Սեբաստացի Մուրատ (1874-1918). Ազգային հերոսի ու Դաշնակցական ֆետայիի դիւցազնական դէմքը


Օգոս­տոս 4ի այս օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք հե­րո­սա­կան նա­հա­տա­կու­թեան 97րդ ­տա­րե­լի­ցը հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ջա­րի ծնունդ­նե­րէն ան­մահն ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տին։
Մու­րատ զո­հո­ւե­ցաւ թրքա­կան զօր­քի ար­շա­ւան­քին դէմ ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան մղած ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ա­հեղ կռո­ւի ըն­թաց­քին, ճիշդ այն պա­հուն, երբ հե­րո­սա­բար կրցած էր ճեղ­քել թշնա­մի բա­նա­կին պա­շար­ման օ­ղա­կը եւ յաղ­թա­նակ ա­պա­հո­վել հայ­կա­կան զօր­քին։

Ար­դա­րեւ, Օ­գոս­տո­սի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, 97 տա­րի ա­ռաջ, ­Պա­քո­ւի հա­յու­թիւ­նը կե­նաց-մա­հու կռիւ կը մղէր հա­կա­հայ պա­տե­րազմ հռչա­կած մու­սա­ւա­թա­կան թա­թար­նե­րուն եւ Անդր­կով­կա­սի նաւ­թա­յին մայ­րա­քա­ղա­քը գրա­ւե­լու՝ ­Պա­քո­ւի նաւ­թա­հո­րե­րուն տի­րա­նա­լու նպա­տա­կով բուռն յար­ձա­կո­ղա­կա­նի ձեռ­նար­կած թրքա­կան զօր­քե­րուն դէմ։

Թէեւ Օ­գոս­տոս 1918ին Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը մօ­տե­ցած էր իր ա­ւար­տին, բայց ­Պա­քո­ւի նաւ­թա­հո­րե­րուն տի­րա­նա­լու հա­մար կա­տա­ղի ու վեր­ջին պայ­քար մը կը մղո­ւէր մէկ կող­մէ թուրք-գեր­ման զի­նա­կից­նե­րուն, իսկ միւս կող­մէ ռուս-անգ­լիա­ցի դաշ­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ։

1917ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին պոլ­շե­ւիկ­նե­րու իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լով եւ ռու­սա­կան զօր­քին ուղ­ղո­ւած ­Լե­նի­նի տուն-դար­ձի կո­չով՝ ռու­սեւթր­քա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի ամ­բողջ եր­կայն­քին ծայր ա­ռած էր ռու­սա­կան բա­նա­կին կազ­մա­լու­ծու­մը. ա­մէ­նուր ռուս զօր­քի դա­սալ­քու­թիւն ու նա­հանջ էր՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով, որ Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դերն ու ռու­սա­կան բա­նա­կի հայ սպա­ներն ու զի­նո­ւոր­նե­րը ա­ռան­ձին մնան թրքա­կան զօր­քե­րուն եւ ա­նոնց միա­ցած թուրք-թա­թար զի­նեալ­նե­րուն դէմ, ­Նա­խի­ջե­ւա­նէն մին­չեւ ­Պա­քու։

Փետ­րո­ւար 1918էն սկսեալ, ռուս-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի կազ­մա­լու­ծու­մէն օգ­տո­ւե­լով՝ ­Նու­րի փա­շա­յի թրքա­կան զօ­րա­բա­նա­կը ա­մէն գնով կ­’ար­շա­ւէր դէ­պի ­Պա­քու, գեր­ման իր զի­նա­կի­ցին նաւ­թով ա­պա­հո­վե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան պատ­րո­ւա­կով՝ ­Հա­մաթր­քու­թեան Ց­նոր­քը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։

Պա­քո­ւի մու­սա­ւա­թա­կան­նե­րը, ի­րենց թուրք «եղ­բայր­ներ»ուն դի­մա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով, ոտ­քի հա­նած էին թուրք-թա­թար բնակ­չու­թիւ­նը՝ խու­ժա­նը զի­նե­լով եւ զայն յատ­կա­պէս հա­յե­րու վրայ սպան­դի ու թա­լա­նի յար­ձակ­ման մղե­լով։

Հա­կա­դար­ձա­բար՝ ռազ­մա­վա­րա­կան ան­նա­խա­դէպ զի­նակ­ցու­թիւն կնքո­ւած էր ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն մի­ջեւ։ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ ռուս սո­ցիա­լիստ-յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն մաս կազ­մող հայ գոր­ծիչ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ, միա­ցեալ ճա­կատ կազ­մած էր հայ-ռուս-թուրք պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հետ, ո­րոնց ղե­կա­վարն էր Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեան։ Այդ­պէ՛ս, ռու­սա­կան բա­նա­կի եւ կար­միր ջո­կա­տա­յին­նե­րու հետ կռո­ւի դաշտ ի­ջած էին դաշ­նակ­ցա­կան խում­բե­րը։ Ս­տեղ­ծո­ւած էր ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թիւն՝ ռու­սա­կան բա­նա­կի հա­յազ­գի գնդա­պետ Ա­ւե­տի­սեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ հայ­դու­կա­պետ ­Հա­մա­զաս­պի փոխ-հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ։

Պոլ­շե­ւի­կեան նեն­գա­միտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բեր­մամբ, ­Յու­լիս 30ին ­Շա­հու­մեան եւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը փա­խուս­տի դի­մե­ցին, իսկ ­Պա­քո­ւի Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը՝ ­Ռոս­տո­մի ու Աբ­րա­համ ­Գիւլ­խան­դա­նեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան օր­հա­սա­կան կռի­ւը ա­ռան­ձինն շա­րու­նա­կե­լու պատ­մա­կան ո­րո­շու­մը տո­ւաւ։ Ան­շուշտ հա­յոց դի­մադ­րա­կա­նու­թեան օգ­նեց նաեւ ­Պարս­կաս­տա­նէն ստա­ցո­ւած անգ­լիա­կան զօր­քի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան օգ­նու­թեան հաս­նե­լու խոս­տու­մը բե­րող ռա­տիօ-հե­ռա­գի­րը։ ­Բայց ա­ռանց այդ յոյ­սին ալ, հա­յու­թիւ­նը տար­բեր ելք չու­նէր։ ­Թուր­քը կու գար ամ­բող­ջաց­նե­լու իր սկսած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը եւ հա­յը իր սե­փա­կան բա­զու­կով պի­տի պաշտ­պա­նո­ւէր…

Ա­հա՛ այդ օր­հա­սա­կան պա­հուն ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան ոտ­քի հա­նած եւ, գնդա­պետ Ա­ւե­տի­սեա­նի ու ­Հա­մա­զաս­պի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, կռո­ւի դաշտ նե­տո­ւած տա­սը հա­զար­նոց հայ­կա­կան զօր­քին օգ­նու­թեան հա­սան, ­Ռոս­տո­մի պա­հան­ջին ըն­դա­ռա­ջե­լով, դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յիի հե­րո­սա­կան ու­ղի նո­ւա­ճած ­Սե­պուհն ու ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տը ի­րենց խում­բե­րով։

Յու­լիս 31էն մին­չեւ Օ­գոս­տոս 5 ա­հեղ կռիւ­ներ մղո­ւե­ցան ­Պա­քո­ւի մէջ ­Նու­րի փա­շա­յի ա­ւե­լի քան 20 հա­զար զի­նո­ւոր եւ հա­զա­րա­ւոր մու­սա­ւա­թա­կան զի­նեալ հաշուող զօր­քի խուժ­ման դէմ։ ­Ռազ­մա­կան գե­րակշ­ռու­թիւ­նը թրքա­կան կող­մին կը պատ­կա­նէր, անգ­լիա­կան զօր­քը կ­’ու­շա­նար, բայց ­Պա­քո­ւի պա­շա­րո­ւած հա­յու­թիւնն ու հայ­կա­կան զօր­քը ան­տե­ղի­տա­լիօ­րէն կը պայ­քա­րէին…

Եւ 4 Օ­գոս­տո­սին, երբ թրքա­կան զօր­քե­րը ու­ժեղ յար­ձա­կո­ղա­կա­նով մը վեր­ջին ու մա­հա­ցու հա­րո­ւած մը կը փոր­ձէին հասց­նել հայ­կա­կան ու­ժե­րուն, դիւ­ցազ­նա­կան խո­յանք­նե­րու ան­զու­գա­կան հե­րո­սը՝ ­Մու­րատ կա­ցու­թիւ­նը փրկեց։ Իր գլխա­ւո­րած ու­ժե­րով՝ ­Մու­րատ յա­ջո­ղե­ցաւ ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բլուր մը գրա­ւել եւ, թրքա­կան զօր­քե­րը եր­կու­քի բաժ­նե­լով, ընդ­հա­նուր խու­ճա­պի մատ­նեց զա­նոնք եւ ստի­պեց փա­խուս­տի դի­մել։

Յաղ­թա­կան այդ ճա­կա­տա­մար­տին կեր­տիչն ու նա­հա­տա­կը ե­ղաւ, միա­ժա­մա­նակ, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ, որ ­Սե­բաս­տիոյ մէջ, ­Սաս­նոյ լեռ­նե­րուն վրայ եւ ­Վաս­պու­րա­կա­նի տա­րած­քին, ընդ հուր եւ ընդ ա­րիւն եր­կար ճամ­բայ կտրե­լէ ետք, առ­յա­ւէտ փա­կեց աչ­քե­րը ­Պա­քո­ւի մէջ։

Ա­ռաս­պե­լա­կան տի­պար էր ­Մու­րատ՝ քաջ եւ ու­ժեղ ու յան­դուգն ֆե­տա­յի, որ ի­րա­ւամբ մարմ­նա­ւո­րեց Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի եւ ­Դաշ­նակ­ցա­կան ­Ֆե­տա­յիի դիւ­ցազ­նա­կան ճա­ռա­գայ­թող դէմ­քը։

Մու­րատ ծնած էր ­Սե­բաս­տիոյ ­Կով­տուն գիւ­ղը, 1874ին, հայ բո­շա­յա­կան ըն­տա­նի­քի մէջ։ Ինչ­պէս հայ բո­շա­յա­կան ծա­գում ու­նե­ցող ­Կոմսն (­Վա­հան ­Փա­փա­զեան) ու գրող Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նը, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ եւս ամ­բող­ջա­կա՛ն հա­յու իր կեր­պա­րը ստեղ­ծեց եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­ւեր­ժա­կան հե­րոս­նե­րու փա­ղան­գին մէջ ար­ժա­նա­ւոր դիրք գրա­ւեց։

Իր գիւ­ղի դպրո­ցին մէջ ա­շա­կեր­տա­կան կեան­քին եր­կար չդի­մա­ցաւ։ Իր ըմ­բոստ ու ա­զա­տու­թիւ­նը սի­րող նկա­րագ­րով՝ հա­զիւ պա­տա­նի, հե­ռա­ցաւ դպրո­ցա­կան կեան­քէն ու խաշ­նա­րա­ծու­թեան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ։ ­Լեռ­նե­րու սի­րա­հար եւ վար­պետ որ­սորդ՝ ­Մու­րա­տի կեան­քը կտրուկ փո­խո­ւե­ցաւ, երբ հո­վիւ ե­ղած ա­տեն պա­տա­հա­կան թուր­քեր յար­ձա­կե­ցան վրան՝ զինք սպան­նե­լու եւ հօ­տը գող­նա­լու հա­մար։ ­Մու­րատ սպան­նեց յար­ձա­կող թուր­քե­րէն մէ­կը եւ միւս­նե­րուն փա­խուս­տի մատ­նեց։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը չկրցաւ ­Մու­րա­տին ձեր­բա­կա­լել, բայց փո­խա­րէ­նը՝ հօ­րը բան­տար­կեց եւ ­Մու­րատ ստի­պո­ւե­ցաւ յանձ­նո­ւիլ, որ­պէս­զի փրկէ հօ­րը։ ­Բան­տար­կո­ւե­ցաւ, բայց կարճ՝ քա­նի մը ա­միս տե­ւեց բան­տար­կու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ան­չա­փա­հաս էր։ Ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ, բայց հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ ­Սե­բաս­տիա­յէն։

Մու­րատ ան­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ­Պո­մոն­թիի գոր­ծա­րա­նին մէջ բեռ­նակ­րու­թիւն ը­րաւ եւ ե­րե­կո­նե­րը դպրոց յա­ճա­խեց՝ տար­րա­կան ուս­ման եւ գրա­գի­տու­թեան տի­րա­նա­լու հա­մար։ ­Նոյն շրջա­նին ան­դա­մակ­ցե­ցաւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան, ո­րուն կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած Ա­չը­քեան պատ­րիար­քին դէմ ցոյ­ցին մաս­նակ­ցած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով՝ ­Մու­րատ դար­ձեալ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ։ Այս ան­գամ եւ­րո­պա­կան մի­ջամ­տու­թեանց շնոր­հիւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Պո­լի­սէն՝ իր ըն­կեր­նե­րով։ Ան­ցաւ Ե­գիպ­տոս ու ­Յու­նաս­տան։ ­Բայց ար­դէն չէր կրնար Երկ­րէն հե­ռու մնալ։ Գ­նաց ­Թիֆ­լիս, ուր նո­րա­կազմ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ի մի կը խմբէր գա­ղա­փա­րա­պաշտ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ ­Դէ­պի Եր­կիր խում­բեր կազ­մե­լով։ ­Մու­րատ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ վեց օր ոտ­քով ճամ­բայ կտրե­լով հա­սաւ ­Կարս, ուր­կէ ա­ռա­ջին ա­ռի­թով իսկ, զի­նա­տար խում­բի միա­նա­լով, մտաւ Եր­կիր՝ ­Բա­սէ­նի դաշ­տով ­Սա­սուն անց­նե­լու հա­մար։ 1903 թո­ւա­կանն էր. ­Մու­րա­տի տա­րի­նե­րու ե­րա­զը ի­րա­կա­նա­ցաւ եւ ան, ­Թոր­գո­մի սահ­մա­նը կտրող ա­ռա­ջին խում­բին հետ, իբ­րեւ պարզ զի­նո­ւոր, մտաւ եր­կիր։

Մուշ եւ ­Սա­սուն, Հ­րայր Դ­ժոխ­քի եւ ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի կող­քին, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ ոչ միայն կրա­կէ մկրտու­թիւն ստա­ցաւ, այ­լեւ՝ իր բնա­տուր ֆի­զի­քա­կան ու­ժով, մար­տի­կի խի­զա­խու­թեամբ եւ դիւ­ցազ­նա­կան նկա­րագ­րով ան­մի­ջա­պէս գրա­ւեց բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը։ ­Կար­գո­ւե­ցաւ խմբա­պետ եւ 1904ի գար­նան, երբ ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մը կ­’ո­րո­շո­ւէր, ­Մու­րա­տի ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Բայց ­Մու­րատ կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժեց եւ պնդեց, որ Անդ­րա­նիկն է այդ պաշ­տօ­նին ար­ժա­նա­ւոր տէ­րը։ Եւ այ­սօր ար­դէն պատ­մա­կան դար­ձած է այդ առ­թիւ ­Մու­րա­տի ար­տա­սա­նած խօս­քը, թէ՝ «Անդ­րա­նիկն է այդ ա­ռաջ­նոր­դը եւ ե­թէ ան­գամ նա մե­ռած լի­նի, իր դիա­կը մեր դրօ­շա­կին հետ պէտք է տա­րո­ւի մեր առ­ջե­ւէն.- դէ­պի կռիւ ու ա­զա­տու­թիւն»։

Մու­րա­տի ա­նո­ւան շուրջ ա­ռաս­պել­ներ շատ հիւ­սուե­ցան ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան շրջա­նին՝ իր քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։ ­Յատ­կա­պէս հռչակ ստա­ցաւ ­Մու­րա­տի հե­րո­սա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ 1904ի ամ­րան, ­Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թեան ա­ւար­տէն եւ Աղ­թա­մար կղզի հա­ւա­քո­ւած ֆե­տա­յի­նե­րու նշա­նա­ւոր ժո­ղո­վէն ետք, երբ թրքա­կան զօր­քե­րու պա­շար­ման շղթան ճեղ­քեց, թրքա­կան նաւ մը գրա­ւեց եւ ի­րեն հե­տե­ւող ժո­ղո­վուրդն ու ֆե­տա­յի­նե­րը ա­պա­հով ­Պարս­կաս­տան հաս­ցուց։ Այդ ա­ռի­թով, Ս. ­Թա­դէի վան­քի պա­տե­րուն, ֆե­տա­յի­նե­րու յա­տուկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն ձգե­լու սո­վո­րու­թեամբ, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ իր կար­գին փո­րագրեց հե­տե­ւեա­լը.

-«Ան­ցանք մենք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, իսկ ես կ­’ա­ւելց­նեմ նաեւ ընդ ա­րիւն եւ նո­րէն կ­’եր­թանք դէ­պի հուր եւ ա­րիւն»։

Այդ­պէ՛ս հու­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Մու­րա­տի ողջ կեան­քը։ ­Վե­րա­դար­ձաւ ­Սա­սուն, մաս­նակ­ցե­ցաւ 1907ի հե­րո­սա­կան կռիւ­նե­րուն։ ­Դար­ձեալ բռնեց ­Պարս­կաս­տա­նի ճամ­բան եւ երբ 1908ին հռչա­կո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ­Մու­րատ եր­կար ժա­մա­նա­կի հա­մար վե­րա­դար­ձաւ ­Սե­բաս­տիա։ Բ­նաւ չհա­ւա­տաց ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ տեն­դա­գին շա­րու­նա­կեց ժո­ղո­վուր­դի զին­ման եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան գոր­ծը։ 1910ին, իր ըն­կեր­նե­րու եւ շրջա­պա­տի ճնշման տակ, ա­մուս­նա­ցաւ՝ ­Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի կնքա­հայ­րու­թեամբ, որ ­Մու­րա­տի պաշ­տող­նե­րէն էր եւ ա­նոր նո­ւի­րած է իր հան­րա­ծա­նօթ քեր­թո­ւած­նե­րէն «­Բե­գաս»ը։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին, երբ Իթ­թի­հա­տա­կան ոճ­րա­պե­տու­թիւ­նը ձեռ­նար­կեց հա­յե­րու զի­նուորագ­րու­մին, ­Մու­րատ ըմ­բոս­տա­ցող­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ՝ իր զի­նակց­նե­րով քա­շո­ւե­լով լեռ­նե­րը, որ­պէս­զի ապս­տամբ հա­յե­րը հա­լա­ծե­լու պատ­րո­ւակ չտայ թուր­քե­րուն։ ­Լեռ­նե­րու վրայ ­Մու­րատ դար­ձաւ հայ­կա­կան գիւ­ղե­րու պա­հա­պան հրեշ­տա­կը՝ թուրք եւ քիւրտ աս­պա­տա­կող­նե­րու դէմ։ Իսկ երբ թրքա­կան ճնշու­մը սաստ­կա­ցաւ եւ տա­րագ­րու­թիւնն ու ջար­դե­րը հա­մա­տա­րած բնոյթ ստա­ցան, ­Մու­րատ ապ­րե­ցաւ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն ո­դի­սա­կա­նը։ ­Հա­րիւ­րա­ւոր գաղ­թա­կան ժո­ղո­վուր­դի եւ զի­նեալ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գլուխն ան­ցած՝ ­Մու­րատ դժո­ւա­րին ճամ­բոր­դու­թիւն մը կա­տա­րեց, թուր­քե­րէն իր բռնագ­րա­ւած ա­ռա­գաս­տա­նա­ւով, դէ­պի ­Պա­թում. ­Մու­րա­տի ո­դի­սա­կա­նին պատ­մա­կա­նը եւ ար­ժե­ւո­րու­մը այն­քան հա­րա­զա­տօ­րէն ու ա­ռաս­պե­լա­կան շուն­չով կա­տա­րած է ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան։

Կով­կաս հաս­նե­լով՝ ­Մու­րատ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին։ Իսկ ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րու վրայ, հե­րո­սա­կան իր խո­յանք­նե­րով, միշտ կա­ցու­թիւն­ներ փրկեց։ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան մտնող ռու­սա­կան զօր­քե­րուն ու հայ կա­մա­ւոր­նե­րուն հետ՝ ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ եւ ­Կայ­ծակ Ա­ռա­քել պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ փրկա­րար գործ կա­տա­րե­ցին, երբ ­Հայ­կա­կան ­Բարձ­րա­ւան­դա­կի տա­րած­քին ցի­րու­ցան ե­ղած եւ քրտա­կան ցե­ղա­խում­բեր ին­կած հայ բե­կոր­նե­րու ազ­գա­հա­ւա­քին ձեռ­նար­կե­ցին։ «­Մէկ հայ, մէկ ոս­կի» կար­գա­խօ­սով՝ ա­նոնք ­Կով­կա­սէն նո­ւի­րա­հա­ւաք կա­տա­րե­ցին եւ հայ բե­կոր­նե­րը… «գնե­ցին» քիւր­տե­րէն։

Ռու­սա­կան զօր­քի նա­հան­ջէն եւ, այ­նու­հե­տեւ, լե­նի­նեան տխրահռ­չակ «տուն-դարձ»ի կո­չէն ետք, ­Մու­րատ եւ ­Սե­պուհ, ո­րոնք ­Սաս­նոյ կռիւ­նե­րու օ­րե­րէն ան­բա­ժան դար­ձած եւ եղ­բայ­րա­ցած էին, փու­թա­ցին հոն, ուր հա­յու­թեան վտանգ կը սպառ­նար։

Այդ ճամ­բով ալ ա­նոնք՝ ­Սե­պուհ եւ ­Մու­րատ եր­կու­քով, 1918ին, յայտ­նո­ւե­ցան ­Պա­քու. մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ա­ռա­ջա­ցու­ցին ի­րենց եր­կա­րա­մեայ ըն­կե­րոջ՝ ­Հա­մա­զաս­պի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ կռո­ւող հայ քա­ջոր­դի­նե­րու շար­քե­րուն մէջ։

Բայց ճա­կա­տա­գի­րը դա­սա­ւո­րած էր այն­պէս, որ ­Պա­քո­ւի հա­յոց հե­րո­սա­մար­տը դառ­նայ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման դիւ­ցազ­նա­կան այս հե­րո­սին՝ ա­ռաս­պե­լա­տիպ ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տի վեր­ջին խո­յան­քին ժա­մադ­րա­վայ­րը։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.