Սահմանադրութեան Նոր Նախագիծը 90-95 Տոկոսով Կը Համապատասխանէ ՀՅԴի Պատկերացումներուն


24 Օգոստոսին լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին նոր Սահմանադրութեան մասին խօսած եւ զայն արժեւորած են ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանն ու ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը։ Անոնք հաստատած են, որ Սահմանադրութեան նոր նախագիծը 90-95 տոկոսով կը համապատասխանէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատկերացումներուն։

Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ նոր Սահմանադրութեան այս նախագիծը կը լուծէ երկրին խնդիրները կամ գէթ հիմք կը ստեղծէ անոնց լուծման։ Ան յայտարարած է, թէ տակաւին կան իրենց կողմէ կատարուած բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք չեն ընդգրկուած նախագիծին մէջ, այդուհանդերձ, իրենք թէ՛ քարոզչական, եւ թէ՛ գործնական մակարդակի վրայ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի երկիրը ընթանայ նոր ուղղութեամբ:

«Այս Սահմանադրութեամբ մեր երկրի խնդիրները լուծուելու են, կամ հիմքեր են ստեղծուելու լուծուելու ուղղութեամբ», հաստատած է ան:

 Աղուան Վարդանեան առանձնացուցած է երեք հիմնական շեշտադրումները, որոնք պիտի ապահովեն երկրին զարգացումը՝ անցում կատարել կառավարման խորհրդարանական համակարգին, անցում 100 տոկոս համամասնական համակարգ եւ ստեղծել այնպիսի համակարգ, ուր ընդդիմութիւնն ունի իսկական լծակներ՝ ազդելու իշխանութեան վրայ:

«Այս երեք հիմնական սկզբունքները աւելիով արտացոլուած են ներկայ Սահմանադրութեան տեքստում (բնագրում-Խմբ.) եւ կարող ենք արձանագրել, որ իբրեւ քաղաքական մտածողութիւն, քաղաքական ուժ, մեր մօտեցումները յաղթանակել են: Չլինելով իշխանութեան մէջ եւ ունենալով պառլամենտում հինգ պատգամաւոր, հասանք նրան, որ երկիրը գնալու է այն ուղղութեամբ, որը մենք պատկերացրել ենք, որեւէ ուժի համար նման յաղթանակ դժուար իրագործելի էր», յայտնած է ան։

Աղուան Վարդանեան նշած է, թէ շատ կարեւոր են բովանդակային քննարկումները՝ կոչ ուղղելով, որ բոլորը մտնեն բովանդակային քննարկումներուն մէջ: «Կարծում եմ քաղաքացիական հասարակութիւնը, որ առողջ շերտեր ունի, կը մտնի բովանդակային քննարկման փուլ», ըսած է ան։ Ան ըսած է, թէ շատեր այն կարծիքին են, որ քաղաքական եւ հասարակական պահանջ չկայ, բայց քաղաքական պահանջքը, ըստ անոր, միշտ ալ եղած է, իսկ հասարակական պահանջքը դժուար է պատկերացնել: «Հասարակութիւնը դուրս չի գալիս փողոց, ասում է՝ պէտք է փոխել, դա անում է ակտիւ զանգուածը», դիտել տուած է ան:

Արմէն Ռուստամեան յայտարարած է, թէ բոլորովին նոր որակի Հայաստան պիտի ունենանք այս Սահմանադրութեան փոփոխութէն ետք, որովհետեւ «գործող համակարգը մենիշխանութիւն ծնող համակարգ է եւ երկրի համար թիւ մէկ հարցն էր ազատուել այդ մենիշխանական համակարգից»:

«Դրա համար առաջարկել էինք խորհրդարանական համակարգ եւ իշխանութեան ապակենտրոնացում: Երբեւէ իշխանափոխութիւն տեղի չի ունեցել ընտրութիւնների միջոցով, եւ ընդդիմութիւնը չի եկել իշխանութեան ընտրութիւնների միջոցով», ըսած է ան եւ նշած, որ նոր Սահմանադրութեամբ իշխանական լիազօրութիւնները բաշխուած են քանի մը տեղ, ինչ որ լուծում կը բերէ հիմնական հարցերէն մէկուն։

Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումներուն, թէ արդեօք փոխուող Սահմանադրութիւնը պիտի չնպաստէ՞ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան վերարտադրութեան՝ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ փոփոխութեան ենթարկուող Սահմանադրութեամբ էապէս կը նուազին իշխանութեան վերարտադրութեան բոլոր այն հիմքերը, որոնք ցարդ գոյութիւն ունեցած են։

Ան դիտել տուած է, որ մարդիկ շատ յաճախ վերարտադրութիւնը կ՛առնչեն այն երեւոյթին, որ նոյն անձը կը մնայ նախագահական աթոռին վրայ, սակայն խորքին մէջ իրողութիւնը այդպէս չէ։ Արմէն Ռուստամեանի համաձայն՝ վերարտադրութիւն կայ այն ատեն, երբ համակարգը թոյլ չի տար իշխանութեան փոփոխութիւն կատարել ընտրութիւններուն միջոցով. Հայաստանի մէջ կը փոխուին նախագահները, մինչդեռ համակարգը կը վերարտադրուի՝ իշխող ուժը պահելով իշխանութեան գլխուն։

«Եւրոպական 28 երկրներից 19ը խորհրդարանական են: Թող մէկն ասի, որ խորհրդարանական համակարգը նպաստում է այդ երկրներում իշխանութիւնների վերարտադրմանը», ըսած է Ռուստամեան՝ առաջարկելով համեմատել երկու իրավիճակ՝ բարեփոխենք համակարգը, երբ Սերժ Սարգսեանը այդ համակարգին մէջ որեւէ տեղ ըլլայ կամ չփոխենք համակարգը, ուր որեւէ նախագահ կ՛իւրացնէ իշխանութիւնը եւ անսանձ կերպով կը ղեկավարէ երկիրը, ասոնցմէ ո՞ր մէկը աւելի լաւ է։

«Մենք տեսել ենք, որ իրաւայաջորդների փոփոխութիւնը որեւէ լաւ տեղ չի տանում, ու միշտ դժգոհել ենք բոլոր գործող նախագահներից, ուստի խնդիրը ուրիշ տեղ է», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Սերժ Սարգսեանը այս համակարգին մէջ իր իշխանութիւնը պիտի պահէ մինչեւ 2018: Երբ Սահմանադրութիւնը ընդունուի, ապա 2017ին խորհրդարանական ընտրութիւններով կը նախատեսուի այդ բոլոր կարեւոր պաշտօններու նշանակում կամ ուղղակի ընտրութիւն: «Նոր նախագահն անցումային դրոյթներով զբաղեցնելու է իր պաշտօնը, որը, ըստ էութեան, անգլիական թագուհու կարգավիճակի՝ խորհրդանշական պաշտօն է լինելու», դիտել տուած է Ռուստամեան:

Աղուան Վարդանեան աւելցուցած է, որ այսօրուան Սահմանադրութեամբ կայ իշխանութեան գերկեդրոնացեալ դրութիւն, միանձնեայ ղեկավարում՝ առանց պատասխանատուութեան, կայ ընտրական համակարգ մը, որ առիթ չի տար իշխանափոխութիւն իրականացնելու, կան քաղաքական որոշումներու կայացման ստուերային գործընթացներ, կան ականներ, որոնք կրնան ցնցումներ յառաջացնել երկրին մէջ:

«Սերժ Սարգսեան, Ռոբերտ Քոչարեան, Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Աղուան Վարդանեան, Արմէն Ռուստամեան… Արդէն համակարգի մասեր պէտք է լինեն, ոչ թէ լինեն համակարգի գլուխ: Մենք չենք դրել եւ չենք դնելու անձի վերարտադրման խնդիր: Եթէ վաղը տեսնենք, որ Ընտրական օրէնսգիրքը յանկարծ ինչ-որ առաւելութիւն է տալու որեւէ կուսակցութեան, ապա առաջին պայքարողներն ու թոյլ չտուողները մենք ենք լինելու», ըսած է Աղուան Վարդանեան:

Պատգամաւորը անդրադարձած է սահմանադրական փոփոխութեամբ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին: Անոր համաձայն՝ ՀՅԴին համար առանցքային հարցերէն եղած է երկրորդ հանգրուանի խնդիրը, որովհետեւ այն ձեւակերպումը, որ տրուած էր նախկին բովանդակութեամբ, կը հակասէ խորհրդարանական դրութեան տարրական օրէնքներուն՝ համախոհութեան ձեւաւորման կարելիութեան: Վերջնական հրապարակուած նախագիծին մէջ արդէն ուրիշ ձեւով գրուած է. «Եթէ առաջին փուլի արդիւնքում կամ Ընտրական օրէնսգրքով սահմանուած ժամկէտում ու կարգով քաղաքական կայուն մեծամասնութիւն չի առաջանում, նոր անցկացւում է երկրորդ փուլ: Այսինքն՝ ակնյայտ է, որ եթէ չկայ մեծամասնութիւն, ապա ժամկէտ է տրւում, որպէսզի ստեղծուի կոալիցիա»:

Երկրորդ կարեւորագոյն սկզբունքը, ըստ Աղուան Վարդանեանի, այն է,  որ եթէ որեւէ քաղաքական ուժ կարելիութիւն ունի հաւաքելու 30-35 տոկոս եւ մտածելու, որ կրնայ համախոհութեան չերթալ ու երկրորդ հանգրուանով մեծամասնութիւն ունենալ, ապա  այս առնչութեամբ աւելցուած է ամբողջ պարբերութիւն մը, որ երկրորդ հանգրուանի պարագային առաւելագոյն ձայներ ստացած առաջին երկու ուժերը կրնան դաշինքներ կազմել հինգ տոկոս արգելապատնէշը յաղթահարած կուսակցութիւններուն հետ: «Այսինքն՝ որեւէ քաղաքական ուժ պէտք է չափազանց զգուշանայ երկրորդ փուլ գնալուց: Հաւասարակշռութիւն է ստեղծուած, որ շատ կարեւոր է», ըսած է Աղուան Վարդանեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.