Փայփայենք ձեռք բերուած միասնութիւնը


Եթէ ազգը բանակ է դառնում, հնարաւոր չէ նրան ծնկի բերել

Գարեգին Նժդեհ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Անվիճելի իրականութիւն է, որ պատերազմական այս օրերու ընթացքին Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը մէկ բռունցք դարձաւ` համախմբուած անպարտելի ուժ, որուն դէմ անզօր գտնուեցաւ թշնամին իր բոլոր նենգութիւններով հանդերձ:

Իսկապէս իւրօրինակ ազգ ենք. պատերազմական օրերուն կը վերադառնանք հայրենիք, կը միանանք ալեհեր, նախկին ազատամարտիկներուն, փորձառու, անփորձ, սակայն պատրաստակամ կամաւորներուն, որոնք զուռնա-դհոլի ուղեկցութեամբ կը մեկնին ճակատ` երիտասարդ զինուորի կողքին ըլլալու եւ մահն անգամ անտեսելով` նուիրուելու Հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին:

Համայն հայութիւնը, մեծ ու փոքր համայնքները, մեծաթիւ ու երբեմն միայնակ իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն` կանգնեցնելու ազերիական վոհմակի քրէական գործելաոճն ու ռազմական յանցագործութիւնները:

Օրերու ընթացքին համախմբուած հայութիւնը դրամական միջոցներ հայթայթեց եւ կը շարունակէ այդ գործընթացը` աջակցելու պաշտպանութեան բանակի սպառազինման, ինչպէս նաեւ վիրաւոր, զոհուած զինուորներու եւ պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն:

Անօրինակ սխրանք արձանագրուեցաւ նաեւ լրատուական դաշտէն ներս, լրագրողներու մեծ խումբ մը մարտի դաշտ մեկնեցաւ: Անոնք ոչ միայն իրենց հրապարակումներով բանակի եւ ժողովուրդի ոգին բարձրացրուցին, այլեւ իրավիճակի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու, հայութեան յուսադրող նիւթեր տրամադրելու համար անոնք անվախ կերպով խրամատի մէջ էին` մեր հերոս ու հերոսացող զինուորներու կողքին:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այս պահուն ամենաէականը մեր համախմբուած ըլլալն է, պէտք է ամէն գնով փայփայենք ձեռք բերուած միասնական ոգին, որուն գինը, ինչ խօսք, շատ թանկ վճարեցինք` տասնեակ երիտասարդ կեանքեր զոհուեցան հայրենիքի անկախութիւնն ու սահմանները անխախտ պահելու համար: Յանուն այդ գարուն ու անմահ կեանքերուն` մնանք բռունցքուած, շարունակենք ողջ ազգով ծառայել մեր բանակին. այդպէս միայն կրնանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ մնալ անպարտելի:

Ցաւօք, Արցախի հարցը դեռ վերջնականապէս չէ լուծուած, ԼՂՀ-ն միջազգայնօրէն դեռ չէ ճանչցուած, ուրեմն մեր ուժը եւ հնարաւորութիւնները ներդնենք մեր պետութեան հզօրացման յառաջընթացի համար, քանզի հզօր պետութիւնն է մեր անվտանգութեան երաշխաւորը: Մենք ազգովի կը մնանք բանակ այնքան ժամանակ, քանի դեռ միասնաբար չենք լուծած մեր ազգային գերխնդիրները:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն   


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.