ՀՅԴ Գանատայի 45-րդ Շրջանային ժողովի յայտարարութիւն
- (0)

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, քննարկուեցան Հայ Դատի, կազմակերպական, քարոզչական, եւ ներգաղութային հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր տրուեցան համապատասխան որոշումներ:
Շրջանային Ժողովը, վերարժեւորելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի բովէն ներս գանատական ներքաղաքական դաշտին վրայ ձեռքբերուած իրագործումները, վերահաստատեց Հայոց պահանջատիրութեան գործընթացի յաջողութեան ի խնդիր անվկանդ երթը շարունակելու յանձնառութիւնը։
Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապին եւ որոշեց շարունակել սուրիահայութեան զօրակցութեան ուղղուած իր առաքելութիւնը։
Ժողովը որոշեց նաեւ սատար հանդիսանալ հայութեան եռաբեւեռ բաղադրիչներու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համընդհանուր ներուժի ամրագրման ու համաշունչ գործակցութեան ամրապնդման աշխատանքներուն։
Շրջանային ժողովը վերահաստատեց ՀՅԴ Գանատայի շրջանի յանձնառութիւնները հայրենի պետականութեան հզօրացման եւ հայութեան պատմական իրաւունքներու վերականգնման գծով:
ՀՅԴ Գանատայի 45-րդ Շրջանային ժողով