Քեպէգի Ազգային ժողովը ցեղասպանութեան ուսուցումը դպրոցներու մէջ պարտադիր դարձնելու վերաբերեալ խնդրագիր հրապարակած է


Քեպէգի Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքը խնդրագիր մը հրապարակած է ցեղասպանութեան պատմութեան ուսուցումը Քուեպէկի աւագ դպրոցներուն մէջ պարտադիր դարձնելու վերաբերեալ:
Խնդրագիրին մէջ, ըստ armeniangenocide100.org-ի, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Հաշուի առնելով, որ ցեղային եւ մշակութային անհանդուրժողականութիւնը եւ խտրականութիւնը նախապայմաններ կը հանդիսանան ցեղասպանութեան իրականացման համար, որ կը սահմանուի որպէս ցեղային, ազգային կամ մշակութային խումբի զանգուածային ոչնչացում,

Հաշուի առնելով, որ կրթութիւնը առանցքային դեր ունի խտրականութիւնը եւ ատելութեան գործողութիւնները մեր երիտասարդութեան շրջանին մէջ ճանչնալու եւ կանխելու, եւ այն, որ ցեղասպանութիւններու մասին գիտելիքը էական դեր ունի նման գործողութիւնները ապագային կանխելու համար,

հաշուի առնելով, որ Քուեպէկի զգալի թիւով աշակերտներ չունին որեւէ գիտելիք անցեալի ու ներկայի ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ` ներառեալ Հոլոքոստը, Հայոց ցեղասպանութիւնը, Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը եւ մեր Առաջին ազգերու (Գանատայի բնիկ հնդիկներ, ԽՄԲ.) մշակութային ցեղասպանութիւնը,

հաշուի առնելով, որ ցեղասպանութեան պատմութեան ուսուցումը Գանատայի աւագ դպրոցներու ուսումնական ծրագիրին մէջ ներկայիս պարտադիր չէ, եւ որ Ցեղասպանութեան պարտադիր ուսուցման հիմնադրամը կրնայ նման դասընթացք տրամադրել դպրոցներուն մէջ իրականացնելու համար,

մենք` ներքոյ ստորագրեալներս, կը խնդրենք Ազգային ժողովին եւ Կրթութեան նախարարին, որպէսզի ան Քեպէգի բոլոր աւագ դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութեան պատմութեան ուսուցումը պարտադիր դարձնէ` որպէս միջոց հանդուրժող եւ խաղաղ հասարակութիւն ստեղծելու, որ կ’ընդունի բոլոր մշակոյթները եւ կրօնները»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.