Սէյնթ Քաթրինզի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի Հիմնարկէք


Մէյրիէն Ֆըրթ «Սէյնթ Քաթրինզ Սթանտըրտ»-ի մէջ անդրադառնալով Սէյնթ Քաթրինզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակողողի հիմնարկէքի արարողութեան կը գրէ. «Յիշատակման ծանր օր մըն էր, սակայն մինչ հողով լեցուն բահը գետնէն բարձրացաւ Հայ համայնքի կեդրոնը մխիթարուեցաւ։

«Կիրակի օր մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Մարթինտէյլ ռոտի կեդրոնին առջեւ ներկայ գտնուելու համար Սէյնթ Քաթրինզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութեան։

«Յուշակոթողը պիտի յիշեցնէ 100 տարի առաջ օսմանցի թուրք զինուորներու կողմէ 1,5 միլիոն հայերու ջարդը։ 

«Կեդրոնի վարիչ եւ տեղւոյն Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Կերի Գաւազանճեան զայն կենսական նկատեց ոգեկոչելու համար 100-ամեակը՝ «ահաւոր ոճիրի մը, որ ծրագրուած ու գործադրուած էր այն տարածքին մէջ, որ այսօր ծանօթ է իբրեւ Թուրքիա»։

«Յուշակոթողը պիտի ծառայէ իբրեւ «ժողովուրդի մը սպանութեան մնայուն վկայութիւն մը», ըսաւ Գաւազանճեան։

«Մինչ բազմաթիւ երկիրներ, ներառեալ Գանատան, 1915-1923-ի դէպքերը ճանչցած են իբրեւ ցեղասպանութիւն՝ բոլորը անոնց օրինակին չեն հետեւած։

«Թուրքիան կ՚ընդունի, թէ բազմաթիւ հայ քրիստոնեաներ բախումներու ընթացքին սպաննուեցան, երբ Հայաստան մաս կը կազմէր Իսթանպուլէն կառավարուող կայսրութեան, սակայն կը մերժէ թէ ցեղասպանութիւն մըն էր։

«Որովհետեւ թրքական կառավարութիւնը կը փորձէ պատմութիւնը վերախմբագրել, մենք յանձնառու ենք զայն նշելու ինչպէս որ էր», ըսաւ հայր Գեղարդ Քիւսպեքեան՝ նախքան յուշակոթողի կառուցման վայրի հողը օրհնելը։

«Արարողութեան հողը բերուած էր պատմական Հայաստանէն, այն վայրէն, որ այսօր ծանօթ է իբրեւ Թուրքիոյ Էրզրում քաղաքը, ուր 200,000 հայեր կ՚ապրէին։ Հողը խառնուեցաւ գանատական հողին հետ իբրեւ «մարդկային իրաւանց եւ արդարութեան նկատմամբ իմացեալ յանձնառութեան» մը խորհրդանիշ, ըսաւ հայր Քիւսպեքեան։

«Կեդրոնի քարտուղար Սեւակ Պելեան յայտնեց, որ հայ համայնքը «շնորհակալ է այն երկիրին, ուր մարդու իրաւունքները յարգուած են եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ճանչցուած»։

Պելեան հայ համայնքին կոչ ուղղեց յարատեւելու։ «Պիտի շարունակենք պայքարիլ մինչեւ արդարութիւն ստանանք», ըսաւ ան։

«Սէյնթ Քաթրինզի հայ համայնքը հայկական ամէնէն հին հայ համայնքներէն մէկն է եւ կազմուած է 1890ական թուականներուն», ըսաւ Պելեան։ Քաղաքը այսպիսով կը միանայ գանատական շարք մը այլ քաղաքներու, որոնք ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողներ կանգնեցուցած են։

«35,000 գանատական տոլար արժող յուշակոթողը 7 ոտք լայնք եւ 10 ոտք բարձրութիւն ունի եւ գործն է Համիլթընի մէջ գործող ճարտարապետ Ժան Անթիքեանի։ Անոր վրայ նշուած պիտի ըլլան անունները Հայաստանի վեց նահանգներուն, ուր կը բնակէին գրեթէ բոլոր զոհերը։ Պիտի ներառէ կրակ մը, որ կը խորհրդանշէ զոհերուն յաւիտենական յիշատակը եւ գլխուն պիտի ունենայ փիւնիկ մը՝ խորհրդանշելով մոխիրէն վեր բարձրանալով վերապրելու հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը։

«Յուշակոթողը նաեւ պիտի ներառէ խաչքար մը՝ հայ ժողովուրդին քրիստոնէութեան հետ կապը խորհրդանշելու համար։

«Մինչեւ օրս յուշակոթողին համար հարկ եղած գումարին 60 առ հարիւրը հաւաքուած է։ Գաւազանճեան տեղւոյն հայ համայնքին կոչ ուղղեց՝ աջակցելու ծրագիրին եւ օժանդակելու գումարի ամբողջացման։

«Կը նախատեսուի յուշակոթողի բացումը կատարել 2016-ի Ապրիլին»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.