Գասպար Կարապետեան. ՀՅԴ-ն թիրախաւորելով՝ իշխանութիւնը կը փորձէ տկարացնել Սփիւռքի ազդեցիկ ուժերը

ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Ազգային ժողովին մէջ իշխանական պատգամաւորներու այն յայտարարութիւնները, թէ ՀՅԴ-ն իրաւունք չունի Սփիւռքի անունով խօսելու կամ կը փորձէ իր քաղաքականութիւնը պարտադրել, իշխանութեան տկարութեան արտայայտութիւնն են։ Այս մասին Alpha News-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան։

Կարապետեանի ըսած է, որ իշխանութիւնները կը փորձեն հետեւողականօրէն թիրախաւորել Դաշնակցութիւնը եւ Սփիւռքի մէջ ազդեցիկ այլ ուժեր՝ անոնց գործունէութիւնը ներկայացնելով իբրեւ Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտութիւն։

«Այն պնդումը, թէ ես կամ Սփիւռքի իմ գործընկերները քաղաքականութիւն կը պարտադրենք, բացարձակ սուտ է։ Մենք երբեք ոչինչ պարտադրած ենք։ Միշտ ներկայացուցած ենք առաջարկներ, խորհուրդներ եւ մեր տեսակէտները, ինչ որ, իբրեւ հայ եւ Հայաստանի քաղաքացի, մեր լիարժէք իրաւունքն է», նշած է ան։

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս մղելու իշխանութիւններու դիրքորոշման՝ Կարապետեան զգուշացուցած է, որ Ցեղասպանութեան հարցի անտեսումն ու միջազգային ճանաչման գործընթացէն հրաժարիլը կրնան նոր վտանգներ ստեղծել Հայաստանի համար։

Ան ընդգծած է, որ անցեալի ոճիրներուն չճանաչումը կը մեծցնէ անոնց կրկնութեան վտանգը՝ Արցախի կորուստը նշելով իբրեւ վերջին եւ ծանր օրինակ։

«Հայաստանի համար այդ սպառնալիքը պիտի պահպանուի այնքան ատեն, որքան Թուրքիան չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը։ Եւրոպական խորհրդարանի եւ միջազգային այլ կառոյցներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը նաեւ Թուրքիոյ վրայ քաղաքական ճնշում բանեցնելու միջոց է՝ զայն մղելու ճանաչման», ըսած է Կարապետեան։