Ընկերային Նոր Համաձայնութեան Պահը


Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման խնդիրը Հայաստանի դիմագրաւած ներքին ընկերային ու տնտեսական բնագաւառի միակ հարցը չէ: Բազմաթիւներէն մէկն է: Սառցալերան միայն երեւցող մասն է: Տակաւին չենք խօսիր արտաքին քաղաքական խնդիրներու մասին, որոնք թէեւ բոլորովին այլ են (եւ այս յօդուածին ծիրէն դուրս կ՛իյնան), բայց եւ այնպէս բարեփոխման արժանի համապարփակ թղթածրարին մաս կը կազմեն:
Վայրագ դրամատիրութիւնը այսօր, համաշխարհային տարողութեամբ, յարձակողականի անցած է քիչ մը ամէն տեղ: Անոր գործածած զէնքերը երբեմն արիւն կը հոսեցնեն (Լիպիա, Սուրիա, Իրաք եւ այլն), իսկ երբեմն ալ անարիւն են, ինչպէս Յունաստանի, Սպանիոյ եւ այլ երկիրներու պարագային, ուր տնտեսական «ժուժկալութեան» կամ անխնայ սեփականաշնորհման ծածկին տակ, ամբողջ երկիրներ ու ժողովուրդներ կը խորտակուին, կը կողոպտուին ու կը գրաւուին:
Այս բոլորը Հայաստանի համար աննպաստ զարգացումներ են: Տնտեսական մենաշնորհները Արեւմուտքի մէջ աւեր կը գործեն. ա՛յն Արեւմուտքին, որ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին, ի գին ժողովրդային բուռն պայքարներու, կրցած էր գէշ աղէկ հակամենաշնորհային օրէնսդրութիւն մշակել ու գործի դնել: Ալ ուր մնաց Հայաստանի մէջ, որ ցարդ զուրկ է այդ օրէնսդրական մշակոյթէն:
Հետեւաբար, ելեկտրականութեան սակի բարձացման խնդիրը պէտք է տեսնել միայն իբրեւ անմիջական լուծում պահանջող հարց, որ դարձեալ լուծման կարօտ աւելի համապարփակ թղթածրարի մը մէկ մասն է միայն:
Հետեւաբար, այս հարցին լուծումը, նոյնիսկ եթէ իտէալական ըլլայ ժողովուրդին համար, չի կրնար հարթել երկրին դիմագրաւած ներքին ընկերային ու տնտեսական տագնապը, ատոր ամբողջական թղթածրարը:
Այս բոլորը, ինչպէս խնդրոյ առարկայ բոլոր երկիրներուն մէջ, Հայաստանի պարագային եւս դուռ կը բանան ժողովրդային դժգոհութիւններու: Մանաւանդ Հայաստանի մէջ, ուր քաղաքական կառավարման համակարգը եւս ձախողակ վիճակի մէջ է:
Եւ հոս թաղուած է շան գլուխը:
Հայաստան չի կրնար այս ներքին տագնապին լուծումներ առաջադրել ներկայ քաղաքական համակարգով: Հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ ակնյայտօրէն խզում կայ այդ համակարգին (ու անոր ծնունդ տուող կառավարութեան) եւ ժողովուրդին միջեւ: Խզուած է Ժան Ժագ Ռուսոյի առաջադրած ներքին «Ընկերային համաձայնութիւնը» (Contrat Sociale):
Կրնայ հասկնալիօրէն առարկուիլ, թէ նոյն այս ժողովուրդն էր, որ մեծամասնութեամբ քուէարկեց այս իշխանութիւններուն: Սակայն այս առարկութիւնը կատարողները կը մոռնան, որ ա՛յդ եւս մաս կը կազմէ համակարգային տագնապին, այն իմաստով, որ համակերպումի, «եոլա երթալու» հոգեբանութիւնն է, որ շատերը կը մղէ քուէարկելու ի նպաստ ինքզինք սպառած համակարգին: Դեռ չենք խօսիր ընտրական չարաշահումներուն մասին, որոնք աւեր կը գործեն ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ:
(Այս մասնայատուկ նիւթով՝ փակագիծ մը: Անգլիան, որ կը համարուի ժողովրդավարութեան առումով դարերու ճամբայ կտրած երկիր, ահաւասիկ տարիներէ ի վեր կը կառավարուի այնպիսի իշխանութեամբ մը, որ ստացած է ժողովուրդի քուէներուն միայն մէկ երրորդը եւ ոչ թէ մեծամասնութիւնը: Ու այդ մէկ երրորդին կամքը կը պարտադրուի մնացեալ երկու երրորդին… Հո՛ն եւս համակարգի խնդիր կայ)։
1930ական թուականներուն, Մ. Նահանգներու նախագահ Ֆրենքլին Ռուզվելթ իր առաջադրած եւ գործադրութեան դրած New Deal-ով, նոր «Ընկերային համաձայնութեան» մը հիմը դրաւ, որ երկրին ապահովեց որակական ոստում մը՝ տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառներէն ներս: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Արեւմուտքի որդեգրած Պրեթըն Վուտզի սկզբունքները նմանօրինակ ոստում ապահովեցին ամբողջ Եւրոպայի մէջ (ներառեալ Մ. Նահանգներու):
Ճիշդ է, Հայաստան չունի Մ. Նահանգներու կամ Եւրոպայի բնական պաշարները, նիւթական կամ մարդոյժի իմաստով: Բայց բնական պաշարներու հարստութիւնը միշտ չէ, որ բարօրութիւն ու բարգաւաճում կ՛ապահովէ. քարիւղ արտադրող շատ մը երկիրներ կը տուայտին ընկերային ու տնտեսական տագնապներու մէջ (Պահրէյն, Նիճերիա, Մեքսիքօ եւ այլն): Հո՛ս է, որ դեր կը խաղայ քաղաքական կառավարման առողջ համակարգը:
Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւնները կը գտնուին նոր «Ընկերային համաձայնութիւն» մը մշակելու անհրաժեշտութեան դիմաց: Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ բողոքը աւելի երեւելի կը դարձնէ այս անհրաժեշտութիւնը:
Այս յօդուածագիրին համոզումով, նոր «Համաձայնագիր»ի առաջին նախապայմանը կառավարման համակարգի բարեփոխումն է՝ երկրի սահմանադրութեան մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններու միջոցով:
Որքան շուտ, այդքան լաւ: Մինչ այդ սակայն, հրապարակէն պէտք է հեռու մնան լարուածութիւնը բարձրացնելու ինքնակոչ ջատագովները, եւ պէտք է խուսափիլ արտաքին միջամտութիւններու համար նպաստաւոր ենթահող ստեղծող բոլոր տեսակի քայլերէ:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.