Արցախի Ի Նպաստ Հայ Դատի Արշաւը Մեծ Աղմուկ Կը Բարձրացնէ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը համացանցային նորարարական արշաւի մը սկսած է, Արցախի ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու ու անոր ապագային եւ բարգաւաճման համար դրամահաւաք կատարելու նպատակով։
«Anca.org/Artsakh» կայքէջին միջոցաւ ճամբայ ելած եւ «Արոտում» անունով մկրտուած այս արշաւին գլխաւոր երեք նպատակներն են՝
– Կարիքաւորներու ի նպաստ սպասարկութեանց ապահովում.
– Վերջ տալ ականներու պայթումին իբրեւ հետեւանք պատահած արկածներուն.
– Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քայլերը բացայայտող համակարգի մը հաստատումը։
Արշաւին կարելի է միանալ նաեւ «Facebook»ի, «Twitter»ի եւ «Tumblr»ի միջոցաւ, նպատակ ունենալով առաւելագոյն թիւով մասնակցութիւն ապահովել մինչեւ Օգոստոս 2, առաւօտեան ժամ 9 (Խաղաղականի ժամով), արշաւը համացանցին մէջ տիրապետող դարձնելու համար։
Հայ Դատի կայքի «Quick Connect» բաժինին մէջ պատրաստուած են նամակներու պատճէններ, որոնք արձանագրուողներուն անունով պիտի առաքուին քոնկրեսականներուն։
Արշաւը ձեւաւորուած է Ամերիկայի Հայ Դատի Լէօ Սարգիսեանի եւ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան վարժողական ծրագիրներու մասնակիցներուն կողմէ, որոնք այս նպատակով նաեւ տեսանիւթ մը պատրաստած են.