Համշէնահայ ռօք երգիչը հրապարակած է նոր ալպոմ` «Համշէնի եայլաներ» վերնագրով

 

Իր հայ ըլլալուն մասին 40 տարեկանին իմացած յայտնի համշէնահայ ռօք երգիչը հրապարակած է նոր ալպոմ` «Համշէնի եայլաներ» վերնագրով

 Յայտնի համշէնահայ ռօք երգիչ Եաշար Քուրթը, որ իր հայ ըլլալուն մասին 40 տարեկանին իմացեր էր, հրապարակած է նոր ալպոմ` «Համշէնի եայլաներ» վերնագրով: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթաթերթը:

Եաշար Քուրթը իր հետ հարցազրոյց վարած «Ակօս»-ի լրագրող Վարդան Էսթուքեանին յայտնած է, թէ 5 տարուան ընդմիջումէն ետք հրապարակած «Համշէնի եայլաներ» ալպոմի երգերուն մէջ կ’արտացոլան իր արմատներուն հետքերը, սեւծովեան շրջանի մեղեդիները:

Յատկապէս վերջին շրջանին համշէնեան մշակոյթի եւ հայոց լեզուի Համշէնի բարբառին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կը նկատուի: Ինչպէս նշեր է Եաշար Քուրթը, թէեւ ինքը փոքր հասակէն յաճախ եղած է իր ծննդավայր Ռիզէ գիւղը, սակայն համշէնական մշակոյթին հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը վերջին տարիներուն աւելի աճեր է:

Համշէնահայ երգիչը հարցազրոյցին ընթացքին ափսոսանք յայտնած է, որ նոր ալպոմին մէջ համշէներէնով ոչ մէկ երգ տեղ գտած է, քանի որ ինքը ծագմամբ Ռիզէէն ըլլալով եւ համեմատաբար երիտասարդ` չէ տիրապետած հայոց լեզուի Համշէնի բարբառին:

Եաշար Քուրթը այս առնչութեամբ նշած է. «Ափսոս, որ երիտասարդ սերունդը այլեւս չի տիրապետեր համշէներէնին: Գիտցողներն ալ այդ լեզուն խիստ հազուադէպ պարագաներու կ’օգտագործեն: Համշէներէնին կը դիմեն միմիայն վրդովելու կամ կատակ ընելու ժամանակ: Չեմ կրնար ըսել, թէ երբեք չեմ լսած իմ մայրենիս, սակայն իմ լսած երգերուս մեծ մասը թրքերէն եղած են: Վերջերս, համշէներէնով երգեր ներկայացնող «Վովա» խումբի եւ Այշէնուր Քոլիվարի հետ միասին մտածեցինք, որ լաւ գաղափար կ’ըլլայ համշէներէնով համատեղ երգեր ներկայացնելը: Ո՞վ գիտէ, գուցէ ապագային հայերէնով կամ համշէներէնով ալ ալպոմ մը հրապարակեմ»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.