Սէլինա Տողան Հայերը անհանգստացնող հարցերը խորհրդարան կը յղէ


«Նոր մարմարա».- Թուրքիոյ հանրապետական կուսակցութեան անդամ Սէլինա Տողան կը պատրաստուի երկրի խորհրդարանին մէջ վերստին արծարծել հայութիւնը յուզող հարցեր: Ան Խորհրդարանի օրակարգին վրայ պիտի դնէ Հայերու նկատմամբ արտասանուած ատելավառ խօսքերու խնդիրը։ Վերջին շրջանին հայ ժողովուրդին զգացումները վիրաւորուեցան զանազան քաղաքական ղեկավարներու կողմէ արտասանուած հակահայ խօսքերէ։ Սէլինա Տողան կը յիշեցնէ, որ Անգարայի Քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչէք հրապարակագիր Հայկօ Պաղտատին դէմ հատուցման դատ բացաւ, որովհետեւ Հայկօ Պաղտատ գրած էր որ Կէօքչէք հայ է։ Միայն այսպիսի բանի մը համար դատ բանալը արդէն ցոյց կուտայ թէ Հայերու դէմ ինչպիսի ատելութիւն գոյութիւն ունի։ Մինչդեռ, կ՚ըսէ Սէլինա Տողան, Հայ ըլլալը յանցանք չէ ինչպէս որ յանցանք չէ Թուրք ըլլալը։ Ուստի ո՛չ մէկը Հայ բառը կրնայ որպէս նախատինք գործածել ինչպէս որ չի կրնար որպէս նախատինք գործածել Թուրք բառը։

Սէլինա Տողան կը յիշեցնէ նաեւ Կարսի Իւլքիւ Օճախներու Նախագահ Թոլկա Ատըկիւզէլի ցնցիչ այն հարցումը թէ «Ի՞նչ ընենք, մենք ալ Կարսի փողոցներուն մէջ Հա՞յ որսանք»։

Այս բոլորը յանցագործութիւն են Թուրք պատժական օրէնքներու համաձայն, բայց այդ օրէնքները որքա՞ն կը գործադրուին։ Այս հարցումն է որ կ՚ուղղէ Սէլինա Տողան Դատական Նախարար Քէնան Իփէքին ու կը խնդրէ որ պատասխան մը տրուի թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ դատական համակարգը անտարբեր կը մնայ նմանօրինակ յանցագործութիւններու նկատմամբ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.