Հայկակած ծագումով ամերիկացի երկու գոնկրէսականներ կոչ կ՚ուղղեն գոնկրէսին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Հայկակած ծագումով կին երկու ամերիկացի գոնկրէսականներ Աննա Էշուն եւ Ճէքի Սփիըրը կոչ ըրած են իրենց գործընկերներուն կողմ քուէարկելու «Հայոց Ցեղասպանութիւն՝ Ճշմարտութիւն եւ Արդարադատութիւն» բանաձեւին՝ որպէս «կարեւոր եւ իրական միջոց, որը կը նպաստէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման», կը հաղորդէ Հայ Դատի յանձնախումբը:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար Էտ Ռոյսին եւ միւս գոնկրէսականներուն ուղղուած նամակին մէջ գոնկրէսականներ Սփիըր եւ Էշուն նշած են, որ «իրենք ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան միակ անդամներն են, որոնց նախնիները փրկուած են Հայոց ցեղասպանութենէն», եւ կոչ են յղած են իրենց գործընկերներուն քուէարկել Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատող օրինագծի ընդունման օգտին:

Աննա Էշուի մայրը հայ է, իսկ հայրը՝ ասորի, Ճէքի Սփիըրի հայրը գերմանացի է, իսկ մայրը հայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.