Սերոբ Աղբիւր. «Առիւծասիրտ» ֆետային եւ խստապահանջ հայդուկապետը


Հա­յու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ անջն­ջե­լի խոր­հուրդ ու պատ­գամ խտա­ցու­ցած է մեր օ­րա­ցոյ­ցին 24 Հոկ­տեմ­բե­րի է­ջը, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան բռնա­կա­լու­թեան սադ­րան­քով 116 տա­րի ա­ռաջ՝ 1899ի այդ օ­րը, Սաս­նոյ Կէ­լիէ­կու­զան գիւ­ղին մէջ, դա­ւադ­րա­բար թու­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ, սպան­նո­ւե­ցաւ ու ա­նար­գօ­րէն գլխատուե­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին ա­ռաս­

պե­լա­տիպ հե­րոս­նե­րէն Աղ­բիւր Սե­րոբ։

Հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ան­զու­գա­կան դէմ­քե­րէն է Սե­րոբ Վար­դա­նեան ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Սաս­նոյ մէջ լոյս աշ­խարհ ե­կած գա­ղա­փա­րի այս մար­տի­կը։ Մեր ժո­ղո­վուրդն ու հայ ա­շուղ­նե­րը սրտա­բուխ շատ եր­գեր նո­ւի­րած են հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յիի իւ­րա­յա­տուկ դպրոց մարմ­նա­ւո­րած հայ­դու­կա­պետ Սե­րո­բին։ Այդ եր­գե­րուն շնոր­հիւ ան­մա­հա­ցած են ա­նունն ու գոր­ծը Հայ Հո­ղի հա­րա­զատ ու խրոխտ ծնուն­դին, որ պա­հա­պան հրեշ­տա­կը դար­ձաւ ան­զէն ու ան­պաշտ­պան հայ գիւ­ղա­ցիին եւ սանձ դրաւ թրքա­կան թէ քրտա­կան հա­յա­կուլ ա­խոր­ժակ­նե­րուն։ Հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նաչ­ման, մար­տու­նակ նկա­րագ­րի եւ ան­կոտ­րում կամ­քի ներշնչ­ման վա­րար աղ­բիւր են կեր­պարն ու վար­քը Տա­րօ­նի Ա­ռիւ­ծին։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ մեր ժո­ղո­վուր­դը, ան­զու­գա­կան իր հե­րո­սին նո­ւի­րո­ւած սրտա­բուխ եր­գին մէջ, իբ­րեւ «Սրտի Աղ­բիւր» ան­մա­հա­ցուց Սաս­նոյ հայ­դու­կա­պե­տին՝

«­Նեմ­րու­թայ սա­րը հա­զար ակն ու­նի

Հա­զարն էլ Մը­շու դաշտն ի վայր կ­’եր­թայ,

Մե­նակ Աղ­բիւ­րի աղ­բիւ­րը սրտի

Խեղճ ժո­ղովր­դի սրտի մէջ կ­’եր­թայ.-

Ա­զատ օ­րե­րի, դա­լար օ­րե­րի

Ծա­րաւ վա­թա­նի սրտի մէջ կ­’եր­թայ…»

Տա­րօ­նի Ախ­լաթ գա­ւա­ռի Սո­խորդ գիւ­ղէն էր Սե­րոբ։ Ծ­նած էր 1864ին, գիւ­ղի մե­ծա­տուն Վար­դա­նեան­նե­րու հին ու բա­րե­համ­բաւ օ­ճա­խին մէջ։ Կրտ­սերն էր չորս եղ­բայր­նե­րու։ Մեծ եղ­բայ­րը՝ Մ­խօ գիւ­ղա­պետն էր։ Սո­խոր­դի մէջ ուս­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն չկար եւ Սե­րոբ իր ման­կու­թիւնն ու պա­տա­նե­կու­թիւ­նը ան­ցուց ձիա­վա­րու­թեամբ եւ որ­սոր­դու­թեամբ՝ Նեմ­րութ լե­րան լան­ջե­րուն թէ բար­ձունք­նե­րուն։

Սե­րո­բի կազ­մա­ւոր­ման մէջ բախ­տո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ իր Ա­ռա­քել հօ­րեղ­բայ­րը, որ տա­րի­նե­րով Պո­լիս ապ­րե­լէ, ու­սա­նե­լէ եւ օս­մա­նեան մայ­րա­քա­ղա­քի հայ կեան­քը փո­թոր­կող Ազ­գա­յին Զար­թօն­քին ու ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման խմո­րում­նե­րուն մօ­տէն առն­չո­ւե­լէ ետք՝ Սո­խորդ վե­րա­դար­ձած էր 1885ին։ 21ա­մեայ Սե­րո­բը ուղ­ղա­կի յափշ­տա­կու­թեամբ փա­րե­ցաւ իր հօ­րեղ­բօր բե­րած գա­ղա­փար­նե­րուն եւ, ա­նոր շուն­չին տակ, ոչ միայն գրել-կար­դալ սոր­վե­ցաւ ու բա­ցո­ւե­ցաւ, ինք­նա­զար­գաց­ման ճամ­բով, հայ հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան, այ­լեւ՝ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան նոր լոյ­սին տակ սկսաւ դի­տել Ախ­լա­թի հա­յու­թեան կեան­քը։

Ա­ռա­ւե­լա­բար քիւր­տե­րով եւ չեր­քէզ­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած, բայց իր 35 գիւ­ղե­րով զուտ հա­յաբ­նակ շրջան էր Ախ­լա­թը։ Նոյն այդ շրջա­նին պա­տա­հե­ցաւ մի­ջա­դէպ մը, որ լրիւ շրջեց ար­դէն ազ­գա­յին ապ­րում­նե­րով տո­գո­րո­ւած ե­րի­տա­սարդ Սե­րո­բի կեան­քին ըն­թաց­քը։ Նեմ­րու­թի բար­ձուն­քին իր ձիով որ­սոր­դու­թեան ե­լած Սե­րո­բը դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ քա­նի մը քիւր­տե­րու, ո­րոնք սպառ­նա­լի­քի տակ կ­’ու­զէին տի­րա­նալ իր ձիուն։ Քաջ ու ան­վե­հեր հայ ե­րի­տա­սար­դը տե­ղի չտուաւ, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ զէն­քով դի­մադ­րեց իր վրայ յար­ձա­կող­նե­րուն, սպան­նեց ա­նոնց­մէ մէ­կը եւ միւս­նե­րը մղեց փա­խուս­տի։

Ոս­տի­կա­նա­կան ու դա­տա­կան հե­տապն­դում­նե­րու ա­ռաջքն առ­նե­լու նպա­տա­կով՝ գիւ­ղա­պետ եղ­բայ­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ստեղ­ծեց եւ հա­մո­զեց Սե­րո­բին, որ ո­րոշ ժա­մա­նա­կով եր­թայ Պո­լիս։ Այդ­պէս ալ ե­ղաւ։ Բայց կարճ տե­ւեց Պոլ­սոյ մէջ Սե­րո­բի կե­ցու­թիւ­նը։ Ան­ցաւ Ռու­մա­նիա եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Սու­լի­նա քա­ղա­քը, որ դար­ձած էր հայ պան­դուխտ­նե­րու հա­ւա­քա­վայր մը։

Սու­լի­նա­յի մէջ Սե­րոբ բա­ցաւ սրճա­րան մը, որ ան­մի­ջա­պէս դար­ձաւ հայ պան­դուխտ­նե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը։ 1890ա­կան­նե­րու սկիզբն էր եւ Երկ­րէն հաս­նող յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու լու­րե­րը, հնչա­կեան եւ դաշ­նակ­ցա­կան գա­ղա­փար­նե­րու եւ ուղ­ղու­թիւն­նե­րու ար­ձա­գան­գով, ախ­լաթ­ցի Սե­րո­բին սրճա­րա­նը վե­րա­ծե­ցին հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու իս­կա­կան գա­ղա­փա­րա­կան հնո­ցի, ուր քննար­կում­ներն ու վէ­ճե­րը վերջ չու­նէին եւ Սե­րոբ յափշ­տա­կու­թեամբ մաս­նա­կի­ցը դար­ձած էր ա­նոնց՝ սե­փա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը ճշդե­լու եւ կողմ­նո­րո­շու­մը կա­տա­րե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։

Սե­րո­բի մէջ աս­տի­ճա­նա­բար ար­մա­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ նո­րաս­տեղծ Դաշ­նակ­ցու­թեան նկատ­մամբ գա­ղա­փա­րա­կան հա­կու­մը։ 1892ին ան միա­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ կազ­մեց պան­դուխտ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ բաղ­կա­ցած դաշ­նակ­ցա­կան իր խում­բը։ Եւ երբ 1894ին, Կով­կա­սի վրա­յով, Սու­լի­նա հա­սաւ Մու­շի յե­ղա­փո­խա­կան ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­նե­րէն Հ­րայր Դ­ժոխ­քը, որ­պէս­զի պան­դուխտ մշե­ցի­նե­րուն հա­մո­զէ զէնք ա­պա­հո­վե­լու եւ Եր­կիր վե­րա­դառ­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան շուրջ, Սե­րոբ ար­դէն պատ­րաստ էր…

1895ի սկզբնա­ւո­րու­թեան, Սե­րոբ իր խում­բով հա­սաւ Թիֆ­լիս, ուր Ք­րիս­տա­փոր ան­ձամբ ստանձ­նեց ա­նոնց գա­ղա­փա­րա­կան եւ մար­տա­կան անհ­րա­ժեշտ պատ­րաս­տու­թիւ­նը ջամ­բե­լու աշ­խա­տան­քը։ Ք­րիս­տա­փո­րի շուն­չով թրծո­ւե­ցաւ Սե­րո­բի յե­ղա­փո­խա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան ու­ժեղ նկա­րա­գի­րը, ան­խախտ հա­ւատ­քի եւ եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեան տէր դաշ­նակ­ցա­կա­նը, որ իր անձ­նո­ւի­րու­թեամբ, գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ եւ կազ­մա­կեր­պա­կան բնա­տուր ձիր­քով՝ շու­տով ղե­կա­վար դեր ստանձ­նեց Տա­րօ­նի շրջա­նի հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ար­մա­տա­ւոր­ման ու հզօ­րաց­ման մէջ։

1895ի գար­նան, 27 հո­գի­նոց իր զի­նեալ ու զի­նա­տար խում­բով, Սե­րոբ կտրեց ռուս-թրքա­կան սահ­մա­նը եւ հա­սաւ Ախ­լաթ։ Ան­մի­ջա­պէս լծո­ւե­ցաւ գա­ւա­ռի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծի կազ­մա­կեր­պու­մին։ Կազ­մա­կեր­պա­կան իր բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դով, կամ­քեր կռա­նե­լու եւ ինք­նավս­տա­հու­թիւն ներշն­չե­լու ղե­կա­վա­րի իր բնա­տուր ձիր­քով, բայց մա­նա­ւանդ խստա­պա­հանջ իր վար­քով ու կար­գա­պա­հու­թեան նկատ­մամբ իր ան­զի­ջող վճռա­կա­նու­թեամբ՝ Սե­րոբ հրաշ­քի հա­մա­զօր հո­գե­փո­խու­թիւն ա­ռա­ջա­ցուց Ախ­լա­թի մէջ, որ կրցաւ գրե­թէ անվ­նաս դուրս գալ 1895-96ի Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րէն։ Մինչ այ­լուր հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր ան­զէն ու ան­պաշտ­պան հա­յե­րու ա­րիւն թա­փե­ցաւ, Սե­րո­բի ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ախ­լա­թի հա­յու­թիւ­նը ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դի­մեց եւ սան­ձեց շրջա­կայ­քի քիւր­տե­րուն եւ չեր­քէզ­նե­րուն ա­լան-թա­լա­նի նկրտում­նե­րը։ Նաեւ անձ­նա­կան իր քա­ջա­գոր­ծու­թեանց շնոր­հիւ, Սե­րո­բի հռչա­կը շատ ա­րագ տա­րա­ծո­ւե­ցաւ Տա­րօ­նայ աշ­խար­հի մէկ ծայ­րէն միւ­սը։ Բ­նա­կա­նա­բար դար­ձաւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց աչ­քի փու­շը։

Զի­նու զօ­րու­թեամբ Սե­րո­բը ձեռք ան­ցը­նե­լու կա­ռա­վա­րու­թեան բա­զում փոր­ձե­րը ան­փա­ռու­նակ ձա­խո­ղու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցան։ Յատ­կա­պէս Բա­ղէ­շի շրջա­նի Բաբ­շէն գիւ­ղի կռի­ւը, որ Հ­րայր Դ­ժոխ­քի վկա­յու­թեամբ կը հան­դի­սա­նայ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­մէ­նէն փա­ռա­ւոր է­ջե­րէն մէ­կը, ուր քա­նի մը տաս­նեակ ֆե­տա­յի­նե­րով Սե­րոբ յա­ջո­ղե­ցաւ յաղ­թա­կան դուրս գալ ա­ւե­լի քան հա­զար զի­նո­ւոր հա­շո­ւող եւ ե­րեք թնթա­նօթ­նե­րով զի­նո­ւած թրքա­կան զօր­քի հետ ընդ­հա­րու­մէն, ուղ­ղա­կի ան­պար­տե­լի հայ­դու­կա­պե­տի հռչակ ա­պա­հո­վեց Սե­րոբ Աղ­բիւ­րին։

Ինչ­պէս որ Գաբ­րիէլ Լա­զեան կը վկա­յէ, Աղ­բիւր Սե­րոբ անս­պառ կո­րով եւ ինք­նավս­տա­հու­թիւն ներշն­չեց մեր ժո­ղո­վուր­դին։ «­Վե­րեւ Աս­տո­ւած, ներ­քեւ Սե­րոբ՝ կ­’ը­սէր ժո­ղո­վուր­դը»։ Ա­մէ­նուր՝ «բո­լո­րին Սե­րոբ կը քա­րո­զէ. Տ­ղա՜ք, ա­ռանց հա­ցի մնա­ցէք, ա­ռանց զէն­քի մի՛ մնաք»։

Թէեւ կար­ճա­տեւ ե­ղաւ Սե­րո­բի ֆե­տա­յա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, բայց ամ­բողջ հինգ տա­րի, 1895էն 1899, ա­նոր ա­նու­նին կա­պո­ւե­ցաւ Տա­րօ­նի յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը։ Ֆե­տա­յա­կան իր դպրո­ցէն ան­ցան եւ թրծուե­ցան անն­ման գոր­ծիչ­ներ՝ Բա­լա­պեխ Կա­րա­պե­տէն մին­չեւ Ա­ռիւծ Գե­ւօ, Զու­լու­մա­թէն մին­չեւ Գէորգ Չա­ւուշ ու Անդ­րա­նիկ։

Սե­րոբ ստեղ­ծեց յե­ղա­փո­խա­կան կեն­սա­կեր­պի իր ու­րոյն ո­ճը, երբ հան­դերձ ըն­տա­նեօք ֆե­տա­յա­կան կեանք ապ­րե­ցաւ՝ միշտ իր կող­քին ու­նե­նա­լով կի­նը, Սօ­սէն, որ իր կար­գին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի ոս­կեայ մա­տեա­նին մէջ։ Աղ­բիւր Սե­րո­բի կինն ու զա­ւակ­նե­րը լրիւ կի­սե­ցին ի­րենց ա­մուս­նին եւ հօր ընտ­րած կեան­քին դա­ժան պայ­ման­նե­րը. ապ­րե­ցան լեռ­նե­րու վրայ փախս­տա­կան կեանք. մաս­նա­կից դար­ձան ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով մղո­ւած, բայց հե­րո­սա­կան յաղ­թա­նա­կով նո­ւա­ճո­ւած Սե­րո­բի կռիւ­նե­րուն. նաեւ ցմրուր ճա­շա­կե­ցին Հայ­կա­կան Յե­ղա­փո­խու­թեան ներ­քին չա­րի­քի դառն բա­ժա­կը, երբ մատ­նու­թեան եւ դա­ւա­ճա­նու­թեան ճամ­բով վա­տօ­րէն վերջ տրո­ւե­ցաւ ան­պար­տե­լի հե­րո­սի կեան­քին ու քա­ջա­գոր­ծու­թեանց։

Աղ­բիւր Սե­րո­բին կռո­ւի դաշ­տի վրայ պար­տու­թեան մատ­նե­լու ան­կա­րո­ղու­թե­նէն մղո­ւած՝ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ա­րիւ­նար­բու Հա­մի­տի գոր­ծա­կա­տար Պ­շա­րէ Խա­լի­լի մի­ջո­ցաւ, դի­մեց դա­ւա­դիր լու­ծու­մին։ Գ­տաւ ու կա­շա­ռեց հայ մատ­նիչ մը, որ ի­մա­նա­լէ ետք Կե­լիէ­կու­զա­նի մէջ Սե­րո­բի թագս­տո­ցը, մօ­տե­ցաւ ա­նոր իբ­րեւ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման հա­ւա­տա­ւոր զօ­րա­կից մը, որ­պէս­զի ծխա­խո­տի մի­ջո­ցաւ թու­նա­ւո­րէ Ա­ռիւ­ծին եւ, կռո­ւե­լու ան­կա­րող վի­ճա­կի մատ­նե­լով զայն, տե­ղեակ պա­հէ Պ­շա­րէ Խա­լի­լին՝ ան­պար­տե­լի Սե­րո­բի թագս­տո­ցին մա­սին։

Եւ 24 Հոկ­տեմ­բեր 1899ին, հա­զա­րա­ւոր զօր­քով, Պ­շա­րէ Խա­լիլ պա­շա­րեց Կե­լիէ­կու­զա­նը։ Համ­կա­ռակ իր վա­տուժ վի­ճա­կին, Սե­րոբ իր ըն­կեր­նե­րուն եւ ըն­տա­նի­քին հետ մին­չեւ վեր­ջին շունչ դի­մադ­րեց ա­նարգ ու դա­ւա­դիր թշնա­միին։

Պ­շա­րէ Խա­լիլ հա­սաւ իր նպա­տա­կին։ Եւ թրքա­կան վա­տո­գի «հզօ­րու­թիւն»ը հան­դի­սադ­րե­լով՝ վի­րա­ւոր ին­կած հայ հե­րո­սին գլու­խը կտրեց եւ ցի­ցի մը վրայ դրած ցու­ցադ­րեց Բա­ղէ­շի փո­ղոց­նե­րուն մէջ՝ թուրք ամ­բո­խին «խրախ­ճանք»… պար­գե­ւե­լով։

Այդ­պի­սի՛ դա­ժան ու դառն վախ­ճան ու­նե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քի եւ ֆե­տա­յա­կան քա­ջու­թեան անկրկնե­լի աղ­բիւ­րը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ցա­սու­մին ու ծա­ռա­ցու­մին ան­մահ ջա­հա­կիր­նե­րէն Սե­րոբ Աղ­բիւ­րը։

Բայց ան­պա­տիժ չմնաց ա­նարգ թուր­քը։ Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մով՝ Անդ­րա­նիկ իր ըն­կեր­նե­րով գտաւ ու հա­սաւ Պ­շա­րէ Խա­լի­լին եւ ար­դար հա­տուց­ման դա­տաս­տա­նին են­թար­կեց դա­հի­ճը։

Ա­ւե­լի քան հա­րիւր եւ տասն­վեց տա­րի­ներ ան­ցած են Աղ­բիւր Սե­րո­բի նա­հա­տա­կու­թե­նէն աս­դին, բայց Սաս­նոյ ան­մո­ռա­նա­լի հայ­դու­կա­պե­տին հե­րո­սա­կան ա­ւան­դը կը շա­րու­նա­կէ ազ­գա­յին կազ­մա­ւոր­ման վա­ւե­րա­կան աղ­բիւր մնալ նո­րա­հաս հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար։

Հայ­րե­նի հո­ղի վրայ թէ սփիւռ­քի տա­րած­քին՝ ուր որ ալ լոյս աշ­խարհ գան մեր սե­րունդ­նե­րը, Հոկ­տեմ­բեր 24ի այս օ­րը ան­պայ­ման կանգ պի­տի առ­նեն Աղ­բիւր Սե­րո­բի խոր­հուր­դին եւ պատ­գա­մին առ­ջեւ, Սիա­ման­թո­յի բարձ­րաթ­ռիչ քեր­թո­ւա­ծին բա­ռե­րով յի­շե­լու եւ յի­շեց­նե­լու հա­մար՝

Ո՜վ մարտն­չում­նե­րու եւ զօ­րու­թեան ար­քա­յա­կերպ հսկայ,

Նե­րէ որ ակ­նա­ծու­թեամբ եւ եղ­բօր մը պէս դէ­պի քեզ յա­ռա­ջա­նամ,

Եւ իմ տա­ռա­պո­ղի եւ տար­փա­ւո­րի կար­միր քնա­րովս այս ի­րի­կուն,

Քու ջա­տա­գո­վանքդ ու փա­ռա­ւո­րումդ եր­գեմ քեզ պաշ­տող­նե­րուն հա­մար։

…­Դուն՝ ո­րուն նա­յո­ւածք­նե­րուն հրա­մա­նին տակ բար­բա­րոս­նե­րը պա­ղա­տե­լէն կը հնա­զան­դէին,

Դուն՝ ո­րուն քայ­լե­րուն եւ զէն­քե­րուն շա­ռա­չու­մէն ռազ­մա­գուն­դեր նա­հան­ջե­ցին…

Դուն՝ հայ­րե­նի­քին սրտապն­դող ա­րե­գակն էիր դժբախտ­նե­րու հա­մար

Եւ միան­գա­մայն փո­թոր­կան­ման աղ­ջա­մուղ­ջը թշնա­մի­ներն ա­հա­բե­կող…

…Ա­ւա՜ղ, չեմ գի­տեր թէ ո՞ւր է որ իր բո­լոր փա­ռա­ւո­րու­թեամ­բը կը յա­ւեր­ժա­նայ

Քու տի­տա­նեան մար­մինդ ա­րե­ւան­ման գլու­խէդ ան­ջա­տո­ւած.

Ո՞ր վրէժխն­դիր, ո՞ր քի­նա­յոյզ եւ ո՞ր բա­րե­կամ աստ­ղի տակ.

Բայց քու ա­նունդ, ո՜վ զօ­րու­թե­նէ եւ հա­ւատ­քէ հրա­շա­ցեալ Սե­րոբ,

Քու ա­նունդ կը տա­րա­ծո­ւի, կը գա­հա­կա­լո­ւի եւ կ­’ար­շա­լոյ­սո­ւի

Մեր հո­գի­նե­րուն տրտմու­թեամբ եւ հայ­րե­նի­քին բո­լոր ան­կիւն­նե­րուն վրայ,

Ինչ­պէս աս­տո­ւա­ծա­ռաք եւ ա­նա­ռե­լի եւ ան­նո­ւաճ Ա­նու­նը Յոյ­սին…

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.