Թուրքիոյ նախագահին յղուած Արամ Արք. Աթէ֊շեանի նամակը անընդունելի է Ս. Էջմիածինի համար
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Յունիս 28-30ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով:
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը ընդունելի չէ համարած Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի արտայայտած կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին առջեւ:
«Նիուզ»ի լրագրողի հարցումին ի պատասխան՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Վահրամ Քահանայ Մելիքեան յայտնեց, որ «Ժողովի օրակարգում ի թիւս այլ հարցերի, այո՛, ընդգրկուած էր Բունդեսթագի որոշման առիթով Կ. Պոլսի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ գերաշնորհ Արամ Արք. Աթէշեանի կողմից Թուրքիայի նախագահ Էրդողանին ուղղուած նամակի հարցը, ինչպէս նաեւ այդ առնչութեամբ արտայայտուած ընդվզումներն ու բողոքները: Խնդիրը քննարկուեց:
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը, նկատի ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրի առնչութեամբ Պատրիարքարանի վրայ առկայ ճնշումները եւ այն ծանր կացութիւնը, որում հայ եկեղեցականները գործում են Թուրքիայում, այդուհանդերձ ընդունելի չհամարեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի արտայայտած կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակների յիշատակի առջեւ՝ յորդորելով նման պարագաներում առաւել զգուշաւորութիւն հանդէս բերել՝ չստեղծելու այսօրինակ վիճակներ»:
Էջմիածնի տեղեկատուական գրասենեակէն ժողովին մասին լոյս տեսած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ «Ժողովում քննութեան առնուեցին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններին, ներ-եկեղեցական կեանքին եւ եկեղեցական ժողովական կառոյցներին վերաբերող հարցեր: Ժողովի ընթացքում մասնաւոր անդրադարձ կատարուեց Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի այցելութեանը Հայաստան», որ անցաւ «հոգեւոր ջերմ մթնոլորտում»:
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները ուրախութեամբ արձանագրեցին, որ Ֆրանչիսկոս Պապի եռօրեայ այցը Հայաստան լաւագոյն վկայութիւնն էր Հայաստանեայց Առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներուն միջեւ առկայ եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան: Ժողովականները նաեւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին այցի կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած եղած էին կազմակերպչական աշխատանքներուն: