Ազգային Արխիւը Պիտի Հրատարակէ «Հայ Եկեղեցու Կալուածքները Օսմանեան Թուրքիայում» Իրաւական Փաստաթուղթերու Ժողովածուն


Արաբկիրի հայոց եկեղեցին, 1915-էն առաջ

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Հայաստանի Ազգային արխիւը աշնան պիտի հրատարակէ «Հայ Եկեղեցու Կալուածքները Օսմանեան Թուրքիայում» աշխատութիւնը՝ օսմաներէն լեզուով, ուր պիտի ներկայացուին զուտ արխիւային փաստաթուղթեր: Այս մասին յայտնած է արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան:

Ան նկատել տուած է, թէ աշխատութեան հրատարակութիւնը կարեւոր է, քանի որ հայաստանեայց եկեղեցւոյ կալուածներուն հարցը այսօր արդիական է:

«Մասնաւորապէս գիտենք, որ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Թուրքիայի Սահմանադրական դատարանին հայց է ներկայացրել՝ Սիսի կաթողիկոսարանը վերադարձնելու պահանջով: Մենք կը հրատարակենք փաստաթղթերը օսմաներէնով եւ դրանց հայերէն թարգմանութիւնները, փաստաթղթերը կը լինեն լուսանկարի ձեւով, այնպէս ինչպէս բնագիրն է: Աշխատութիւնը հաւանաբար կը թարգմանուի նաեւ անգլերէն: Կան սեփականութեան վկայականներ, որոնք ժամանակին տրուել են Օսմանեան Թուրքիայում այս եկեղեցիների հողերի, կալուածքների համար», յայտնած է Վիրաբեան, ըստ «Թերթ»ին։

Բացի ատկէ, Վիրաբեան տեղեկացուցած է, որ այս տարի Ազգային արխիւը կը պատրաստուի մասնակցելու «Միւռոնօրհնութեան» արարողութեան, զոր հայ եկեղեցին 7 տարին անգամ մը կը կատարէ։

«Միւռոնի եփելն է լինելու, եւ մենք որոշեցինք մեզ մօտ պահպանուող բոլոր փաստաթղթերը, որոնք վերաբերում են հայոց եկեղեցու այդ գլխաւոր արարողութեանը, հրապարակել: Կը ներառենք նաեւ տեղեկութիւններ, թէ ինչ ծաղիկներից են պատրաստում միւռոնը եւ այլն», յայտնած է Ազգային արխիւի տնօրէնը:

Անդրադառնալով ծրագիրներուն՝ Վիրաբեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ֆրանսայի դեսպանատան հետ առցանց թանգարան ստեղծած են՝ նուիրուած Համաշխարհային Ա. պատերազմին հայերու մասնակցութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ–ֆրանսական յարաբերութիւններուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.