Ռուբէն. Ազգային-ազատագրական շարժման եւ Հայկական Արեւելումին գաղափարապաշտ առաջնորդը
Նոյեմբեր 27ի այս օրը, 64 տարի առաջ, մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ ժողովուրդի եզակի դէմքերէն մէկը, որ ՌՈՒԲԷՆ անունով անմահացաւ հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներ մուտքին, հայ ազգային-ազատագրական շարժման յառաջխաղացքին եւ Հայաստանի անկախացման ու հայոց պետականութեան հիմնաւորման գլխաւոր դարբիններէն է Ռուբէն Տէր-Մինասեան, որ 1951ի Նոյեմբեր 27ին, Փարիզի մէջ տարագիր, առյաւէտ փակեց Հայաստանի ու հայութեան արհաւիրքով ու հրաշափառ յարութեամբ յագեցած իր բոցավառ աչքերը։
Ազատամարտիկ յեղափոխականի մը սովորաբար տրուած կեանքի ժամանակէն երկար՝ եօթանասուն տարի ապրեցաւ Ռուբէն, աւելի ճշգրիտ՝ ճակատագրուեցաւ ապրելո՛ւ, ռազմադաշտի վրայ չիյնալու եւ իր այնքան պաշտած ժողովուրդին վերապրումի երթը առաջնորդելու եւ հունաւորելու։
Սեփական կեանք չունեցաւ Ռուբէն՝ այնքա՜ն քանքարաւոր իր անհատականութիւնը լիարժէք դրսեւորելու եւ անձնական ինքնահաստատման ասպարէզ մը նուաճելու իմաստով։ Նոյնիսկ երբ ընտանիք կազմեց, մնայուն ու սեփական երդիք չունեցաւ, այլ՝ կին ու երեխայ հետը առած, շրջեցաւ երկրէ երկիր՝ բնակութիւն հաստատելով հոն, ուր Դաշնակցական Գործը տարաւ զինք։
Երիտասարդ տարիքի իր ողջ ներուժը անմնացորդ նուիրաբերեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարին՝ Կարսի հնոցին եւ Վանի յեղափոխական բնօրրանին մէջ իր կազմաւորումէն մինչեւ Սասնոյ ազատամարտին ղեկավարումը, 1907էն սկսեալ, ու Տարօնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն զինուորական հրամանատարութիւնը՝ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն։
Յեղափոխական յանդուգն գործիչի, գաղափարի աննկուն մարտիկի եւ քաջարի հայդուկապետի իր մեծ կենսափորձն ու հասունութիւնը Ռուբէն ամբողջապէս եւ արժանաւորապէս նուիրագործեց՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին, 1917էն 1922 երկարող տարիներու ծանրակշիռ վերիվայրումներու յաղթահարումին։ Արժանաւորապէս իր տեղը նուաճեց Հայաստանի անկախութեան կերտիչներու փաղանգին մէջ՝ մեծագոյն ներդրումներէն մէկը ունենալով հայոց նորաստեղծ պետականութեան հիմերու ամրապնդման առումով, իր անունին կապելով Հայաստանի հայացումը, հայոց բանակին հզօրացումը եւ հայրենի պետական ամրոցին մաքրագործումը ներքին ցեցերէ՝ թուրք-թաթար թէ հայ պոլշեւիկ խռովարարներէ։
Ռուբէնի կեանքին ու մեծագործութեան դափնեպսակը լուսաւորելու եկաւ, տարագրութեան շուրջ երեսնամեայ երկարատեւ շրջանին՝ 1922էն 1951, հայ ազատագրական շարժման ազգային-քաղաքական, յեղափոխական-գաղափարական եւ կազմակերպական-բարոյական աւանդներուն բաց ճակատով ու խորասոյզ հայեացքով տէր ու արթուն պահակ կանգնելու մտաւորական մեծ թռիչքը։
1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր ժողովին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընտրուած՝ Ռուբէն մինչեւ մահ շարունակեց կանգուն մնալ ու գործել այդ պատասխանատուութեան վրայ, դաշնակցական սկզբունքայնութեան, հետեւողականութեան եւ ինքնահաւատարմութեան անզուգական դրօշակիրն ու յառաջապահ Ուսուցիչը հանդիսանալով։
Վերջապէս, իր մշակած քաղաքական գրականութեամբ, Ռուբէն ուղղակի ճամբայ հարթեց եւ գալիքի ուղին հունաւորեց Հայաստանի խորհրդայնացման հետեւած հայ քաղաքական մտքի խոր պառակտման այդ ժամանակաշրջանին։
Ռուբէն առաջնորդեց Հայկական Արեւելումի ռազմավարութիւնը այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ ազգային ու ապազգային, ժողովրդավարական եւ ամբողջատիրական, յեղափոխական ու քաղքենիական հոսանքներու եւ արեւելումներու միջեւ՝ ներազգային սուր պայքարները ահաւոր զառիթափի մը մատնած էին հայաշխարհը, բարդուելով Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան աշխարհասփիւռ բեկորներու հաւաքման, հայապահպանման, ինքնակազմակերպման ու վերականգնման ինքնին դժուարին պայքարին վրայ։
Ռուբէնի «Յեղափոխականի մը յիշատակները» եօթհատորեակը, «Հայաստան՝ միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ» գիտաշխատութիւնը, «Հայ-թրքական կնճիռը», «Հ.Յ.Դ. կազմակերպութիւնը» եւ միւս անկորնչելի գործերը բառին բուն իմաստով այբբենարան դարձան ամբողջ սերունդներու համար եւ կը շարունակեն, իբրեւ այդպիսին, ուղի լուսաւորել նաեւ մեր օրերուն։
Ջաւախքի զաւակ էր կարնեցիի իր արմատներուն ամրօրէն կառչած այս Մեծ Հայը։ Ծնած էր 1882 թուականին Ախալքալաք: Իր նախնական ուսումը ստացած էր ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ մեկնած էր Ս. Էջմիածին եւ ուսումը շարունակած` «Գէորգեան» ճեմարանին մէջ: Պատանի տարիքէն Ռուբէն կ՛երազէր «Հայաստան» երթալ: Ան կրցած էր հասկնալ, թէ բուն Հայաստանը ռուսական սահմանին միւս կողմն է, այսինքն` Արեւմտահայաստանը:
Քսան տարեկանին Ռուբէն մտաւ ռուսական բանակ` պահեստի սպայի աստիճանով: Ապա՝ անցաւ Մոսկուա` իբրեւ «Լազարեան» ճեմարանի բարձրագոյն դասընթացքի ուսանող: Մոսկուա եղած ժամանակ մասնակցեցաւ յեղափոխական ուսանողներու խմբական գործունէութեան, ապա՝ անդամագրուեցաւ նորաստեղծ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
1903ին Մոսկուայէն անցաւ Թիֆլիս` Երկիր մուտք գործելու որոշումով, ինչը իրականացաւ նոյն տարին իսկ։ Ռուբէնի դաշնակցական գործունէութեան առաջին դաշտը եղաւ Կարսը` Արամի շունչին տակ, որ այդ օրերուն Կարսի կեդրոնական դէմքն էր:
1905ին, արդէն փորձուած ու Կարսի յեղափոխութեան հնոցին մէջ դարբնուած` Ռուբէն անցաւ Վան, ուր Իշխանի հետ լծուեցաւ Լեռնապարի շրջանի կազմակերպումին: Իսկ երբ Արամ անցաւ Վան, Ռուբէն գնաց Վարդան Շահպազի մօտ` լեռները, ֆետայական կեանքի իր մկրտութիւնը ստանալու համար:
Այնուհետեւ, Ռուբէն ուղարկուեցաւ Սասուն՝ Տարօնի շրջանին մէջ իր ղեկավար մասնակցութիւնը բերելու իր հարազատ ժողովուրդի ծաւալած ազատագրական պայքարի կազմակերպման գործին: Գէորգ Չաւուշի հետ անցնելով շրջանի մարտական ուժերուն գլուխը` Ռուբէն վերակազմեց ֆետայական շարժումը, մասնակցեցաւ բազմաթիւ հերոսական կռիւներու, որոնց գլխաւորներէն է Մայիս 1907ի Սուլուխի կռիւը, որու ընթացքին նահատակուեցաւ Սասնոյ լեռներու առիւծը՝ Գէորգ Չաւուշ:
1908ին, երբ հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Ռուբէն դէմ կեցաւ յեղափոխական գործը դադրեցնելու ընդհանուր հոսանքին։ Պնդեց, որ իթթիհատական կառավարութեան պէտք չէ վստահիլ, այլ պէտք է շարունակել հայ ժողովուրդը զինելու եւ ինքնապաշտպանութեան պատրաստելու կուսակցական-կազմակերպական գործունէութիւնը:
1909ին Ռուբէն անցաւ Վառնա (Պուլկարիա), իբրեւ Տարօնի շրջանը ներկայացնող պատգամաւոր մասնակցելու համար Հ.Յ.Դաշնակցութեան 7րդ Ընդհանուր Ժողովին: Ժողովի աւարտին, իր ուսումը շարունակելու համար, ան մեկնեցաւ Ժընեւ` քիմիաբանութիւն ուսանելու համար եւ հոն մնաց մինչեւ 1913: Նոյն թուականին կուսակցութեան հրահանգով՝ անաւարտ ձգելով ուսումը` Ռուսէն վերադարձաւ Տարօն եւ լծուեցաւ կազմակերպական աշխատանքի, իբրեւ ընդհանուր պատասխանատուն Դուրան-Բարձրաւանդակի եւ Տարօն Աշխարհի Հ Յ Դ. կազմակերպութեան:
1914ին, երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը եւ թրքական իշխանութիւնները ձեռնարկեցին 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրումին, Տարօնի հայութիւնը Ռուբէնի գլխաւորութեամբ դիմեց ինքնապաշտպանութեան: Հերոսամարտը տեւեց եօթը ամիս, որմէ ետք Ռուբէն որոշեց գաղթական ամբողջ ժողովուրդով անցնիլ Արեւելեան Հայաստան:
1917ին, երբ տեղի ունեցաւ Ռուսական Մեծ Յեղափոխութիւնը եւ կազմուեցաւ Անդրկովկասի կառավարութիւնը՝ Սէյմը, Ռուբէն իր կարգին մասնակցեցաւ անոր աշխատանքներուն՝ անդամակցելով Հայոց Ազգային Խորհուրդին:
Իսկ 1918ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէն ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: Նշանակուեցաւ նաեւ Հայաստանի զինուորական նախարար զօր. Արարատեանի օգնական։ Իսկ 1920ի Մայիսին` Բիւրօ-կառավարութեան մէջ, ստանձնեց զինուորական նախարարի պաշտօնը:
Իբրեւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց եւ, ապա, զինուորական նախարար՝ Ռուբէն ոչ միայն հիմը դրաւ հայկական պետական բանակին ու կազմակերպեց զայն, այլեւ՝ անփոխարինելիօրէն մեծ ու բախտորոշ եղաւ անոր դերը թէ՛ Հայաստանի ներքին կայունացումին եւ թէ՛ մեր հայրենիքի հայացման դժուար գործին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, Ռուբէն անցաւ Իրան, ապա` Ֆրանսա, Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս:
Վտարանդի կեանք վարելով սփիւռքահայ տարբեր գաղութներու մէջ` Ռուբէն միշտ հաւատարիմ մնաց Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարներուն ու ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման ու Դաշնակցութեան քաղաքական առաջադրանքներու եւ գաղափարական արժէքներու կենսագործումին։ 1948ին Ռուբէն վերադարձաւ Ֆրանսա, ուր եւ վախճանեցաւ 1951ի Նոյեմբեր 27ին:
Այսօրինակ անձնազոհութեան ուղի եւ գաղափարապաշտ գործ իր անունին կապեց Ռուբէն Տէր-Մինասեան՝ հայոց պատմութեան մեծ ուղեւորը, որ ամբողջ կէս դար նոյնացաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ՝ միս ու ոսկորով իւրովի մարմնաւորելով հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին յանդուգն յառաջապահի ու ղեկավար կամքի դաշնակցական աւանդները։
Ն.