ԱԺ Պատուոյ Մետալ` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակին

 

ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանի Ապրիլ 18-ի կարգադրութեամբ Մայիսի 12-ին հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար ՀՀ ԱԺ պատուոյ մետալ շնորհուած է “Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն” կուսակցութեան Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին: Բարձր պարգեւը ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանին յանձնած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը  տեղեկանայ ՀՀ ԱԺ մամուլի ծառայութենէն:

ԱԺ փոխնախագահը շնորհաւորած եւ երախտիքի խօսք յայտնած է պարոն Կարապետեանին ու յանձնախումբի անդամներուն ծաւալած հայանպաստ ակնառու գործունէութեան համար: Ան բարձր է գնահատած է յանձնախումբի կատարած աշխատանքը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի միջազգային ճանաչման եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Որպէս ԵԽԽՎ-ի մէջ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար` Հ. Նաղդալեան առանձնակի կարեւորած է այն աջակցութիւնը, զոր կը ցուցաբերէ յանձնախումբը եւրոպական միջազգային կառոյցներէն ներս մեր երկիրը ներկայացնող պատուիրակութիւններուն:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի անդամներու անունով շնորհակալութիւն յայտնելով ԱԺ բարձր պարգեւին արժանանալու համար` Գասպար Կարապետեան ընդգծած է, որ իրենք պիտի շարունակեն արդար պայքարը ճշմարտութիւնն աշխարհին ներկայացնելու ուղղութեամբ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.