Քեմալ Եալչընի նոր վէպը՝ «Վերապրողները»


Օրերս լոյս տեսած այս  վէպը կը պարտինք Գէորգ Մելիտինեցի մատենաշարի մէկ բարեբաստիկ որոշումին:

Քեմալ Եալչըն՝ գերմանաբանակ թուրք այլախոհը, այլեւս հանրա­ծանօթ անուն մըն է ժամանակակից հայուն՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, շնորհիւ իր զանազան աշխատու­թեանց` վէպերուն, յօդուած­ներուն, մամլոյ ասուլիսներուն եւ այլ կարգի հա­յանպաստ ելոյթներուն ու կողմնորոշումներուն: Ան կը պատկանի փաղանգին այն ազ­նիւ թուրքերուն, որոնք Հայոց եղեռնը կ’անուանեն իր իսկական անունով, կը ձաղկեն անոր հեղինակները, հրա­պարակաւ ներողութիւն կը խնդրեն վերապրող հայութենէն եւ չեն վա­րանիր յայտարարելու. «Ձեր ցաւերը մե՛ր ալ ցաւերն են…»:

Սոյն «Վերապրողները» վէպով հեղինակը խոր անկեղծու­թեամբ եւ անթաքոյց հարազատութեամբ լուսարձակի տակ կ’առ­նէ յետեղեռնեան տարիներուն գաւառներու մէջ մնացած հայե­րուն հանդէպ ցուցաբեր­ուած վերաբերումը «արդի թուրք»-ին կող­մէ, որուն էութեան դաժանու­թիւնն ու հոգիին չարութիւնը կը յաջո­ղին իսկական դժոխքի մը վերածել կեանքը բոլոր փոքրամաս­նու­թեանց ու մասնաւորաբար հայ խլեակնե­րուն:

 Եւ փշաքաղիչ դի­պաշարերու, դիպուկ դրուագներու, թելադրական մանրամաս­նու­թեանց հետեւողական շարքերով եւ գործող անձերու իսկ անհա­մար վկայութիւններով կը պատկերէ «եաթաղանի աւելցուկներու» կեանքը, որ եղած է զրկանքներու, արհամարհանքի, նուաստու­թեան, ցաւի ու տառապանքի անհատնում շղթայ մը, որ գաւա­ռաբնակ վերջին հայերն ալ մղած է ի վերջոյ լքելու իրենց պատ­մական ու պապենական տուներն ու կալուածները, կամ ինչ որ կը մնար այդ բոլորէն, ու հաս­տատուելու յարաբերաբար աւելի ապա­հով Պոլսոյ մէջ կամ ընդմիշտ հեռանալու յետօսմանեան Թուրքիայէն:

Այս մռայլ խորապատկերին վրայ սակայն ահա վարանոտ ու տարտամ քայլերով երեւան կու գայ «միւս թուրքը» եւս, այն որ իր առօրեան, տեղին համեմատ իր ունեցածն ալ՝ ուրախութիւնն ու ցաւը կը բաժնէ հայուն հետ, կը ճանչնայ անոր մարդկային իրա­ւունքները ու կը յարգէ անոր լեզուն, կրօնքը, համոզումներն ու արժանապատւութիւնը, ընդհուպ կ’եղբայրանայ անոր հետ: Այս­պիսիներուն շնորհիւ ալ կարելի կ’ըլլայ ակնկալել, որ հեռաւոր օր մը բան մը պիտի փոխուի Թուրքիոյ մէջ:

 Հեղինակին յանդուգն ու ազնիւ պատգամը իր հայրենակիցներուն ու աշխարհին  այն է, որ փոքրամասնութիւններու, յատ­կապէս հայերու ոչնչացումը մեծ չարիք մը եղաւ Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին համար: Եւ ան կը մաղթէ Թուրքիա մը, ուր մշակութային, կրօնական եւ լեզուական տարբերութիւնները պի­տի հանդուրժուին ու յարգուին բոլորէն:

Վէպը մշակուած է գրողական շատ բարձր տաղանդով:

Թարգմանութիւնը կատարուած է վարժ ու սահուն հայերէնով:

Ըստ ամենայնի  հաճելի  ու թելադրական աշխատութիւն մը, որուն ընթերցումը,–  եւ տարածումը,–  յանձնարարուած է բոլոր տարիքներու հայ գրասէրներու անխտիր:

Արմենակ Եղիայեան 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.