Համշէնահայերու Հոփա քաղաքին մէջ ջրհեղեղի զոհ գացած է 8 քաղաքացի


ԱՐՏՈՒԻՆ, «Ակունք».- Յորդառատ անձրեւներու հետեւանքով, վերջերս ջրհեղեղ եւ աւերներ արձանագրուած է համշէնահայերով բնակեցուած Արտուին նահանգի Հոփա քաղաքին մէջ: Այս մասին հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները:

Նախնական տուեալներով, 8 հոգի զոհուած է աղէտին պատճառով, իսկ 3 ուրիշներ անհետ կորսուած են:

Հոփայի քաղաքապետ Նետիմ Ճիհան յայտարարած է, որ այսպիսի աղէտ չէ գրանցուած վերջին 50 տարուան ընթացքին։

Քաղաքի Սունտուրա թաղամասը ամէնէն աւելի տուժած է ջրհեղեղէն. այնտեղ գտնուող քառայարկ շէնք մը քանդուած է: Որոնողական աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.