Մուշի մէջ 40 հազարէ աւելի իսլամացած հայ կայ


Համահայկական խաղերը բացայայտեցին Արեւմտեան Հայաստանի նոր ձեւաւորուած հայկական կառոյցներու աշխուժութիւնը: armradio.am-ի փոխանցմամբ` այսօր լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ իրենց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ինքնութեան բացայայտման մասին  պատմած են Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչները:

Մուշի մէջ գործող Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան փոխատենապետ Գէորգ Չալըշ պատմեց մէկ տարի առաջ ստեղծուած հայկական առաջին հայրենակցական միութեան ստեղծման նպատակներուն ու դժուարութիւններուն մասին: «Դժուար է Մուշի մէջ նման աշխատանքներ տանիլը, քանի որ Մուշը շատ կրօնամոլ վայր է: Մենք, սակայն, այդ վտանգին գացինք: Մտածեցինք, որ պէտք է հայերէն եւ պատմութիւն սորվեցնենք երիտասարդներուն, քանի որ այնտեղ քրիստոնեայ հայ չկայ, բոլորը իսլամացած հայեր են, բայց հայ ըլլալը կ’ընդունին արդէն»:

Հայրենակցական միութեան ատենապետ Հայրետին Արսլանի խօսքով` իրենց նախաձեռնութեան համար տարաբնոյթ վտանգներ միշտ կան: Ան հայերէն չի խօսիր, սակայն կը փորձէ սորվիլ: Ըսաւ, որ այս տարածքներուն մէջ արդէն 100 տարի է այդ վտանգները գոյութիւն ունին եւ իրենք ալ նեղութիւններու մէջ  մեծցած են: «Մենք այնտեղ ծնած ենք ու ամէն մարդ ալ արդէն գիտէ, որ մենք հայ ենք»

Գէորգ Չալըշ ըսաւ, որ իսլամացած հայեր շատ կան: Սթամպուլ տեղափոխուած արմատներով սասունցի Գէորգը փոխանցեց, որ քիւրտ մը զինք տեղեկացուցած է, թէ Մուշի եւ յարակից տարածքներուն մէջ 40 հազար հայ կ’ապրի: Անոնց 40 տոկոսի մայրական կողմը հայ է, իսկ 10 տոկոսի` հայրական: Ասիկա միջին տուեալ է:  Ան կը կարծէ, որ ծանօթանալու շատ լաւ հնարաւորութիւն կայ Համահայկական խաղերուն առաջին անգամ մասնակցութիւնը:

Արեւմտեան Հայաստանի ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ Սիմոն Թարոնեան նկատեց, որ անցեալին ամէն ինչ  փակ էր, կապ չկար Արեւմտեան Հայաստանի եւ Խորհրդային Հայաստանի հայերու միջեւ: Բոլորը մտածած են, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ոեւէ հայ չէ մնացած, իսկ այնտեղ մնացածները իսլամանալով` ապրած են թաքցնելով իրենց ինքնութիւնը: «3 Փոքր համայնքներու նման` ով որուն կը  ճանչնար, անոր հետ կապ ունէր: Անգամ ցեղախումբեր կան, օրինակ` Խորխոռունիները դարձած են Խոռնեկեն, Մամիկոնեանները` Մեմիկանէ: Իրար ճանչցող հայերը շարունակած են գաղտնի այդ կապը պահպանել»,- կ’ըսէ:

Գէորգ Չալըշն ալ նշեց, որ հայրենակցական միութեան ստեղծման հիմնական նպատակն ալ այն է, որ Մուշի եւ յարակից տարածքներուն մէջ ապրող հայերը իրարու  ճանչնան:

Սիմոն Թարոնեան ըսաւ, թէ ամէն տեղ հայ կայ` գաղտնի եւ բացայայտ: Հիմա համայնքները սկսած են կազմակերպուիլ ու ատոր պիտի նպաստեն նաեւ ձեւաւորուող հայրենակցական միութիւնները: Ան կը կարծէ, որ առաջին հերթին անհրաժեշտ է հասկնալ, որ հայ ըլլալը միայն քրիստոնեայ հայ ըլլալը չէ, առաջին հերթին` մտածողութիւնն ու արիւնն է հայ ըլլալը եւ պէտք է օգնել, որ գաղտնի իբրեւ հայ ապրողները վերադառնան իրենց ինքնութեան` սորվին իրենց լեզուն ու պատմութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.