Ֆրանսա Կը Կասեցնէ Արցախի Հետ Գործակցութիւնը


0801fabius

 

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Նոր տե­ղեկա­ցանք ֆրան­սա­կան կա­ռավա­րու­թեան Յու­լիս 2 թուակիր շրջա­բերա­կանին մա­սին, որ մեզ մտա­հոգող բովանդակութիւն ունի: Փաս­տա­թուղթը, որ ղրկուած է նա­հան­գա­պետ­ե­րուն, շրջա­նային բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նատար­նե­րուն, ստո­րագ­րուած է Ար­տա­քին գոր­ծոց եւ Մի­ջազ­գա­յին զար­գացման նա­խարար Լօ­ռան Ֆա­պիիւ­սի եւ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարար Պեր­նար Գազ­նէօվի կող­մէ: Շրջա­բերա­կանին մէջ կ՚ըսուի, թէ «ֆրան­սա­կան տա­րած­քա­յին որոշ հա­ւաքա­կանու­թիւններ (collectivités territoriales) վեր­ջին ամիս­նե­րուն գոր­ծակցու­թեան հա­մաձայ­նագրեր կնքած են ֆրան­սա­կան կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ ճա­նաչում չգտած միաւոր­նե­րու հետ»:

Կը նշուի նաեւ, թէ ապա­կեդ­րո­նացեալ գոր­ծակցու­թիւնը՝ օրէնսդրա­կան գետ­նի վրայ կը պար­տադրէ հե­տեւեալ կէ­տերը.- – գոր­ծակցու­թեան որե­ւէ նա­խաձեռ­նութիւն պէտք է յար­գէ Ֆրան­սա­յի մի­ջազ­գա­յին յանձնա­ռու­թիւննե­րը, – յատ­կա­պէս, տե­ղական հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րը, բա­ցի այն պա­րագա­ներէն որոնք նա­խատե­սուած են օրէն­քով՝ չեն կրնար գոր­ծակցու­թեան հա­մաձայ­նա­գիր կնքել օտար երկրի մը հետ, կամ ալ այն միաւոր­նե­րուն հետ որոնք չեն ճանչցուած ֆրան­սա­կան պե­տու­թեան կող­մէ, ինչպէս Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղը կամ Ղրի­մը, կամ ալ միաւոր­ներու հետ, որոնք կը ներ­կա­յանան որ­պէս իրենց տա­րած­քա­յին հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րը, – հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րը պար­տին տե­ղեկու­թիւններ փո­խան­ցել Ազ­գա­յին յանձնա­ժողո­վին՝ ապա­կեդ­րո­նացեալ գոր­ծակցու­թեան գծով ար­տա­քին աշ­խարհի հետ իրենց նա­խաձեռ­նած քայ­լե­րուն մաս


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.