Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի հայ համայնքը 42 հազար եւրօ կը հանգանակէ Արցախին
1311
0
Հոլանտական քանի մը հայ համայնքներ ու կազմակերպութիւններ իրենց օգնութիւնը ցուցաբերած են Արցախին:
«Նիտերլանտական օրագիրի» փոխանցմամբ` անցած կիրակի Ալմելոյի Հայ Առաքելական Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան կարգ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածներու հոգիներուն համար: Այս կապակցութեամբ բացուած բարեգործական հիմնադրամին, բացի Ալմելոյի տարբեր հայկական կազմակերպութիւններէն’ իրենց օժանդակութիւնը ցուցաբերած են նաեւ Նայմեխէն քաղաքի «Միացիալ հայերը Հոլանտայի մէջ» կազմակերպութեան անդամները: Արդէն հանգանակուած է աւելի քան 42 հազար եւրօ: