպէս միա՛յն կը հարստանանք:
Ապա, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, իր խօսքով բարձր գնահատեց այս խումբին կազմութիւնը, որ աւելի պիտի խթանէ Եւրոմիութիւն-Հայաստան կապերը, որոնք ներկայիս արդէն կը գտնուին ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ: ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը նշեց Հայաստանի կառուցողական մասնակցութիւնը Եւրոպական միութեան զանազան ծրագիրներուն, ինչպիսին են Արեւելեան հարեւանութիւնը, Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովը, ներկայիս ընթացքի մէջ եղող եւ գրեթէ իր աւարտին հասնելիք Եւորմիութիւն-Հայաստան համագործակցութեան համաձայնագիրը եւ խոր ու համապարփակ առեւտրական ազատ գօտիի համաձայնագիրն ու վիզաներու ազատ համակարգը: Պարոն Յովիկ Աբրահամեան յատկապէս նշեց Ատրպէյճանի ապատեղեկատուութիւնը Եւրոմիութեան շրջանակներէն ներս, եւ թէ բարեկամութեան խումբի անդամները իրենց կարելին կ՛ընեն ու պիտի ընեն բացայայտելու իրականութիւնը որպէսզի ճիշդ կողմնորոշուի Եւրոխորհրդարանը:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունելով խումբի կազմութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երեսունէ աւելի եւրոերեսփոխաններ ընդունած են մաս կազմել բարեկամութեան այս խումբին, որոնց կարեւոր մէկ մասը ներկայ էր եւ ստորագրութեամբ վաւերացուց իր մասնակցութիւնը, իսկ պիտի շարունակուի աշխատանքը ապահովելու համար այլ եւրոերեսփոխաններու անդամակցութիւնը: Գասպար Կարապետեան բարձր գնատահատելով Էլենի Թէոխարուս-ՀՀ դեսպանատուն-Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակ համագործակցութիւնը, իր վստահութիւնը յայտնեց, թէ այս խումբը պիտի ունենայ յաջող աշխատանքային ծրագիր եւ գործունէութիւն, ա՛լ աւելի մօտ բերելով Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը՝ խորհրդարաններու ճամբով:
«Ծրագրի մէջ է Եւրոպական խորհրդարանի անդամներու այցը Հայաստան եւ Արցախ», ըսաւ Կարապետեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.