Քոպանիէն ետք մեր վերջին հանգրուանը Հայաստանն է. Թովմասեաններու գերդաստան


“Հայերն այսօր”-ի զրուցակիցները Սուրիոյ հիւսիսին գտնուող Քոպանի քաղաքի մէջ “Իսլամական պետութեան” գրոհայիններու ահաբեկչութենէն փրկուած Թովմասեաններու գերդաստանն է: Սեպտեմբերի 2-ին ընտանիքի 17 անդամները ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան անմիջական նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ Հայաստան տեղափոխուեցան: Անոնք ժամանակաւորապէս հանգրուանած են Սիլիկեան թաղամասի մէջ գտնուող ապաստարանի մը մէջ:

Թովմասեաններու  օճախի շեմէն կ’երեւէր, որ բազմանդամ ընտանիքը  հաշտուհամերաշխ է. կանայք խոհանոցի մէջ գործով զբաղած էին, աղջիկները բնակարանը կը դասաւորէին, տղամարդիկ սեղանի շուրջ կը զրուցէին, իսկ երեխաները բակը կը խաղային: Ուշագրաը այն էր, որ բոլորը ժպիտով ու սրտբաց ընդունեցին մեզ` քօղարկելով իրենց հոգիին մէջ կուտակուած վիշտն ու թախիծը…

Զրոյցը սկիզբ առաւ` վերյիշելով Քոպանիի մէջ անցուցած երբեմնի խաղաղ ու անհոգ օրերը:

 Ընտանիքի անդամներէն Իլոնա Թովմասեանը ըսաւ, որ իրենք Քոպանիի մէջ հանգիստ ապրած են, քիւրտերու եւ արաբներու կողմէն  հայ ըլլալու պատճառով երբեք ճնշումներու չեն ենթարկուած, ընդհակառակը` միշտ արժանացած են լաւ վերաբերումի եւ որեւէ օգնութեան հարցով դիմած են անոնց:

Ընդհանուր առմամաբ, Քոպանիի մէջ 8 հայ ընտանիք ապրած է, որոնց մէջ նաեւ ճանաչցուած բժիշկներ եղած: Թովմասեաններու մեծ մասը աշխատանք ունեցած է եւ հանապազօրեայ հացը վաստակած:

Երբ 2014 թուականի Սեպտեմբեր 28-ին ԻՊ գրոհայինները, մտնելով Քոպանի աւերած են, վառած են տուները եւ սպաննած մարդոց,  Թովմասեաններու գերդաստանը (Թովմասեան 4 եղբայրներու ընտանիքները եւ 11 երեխաները) բախտի բերմամբ կարցած են փախչիլ եւ ապաստանի ուղիներ որոնել:

Կտտանքներէն մազապուրծ եղած ընտանիքը, մահը աչքներուն առջեւ, ձեւով մը հասած են Թուրքիոյ սահմանի մօտ, ուր թուրք սահմանապահները թուլատրած են մուտք գործել Թուրքիա` Սուրուճի, ուր անոնց ապրելու համար տեղ յատկացուցած են գիշերօթիկ դպրոցի շէնքի մէջ: Գերդաստանը, բազում խոչընդոտներ յաղթահարելով, երեք ամիս ապրած է դպրոցի մէջ: Ապա Եունիսէֆ-ը փախստականներու համար վրաններ տեղադրած է եւ բոլորը տեղափոխուած են վրանային բնակատեղեր:

7 ամիս մնալով Ուրֆայի Սուրուջի մէջ` Թովմասեանները դժգոհելու առիթ չեն ունեցած. երբեք քաղց, ծարաւ չեն զգացած, իսկ թուրքերը անոնց հանդէպ հոգատար եղած են եւ մարդկայնօրէն վերաբերած: Միայն ամրան տանջալից օրեր անցուցած են, քանի որ վրանի մէջ շատ տաք եղած է:

Սակայն չեն տրտնջացած, որովհետեւ իրենց կողքին նոյն կարգավիճակով 30 հազար վրաններու մէջ պատսպարուած շուրջ 100 հազար փախստականներ կան, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը քիւրտեր եւ արաբներ եղած են:

Վրանի մէջ ապրած օրերուն անոնց այցելած է Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնած ամէն գնով օգնել անոնց, որ  Հայաստան տեղափոխուին:

“Այս լուրին բոլորս անհամբեր կը սպասէինք, քանի որ մենք ալ կը մտածէինք այդ ուղղութեամբ, ինչ ալ որ ըլլայ մեր վերջին հանգրուանը Հայաստանի մէջ է, պէտք է այստեղ հաստատուինք”,-ըսաւ տիկին Իլոնան:

Հարցին, թէ ինչ զգացուում ունին Հայաստանի մէջ գտնուելու առաջին օրերուն, Թովմասեանները պատասխանեցին.«ուրախ ենք, որ Հայաստանի մէջ ենք` մեր Հայրենիքի մէջ, այս օրուան անհամբերութեամբ կը սպասէինք, իսկ Երեւանը շատ գեղեցիկ է: Պարզապէս միջավայրին յարմարելու, մենք մեզ վերագտնելու  խնդիր ունինք, սակայն, յոյսը չենք կորսնցուցած, ժամանակի ընթացքին այդ ալ կը յաղթահարենք: Հիմա այնքանով հանգիստ ենք, որ մեր գլուխներու վրայ տանիք կայ, անվտանգ ենք: Ամենակարեւորը այն է, որ ամէն րոպէ տագնապած չենք սպասեր ականներու պայթիւնը լսելուն, գոնէ երեխաները հանգիստ կը քնանան:

Նոյնիսկ հոգեբանական այս ծանր վիճակի մէջ անոնք ունակ են կատակելու.«երբ կարեւոր բան պէտք ըլլայ, կը վախնանք տունէն ելել` մտածելով, որ կը կորսուինք եւ ոչ ոք մեզի չի գտներ, իսկ հարեւաններէն մի քանին արդէն հիւր եկած են եւ ծանօթացած մեզի հետ”,- խնդալով ըսին աղջիկները:

Այժմ Թովմասեաններու մտահոգութիւնը այն է, որ լուծուի անոնց բնակարանի եւ աշխատանքի հարցը, որպէսզի խիղճը հանգիստ կարենան ապրիլ: Անոնց նաեւ բժշկական, հոգեբանական աջակցութիւն է անհրաժեշտ. ընտանիքի անդամներէն մի քանին առողջական խնդիրներ ունին. Յակոբի տղան ի ծնէ զրկուած է խօսելու կարողութենէն, արդէն եօթ տարեկան է, ընտանիքի անդամներէն Ֆերուզի մէկ ոտքը փտախտի պատճառով անդամահատած են:

Տիկին Իլոնայի 13 տարեկան որդին հոգեկան ծանր ապրումներու մէջ է. ամուսինը  ԻՊ գրոհայինները  աչքի առջեւ սպաննած են: Երբ Քոպանիի մէջ իրավիճակը հանդարտած է, ամուսինը որդին հետ վերադարձած է այնտեղ` տան եւ խանութի նորոգութեան աշխատանքները կատարելու, որպէսզի ընտանիքին հետ կանչեր: Սակայն մի քանի օր անց ահաբեկիչները կրկին մտած են Քոպանի եւ սպաննած խաղաղ բնակչութիւնը:

Անոնցմէ ետք տղան մինչեւ հիմա չի կրնար մոռնալ հօր անշնչացող, արիւնաքամ եղած մարմինը: Դարձած է ինքնամփոփ, գիշերները սարսափած կ’արթնայ եւ քիչ կը շփուի ընտանիքի անդամներու հետ: Ինք հրաշքով կրցած է փրկուիլ եւ հասնիլ Թուրքիա` հարազատներու մօտ:

 Թուրք զինուորները թաղած Իլոնայի ամուսինի մարմինը, իսկ գերդաստանի տղամարդիկ մահէն երեք ամիս ետք գացած են Քոպանի, գտած գերեզմանը, վրան խաչ դրած, մահացողի անուն-ազգանունը գրած եւ վերադարձած Թուրքիա:

  Ամբողջ զրոյցի ընթացքին Թովմասեանները գեղեցիկ եւ պարզ հայերէնով կը խօսէին: Հարցին, թէ ինչպէս կրցած են պահպանել Մայրենին քրտական Քոպանիի մէջ, անոնք միահամուռ պատասխանեցին. “Քոպանիի մէջ ապրելու տարիներուն երբեք չենք դադարած հայերէն խօսիլ իրարու հետ, անիկա մեր ընտանիքի մէջ կարեւոր պայման էր, նոյնիսկ մեր երեխաներուն պարտադրած ենք հայերէն խօսիլ, որպէսզի չմոռնան սեփական լեզուն, ինչն ալ իրենց կ’օգնէ հայ մնալ”:

 Յիրաւի, Թովմասեաններու գերդաստանի պատմութիւնը ոչինչով չի տարբերիր  1915-ի գաղթ, աւէր, թալան, կոտորած տեսած հայ ընտանիքներու պատմութենէն: Սակայն Թովմասեանները, գաղթի ճանապարհը բռնած, հասան Հայաստան: Եւ խորհրդանշականը այնն է, որ անոնք Հայրենի եզերքին հաստատուեցան նոյն 2015 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Գէորգ Չիչեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.