Ատրպէյճանցի երգչուհի Հատիսէի եռագոյնի գոյներով հագուստը զայրոյթ պատճառեց ազերիներուն


ԷրմէնիՀապէր. Մարմարա- Երգչուհի Հատիսէ որ այս օրերուն որպէս դատակազմի անդամ հանդէս կուգայ »Մանկական ձայն« հեռատեսիլային մրցումի մէջ, հայոց եռագոյնի գոյներով իր զգեստի պատճառով արժանացաւ ազերիներու բողոքի արտայայտութիւններուն ու զայրոյթին։ Հարցը սա է, Հատիսէ մրցումին մասնակցած է գծաւոր զգեստով մը, որու վրայ ուշադրութիւն կը գրաւէր Հայաստանի եռագոյն դրօշը յիշեցնող գունային հորիզոնական շերտերու ¤նարնջագոյն, կապոյտ, կարմիր¥ յաջորդականութիւնը։

 Հայկական դրօշի գոյներով զգեստը չվրիպեցաւ ազերիներու ուշադրութիւնէն ու ատրպէյճանական մամուլը լայնօրէն քննարկեցին ու քննադատեցին երգչուհին։ Այս զգեստը դարձաւ ատրպէյճանական մամուլի օրակարգի հարցը ու ընկերային ցանցերը ողողվեցան ծանր վիրաւորանգներով։

 Փոխադարձելով այդ քննադատութիւններուն, Հատիսէ գրառումներ ըրաւ ընկերային ցանցերու մէջ ու նշեց որ սովորաբար չ՛արձագանգեր իր հասցէին հնչած խօսքերուն ու կը նախընտրէ լռել, քան թէ տգէտներու հետ տգիտանալ։ Դիմելով մասնաւորաբար »փոքրոգի այն մարդոց, որոնք իր թրքական ինքնութեան վերաբերեալ անհիմն մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն«, Հատիսէ գրեց. «Դուք չէք կրնար իմ հագած զգեստը մեկնաբանել ձեր անմիտ, անմարդկային, հիւանդագին երեւակայութեան ուժով»։ Երգչուհին զինքը վիրաւորած ազերիներուն ձօնեց հետեւեալ տողերը.

 «Մի՛ խաբուիր տգէտի դատարկ խօսքերէն,

Յետամնացը տեղով կեղծիք է

Եթէ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհին ալ տիրէ

Միտքը, թիրախը եւ ուղին՝ կեղծիքն է»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.