Սեբաստացի Մելիսա Քոչաքի Գիրքը մեծ հօր մասին է


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Էրմենիհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ հրատարակուած է սվազցի հայ գրող Մելիսա Քոչաքի թրքերէն մէկ գիրքը՝ «Պտղունց Մը Անցեալ»ը, որ կը պատմէ սվազցի հայերու անցեալի ու այսօրուան կեանքին մասին։
Գիրքը յուշագրութիւն մըն է, ուր Մելիսա Քոչաք նիւթ դարձուցած է կեանքի պատմութիւնը իր մեծ հօր՝ Միհրան Քոչաքի, որ մահացած է 2011ին։
Մելիսա Քոչաք, «Ռատիքալ» թերթին խօսելով՝ ըսած է, որ այս հողերը գեղեցիկ են իրենց ալաուիներով, հայերով, քիւրտերով, լազերով ու չերքեզներով։ «Մենք այս հողերու ծաղիկներն ենք, ինչո՞ւ մեզ փրցնեն», աւելցուցած է Քոչաք եւ ըսած, որ Սվազի մէջ կեանքը նախապէս աւելի դժուար էր, քան՝ այսօր։
Մելիսա Քոչաք դիտել տուած է սակայն, որ շրջանի հայերուն ամէնէն լուրջ խնդիրը հոն եկեղեցի մը չունենալն է։ Այս ուղղութեամբ բազմաթիւ ձեռնարկներ կատարուած են, բայց՝ ապարդիւն։
«Այնուհանդերձ կացութիւնը յուսալից է, ու կարելի է լաւ բաներ սպասել», եզրակացուցած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.