Լոյս տեսաւ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի «Հաւատքի եւ Ծառայութեան Ուղիներով» գիրքը


Սուրէն Արք. Գաթարոյեան տեսնելով հեղինակած նախորդ գրքին՝ «Ծիսական Գիտելիքներ»ուն ժողովրդականութիւնը, որուն հասոյթը նուիրուեցաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կրթական ծրագիրներուն, յղացում կ՚ունենայ այս երկրորդ հատորի տպագրութեան, որուն հասոյթը այս անգամ պիտի յատկացուի «Ս. Յակոբ վարժարանի սուրիահայ աշակերտութեան կրթանպաստին»։

Հեղինակը երկար տարիներ ծառայելով ծննդավայր Հալէպի մէջ իբրեւ Բերիոյ պատմական թեմին վաստակաշատ առաջնորդ, ձեռնարկած է այս յոգնաջան աշխատանքին, ի մի հաւաքած տարիներու ընթացքին ստորագրած յօդուածներն ու գրութիւնները եւ իր խօսած ճառերն ու պատգամները, ցոյց տալու համար, որ «սոյն հատորը ապրուած կեանքի մը եւ ծառայութեան քաղցր յիշատակներն է որ կ՚արտացոլացնէ, ահա թէ ինչու զայն մկրտեցի՝ «Հաւատքի եւ Ծառայութեան Ուղիներ» անուանումով, որպէսզի «Երազային Հալէպը» մնայ կենդանի ու քաղցր անթեղուած յիշողութիւն, բոլոր այն սրտերուն մէջ, որոնք ճանչցած են զայն եւ ճաշակած անոր քաղցրութիւնը»։

Ներածական իր խօսքով, Գանատայի Հայոց Թեմին Առաջնորդ՝ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան բարձր գնահատելով Սուրէն Սրբազանին անսակարկ ծառայութիւնը եկեղեցական-կրթական-վարչական մարզերուն մէջ, կ՚ըսէ.-«Երախտագիտութեամբ կը շնորհաւորեմ, աւագ  եղբօրս՝ Սուրէն Սրբազանին «Հաւատքի Ուղիներով»ը, որովհետեւ անոր ընդմէջէն առաւել եւս համոզուեցայ, որ Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, արդարութիւնը սրտին մէջ չպահեց , այլ աստուածային հաւատարմութեան եւ սիրոյն մասին վկայեց իր ժողովուրդի հաւաքոյթներուն, անոր համար ալ Աստուած իր սէրն ու ողորմութիւնը բնաւ չզլացաւ Անոր (հմմտ. Սղ 40.10)։

«Հաւատքի եւ Ծառայութեան Ուղիներով»  հատորը կը սկսի տասը քարոզախօսութիւններով էջ (17-67), ուր Սուրէն Սրբազան հայրը Աւետարանի համարներէն բնաբան ընտրելով խորհրդածութեան նիւթ դաձուցած, մեկնաբանած եւ ունկնդիր հաւատացեալներու փոխանցած է Ս. Գիրքին յատուկ օրերու կրօնաբարոյական պատգամները։ Հարիւրաւոր խօսած քարոզներէն ընտրած է հետեւեալները.-

Ձօն առ հայց. եկեղեցիս։ Ներբող թարգմանչաց։ Հայ մշակոյթը։ Ինչպէ՞ս արժեւորել Ս. Ծննդեան տօնը։ Տօն Գալստեան։ Յիսուսի Քրիստոսի քաղաքն Յերուսաղէմ, Ս. Յարութեան յաղթանակը։ Հեթանոսաց վարդավառ եւ հոգւոյ պայծառակերպութիւն։ Յաւիտենական հացը։ Անկում եւ վերականգնում։ Քրիստոս՝ լոյս աշխարհի։

Ապա, «Հալէպեան Ապրումներ» խորագիրին ներքեւ (էջ 71-156), ան մէկտեղած է արտասանած ճառերէն միայն տասնեւմէկը՝ որոնք խօսած է պաշտօնական իր թեմական այցելութիւններու ընթացքին ու մասնաւոր պարագաներու։ Ընդգրկած նիւթերէն յիշենք վերնագիրները.-

Տէր Զօրը լոյս զգեցաւ։ Հուսք բանք։ Հայց. Եկեղեցին 1700 ամեակի սեմին։ Զարեհեան թանգարան բացումը։ Հալէպի տպարան Արեւելքի նորակառոյց շէնքի բացման բարեմաղթութիւնը։ Դրուատիք Հալէպի Հայ Ծերանոցի առաքելութեան։ Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ Զուարթնոց երգչախումբի անդամներուն։ Ս. Քառասնից մանկանց եկեղեցւոյ 500-ամեակին։ Կիլիկեան վարժարանի, Ս. Գէորգ Հայց. Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի, Ազգ. Հայկազեան երկսեռ վարժարանի հանդիսութեանց։ Երջկ. Գարեգին Բ. կթղ.-ի   Հալէպի ՍՕԽ-ի նորակառոյց դարմանատունին այցելութեան ու պաշտօնական ճաշկերոյթին փոխանցած մտածումները։

Սուրէն Սրբազան արժանաւոր ուսումնասիրութիւն մը կատարած է Վարդան Մամիկոնեանի Շուշանիկ դստեր մասին (էջ 159-172)։

Ան հակիրճ պատմական ակնարկ մը նետելով Հայաստանի քաղաքական կացութեան վրայ, ամփոփ տողերու մէջ կը ներկայացնէ Ս. Շուշանիկի ծնունդը, դաստիարակութիւնը եւ ամուսնութիւնը Վրաստանի Բդեշխի Վազգէն որդիին հետ։ Վազգէնի հաւատուրացութեամբ Շուշանիկի կրած չարչարանքներն ու վկայութիւնը իր որդեգրած քրիստոնէական հաւատքին ու կենցաղին համար։

«Խօսք Սիրոյ եւ Երախտագիտութեան» բաժինով (էջ 175-195), մէջբերուած է սրբազանին արտասանած խօսքը անոր քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակին եւ Բերիոյ Թեմի առաջնորդութեան քսանհինգամեակին առիթներով։ 

Հատորին վերջաբանը՝ «Ծառայութեան Ուղիներով»։  (էջ 199-259), արտատպումն է Հուրի Ազէզեանի վարած զրոյցին, ուր ընդհանուր ակնարկ մը նետուած է Սուրէն Սրբազանի Բերիոյ առաջնորդութեան միջոցին տարած բազմապիսի ու բազմակողմանի աշխատանքներուն եւ իրագործած ծրագիրներուն (տե՛ս բազմերախտ հոգեւորականը եւ Առաջնորդը, Հալէպ, 2002, էջ 285-321)։

Նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ շարունակուող աւերիչ պատերազմը, նշեալ հարցազրոյցին մէջ քննարկուած հարցերը ապագայի պատմաբաններու համար փաստացի տեղեկութիւններ կրնան ըլլալ սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահյութեան պատմագրութեան համար։

Բաբգէն Թօփճեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.