Պելճիքայի խորհրդարանի անդամներ կ՚այցելեն Արցախ


​​

 

Երկուշաբթի, մարտ 14-էն սկսեալ, Պելճիքայի Ֆլանտրիայի շրջանի խորհրդարանի անդամներ Քարիմ ֆան Օֆըրմէյրէ, Ուարտ Քեննես, Մարք Հենտրիքս եւ Քարլ ֆանլոուվը (նաեւ՝ Պելճիքայի Սենատի առաջին փոխ նախագահ) կը գտնուին Արցախ, ուր ունեցան եւ կ’ունենան զանազան հանդիպումներո Արցախի քաղաքական, հասարակական, կրօնական եւ կրթական շրջանակներու հետ: Պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Ֆլանտրիայի Աալսթ քաղաքի դպրոցներէն պատմութեան եւ հոլանտերէնի լեզուի երկու ուսուցչուհիներ, ինչպէս նաեւ «Քոլեճ օֆ Եուրոփ»ի փրոֆեսէօր՝ Փօլ Մէյրց: Պատուիրակութեան աշխատանքները կը համադրէ Հեղինե Էվինյան՝ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի Եւրոմիութեան հարցերով պատասխանատուն. Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբէն կը մասնակցին Աշխեն Ֆիքսովա եւ Ատանա Քոթանջյան: Պատուիրակութեան կ’ընկերակցի ՀՀ ԱԺ անդամ՝ Թեւան Պօղոսեանը:

Այսօր առաւօտ, պատուիրակութիւնը այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակներ զետեղեց զոհերու յիշատակին: Ապա՝ պատուիրակութիւնը բաժնուեցաւ երկու մասի, ուսուցչուհիները այցելեցին Ստեփանակերտի դպրոցներ ուր հանդիպումներ ունեցան աշակերտութեան հետ: Այցելութիւն կը նախատեսուի նաեւ Արցախի պետական համալսարան, ուր փրոֆեսէօր Մէյրց պիտի ներկայացնէ «միջազգային բանակցային գործընթաց» նիւթը, ինչպէս նաեւ՝ Թումօ կեդրոն:

ԼՂՀ Ազգային ժողովի սրահին մէջ օրէնսդիր, գործադիր եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ լայն հանդիպում մը, որուն ընթացքին Ա. Ղուլեան կարեւորեց Ֆլանտրիայի ինքնութեան պահպանման ուղղուած հետեւողական պայքարը, որ ի տարբերութիւն Հարաւային Կովկասին, կ’արտայայտուի քաղաքակիրթ երկխօսութեան միջոցով:

Քարլ ֆանլոուվը անդրադառնալով Ֆլանտրիայի եւ Արցախի ժողովուրդներու ազգային ինքնութեան պահպանման համար պայքարին, ըսաւ «չեմ կրնար համեմատել ինքնութեան համար Ֆլանտրիայի խաղաղ պայքարը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին հետ: Դժուար է պատկերացնել, որ նման հանդիպում մը շուրջ երեսուն տարի առաջ կարելի չէր կազմակերպել այն պատճառով միայն, որ հոս պատերազմ էր»: Պելճքայի Սենատի առաջին փոխ նախագահը կարեւորեց նաեւ ժողովրդավարութեան եւ ինքնութեան արժէքներու՝ քաղաքականութեան մէջ ունեցած նշանակութիւնը:

Իր կարգին, Քարիմ ֆան Օֆըրմէյրէ նշեց, որ այս այցելութիւնը կը խորհրդանշէ այն համակրանքը, որ իրենք ունին Արցախի՝ երիտասարդ ժողովրդավարութեան հանդէպ: «Արցախը ոչ միայն Հայաստանի ամրոցն է, այլ նաեւ՝ Եւրոպայի» ըսաւ ան: Ուարտ Քեննեսի խօսքերով՝ Արցախը քրիտոնեայ աշխարհի մէկ մասն է, որուն ան եւս կը պատկանի: Իսկ Մարք Հենտրիքս, Ֆլանտրիայի Մեխելեն քաղաքի փոխքաղաքապետ, նշեց Մեխելենի հայ համայնքին ունեցած դերը եւ հնարաւոր համագործակցութիւնը:

Արծարծուած են նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հնարաւոր կարելիութիւնները:

Աւելի ուշ այսօր, պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակո Սահակյանի եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսյանի հետ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.