Քաղաքական Նոր Դաշտը՝ Նոր Կարգուսարքով


ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մօտաւորապէս 25 տարի իր գոյութիւնը քաշքշելէ ետք, ՀՀ կառավարման ներկայ համակարգը մտած է որակական փոփոխութեան նոր փուլ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի անկախութեան առաջին իսկ օրերէն, պնդած էր խորհրդարանակա՛ն համակարգի մը անհրաժեշտութեան վրայ: Այդ պնդումները մնացած էին ապարդիւն: Այս «ռազմադաշտին» վրայ, Դաշնակցութիւնը փաստօրէն պարտուեցաւ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը մնայուն կերպով ջատագովը եղած էր նաեւ համամասնակա՛ն ընտրական դրութեան (կուսակցութիւններու ցանկերով): Այդ դաշտին մէջ մենք երկար կռիւ մղեցինք, սակայն այդ կռիւը միայն մասնակի յաջողութիւն ունեցաւ: Այսինքն, մեծամասնականով (անհատական թեկնածութիւն) ընտրուելիք պատգամաւորներուն թիւը պարզապէս… նուազեցաւ:

Հիմա այլեւս ունինք նոր սահմանադրութիւն մը, որ ոչ միայն կառավարման համակարգը նախագահականէն խորհրդարանականին կը վերածէ, ոչ միայն կը ջնջէ մեծամասնական ընտրակարգը, այլ նաեւ ընդդիմութեան կու տայ իշխանութեան որոշումներուն վրայ ազդելու լծակներ:

Տխրահռչակ փրոթոգոլներու ստորագրումին հետեւանքով ընդդիմադիր դաշտ անցած Դաշնակցութիւնը, այս անցնող քանի մը տարիներուն ընթացքին, անդադար փորձեց նոր գաղափարներ առաջադրել, նոր այլընտրանքներ ներկայացնել: Այս ճիգերուն օրինակներէն էին այն բանակցութիւնները, որոնք սկսան նախագահական վերջին ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, մէկ կողմէ իշխանութեան ներկայացուցիչ Յովիկ Աբրահամեանի (այդ օրերուն ԱԺի նախագահ)եւ միւս կողմէ ՀՅԴի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի եւ «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչ Ռուբէն Յակոբեանի միջեւ: Այս բանակցութիւնները կը միտէին քաղաքական բարեկարգումներու կապուած զիջումներ պարտադրել իշխանութեան՝ վերջին նախագահական ընտրութիւններու լոյսին տակ: Այս ճիգերը ձախողութեան մատնուեցան պարզ այն պատճառով, որ «Ժառանգութեան» ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, թէ ինք ոչ մէկ կապ ունի բանակցութիւններուն հետ՝ դիւրացնելով իշխանութիւններուն գործը. որովհետեւ, հանրայայտ ճշմարտութիւն է, որ ոչ մէկ իշխանութիւն կամաւոր կերպով, «խաղով ու պարով» զիջումներ կը կատարէ: Եւ ուրեմն, ամէն մարդ վերադարձաւ իր խրամատները…

Դարձեալ, ՀՅ Դաշնակցութեան թափած ճիգերուն ամենացայտուն օրինակը 7 կէտերն էին, որոնց շուրջ ալ ան փորձեց ընդդիմութեան մօտ համախոհութիւն յառաջացնել՝ միաժամանակ յայտարարելով, որ այս 7 կէտերը քարի վրայ փորագրուած մարաց ու պարսից օրէնքները չեն… եւ ենթակայ են բաց քննարկումի:

Հոս եւս Դաշնակցութեան խոփը քարի հանդիպեցաւ, երբ ընդդիմադիր կողմերէն ոմանք «չեմ ու չում»ի կեցուածք որդեգրեցին: Բայց Դաշնակցութիւնը մնաց կառչած այլընտրանքներ ու լուծումներ առաջադրելու իր սկզբունքային վարքագիծին:

Հասաւ պահ մը, երբ այս սկզբունքային կեցուածքը տուաւ իր արդիւնքը, մօտաւորապէս տարի մը առաջ, երբ ստեղծուեցաւ քաղաքական նոր տեսակի եւ վախազդու տագնապ մը՝ նախագահին եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի միջեւ: Կարգ մը միջամտութիւններու շնորհիւ, Հայաստանին խնայուեցաւ ներքին բախումը, որուն հետեւանքները կրնային շատ սուղ արժել բոլորիս: Դաշնակցութիւնը բնականաբար կը գտնուէր միջամտողներու շարքին, որովհետեւ պետութեան եւ պետականութեան գոյութիւնը կարելի չէ վտանգի ենթարկել: Հոն մէկը պէտք էր կարմիր «stop !» նշանը բարձրացնէր:

Այս յօդուածագիրին համաձայն՝ իշխանութեան վերին օղակներուն մօտ (յատկապէս ՀՀ նախագահին մօտ) մտածողութեան ու մօտեցումի անկիւնադարձ մը ստեղծուեցաւ: Եւ այս անկիւնադարձով կը բացատրուի երկրի կառավարման համակարգը նախագահականէն խորհրդարանականի վերածելու՝ նախագահին կեցուածքը:

Դաշնակցութիւնը ողջունեց կեցուածքի այս փոփոխութիւնը եւ անցաւ նոր սահմանադրութեան նախագիծի քննարկումներուն ու քարոզչութեան, որպէսզի հանրաքուէով կարելի ըլլար երկիրը օժտել կառավարման աւելի արդիւնաւէտ համակարգով մը:

Հանրաքուէն տեղի ունեցաւ. ցաւագին՝ ինչպէս նախորդ բոլոր ընտրութիւնները:

Բայց անգամ մը, որ անցաւ, ի՞նչ պէտք էր ընել: Ձեռնածալ, մէկ կողմ քաշուած սպասե՞լ նոր զարգացումներուն (դիւրին ձեւը), թէ պետութիւնն ու երկիրը նախապատրաստել համակարգային փոփոխութիւններուն, լծուիլ ներքին վիրաւոր իրավիճակի աստիճանական ու խորքային դարմանումին, միաժամանակ, ժողովուրդին աչքին «նոյնանալով» անոր անվստահութեան ու հակակրանքին արժանացած իշխանութիւններուն հետ ու զուգահեռաբար փորձել բարեփոխումներ իրագործել նոյնինքն ժողովուրդին կեանքէն ներս (դժուարին ուղին):

Հիմա մեր երկիրը կը գտնուի բարեփոխումներու նախօրեակին: Նոր որակի պետութիւն մը կառուցելու նախնական քայլերն են որ կ՛առնուին եւ ասիկա պատմական պատեհութիւն մըն է Հայաստանի ու հայութեան համար: Յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին, կան երկու լուրջ փուլեր, որոնք մաս կը կազմեն այս գործընթացին: Առաջինը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններն են (որոնք պիտի կայանան բացառաբար համամասնական, կուսակցական ընտրացուցակներով), իսկ երկրորդը նախագահի պաշտօնավարութեան աւարտն է: Այս բոլորին այլընտրանքը մէկդի նստելով «մեր բախտը» անիծելն ու հայհոյելը չէ:    Նոյնիսկ ոչ իշխանական ուժերը դերակատարութիւն պէտք է ունենան, թեկուզ իրենց կառոյցները եւ վարքագիծը նոր կառուցուելիք համակարգին պատշաճեցնելու գնով: Դերակատարութիւն պէտք է ունենան Սփիւռքի բոլոր շերտաւորումները եւս, որովհետեւ ասիկա միութեան մը նոր վարչութիւն ընտրելու չի նմանիր: Ասիկա պետութիւն է, որ կը բանի բոլորովին տարբեր տրամաբանութեամբ: Ասիկա քաղաքական նոր դաշտ մըն է, ամբողջովին նոր կարգուսարքով ու կանոններով:

Ստեղծուած է բարեշրջումի այնպիսի նոր պատեհութիւն մը, զոր վատնելը ճակատագրական կրնայ ըլլալ Հայաստանի ու հայութեան համար:

Տակաւին չենք խօսիր արտաքին վտանգներուն մասին:

Ապագան ցոյց պիտի տայ, թէ հաւաքաբար ի՞նչ որակի քաղաքական հասունութիւն պիտի ցուցաբերենք:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.