Սիսի կաթողիկոսարանէն հնչեց պահանջատիրական ձայնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան


 

«Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած՝ մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանին վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք, հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին»: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու զօրեղ յանձնառութեան արտայայտութիւնը եղող այս բառերը հնչեցին Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն՝ հայ ժողովուրդին ուղղուած Հայրապետական պատգամին ճամբով։
 
Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ին այցելեց Սիսի Կաթողիկոսարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ 1293-էն Հայոց Կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար:
 
Ապա, կարդացուեցաւ Նորին Սրբութեան պատգամը: Արդարեւ, 100 տարիներ յետոյ Սիսի Կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ կը հնչէր Հայրապետական պատգամ ուղղուած մեր ժողովուրդին:
 
Իր Հայրապետական պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան եւ սրտաճմլիկ պայմաններու մէջ իր ժողովուրդին հետ Սահակ Կաթողիկոսի աքսորին, յիշեց իր ժողովուրդի իրաւունքները պահանջելու ծերունազարդ Հայրապետին արի կեցուածքը եւ ամբողջական ու անկախ Հայաստանի իր մարգարէատեսիլ բառերը: Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յանձնառութիւնը, որպէս պահանջատէր Սիսի Կաթողիկոսարանին եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն:
 
Սիսի Կաթողիկոսարան մեկնած միաբանական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Կիպրոսի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան:
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական պատգամին բնագիրը, ինչպէս նաեւ պատուիրակութեան այցելութեան տեսերիզը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ մի քանի օրերուն։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.