Թուրք բեմադրիչը սկսած է Ցեղասպանութիւնը ժխտող ֆիլմի նկարահանումները


Թուրք յայտնի բեմադրիչը Իսմայիլ Կիւնէշ սկսած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող ու 1915-ը պարզապէս ընդհանուր ողբերգութիւն ներկայացնող «Քարաւան 1915» ֆիլմի նկարահանումները, կը գրէ News.am-ը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական Sabah-ը, ֆիլմի նկարահանումներուն համար արդէն ստեղծուած են երկու քաղաքներ, որոնք նոյնութեամբ կը կրկնեն 1915-ի քաղաքները:

Ֆիլմի բեմադրիչը Իսմաիլ Կիւնէշ աւելի առաջ հրաժարած էր յայտնել ֆիլմի հովանաւորի անունը, սակայն շեշտած է, որ ֆիլմը մեծ պիւտճէ ունի, որուն ծիրէն ներս հնարաւոր է իրականացնել նման մեծ ու ծախսատար աշխատանք: Ան նշած էր ֆիլմին մէջ պիտի նկարահանուին մօտ 300 դերասան, որոնց մէկ մասը յայտնի դերասաներ են:

Թուրք բեմադրիչը նշած է, թէ իր ֆիլմին մէջ ինք չի փորձեր ցոյց տալ թէ ցեղասպանութիւն եղած է կամ հակառակը, այլ պարզապէս ցոյց կու տայ  կառապանի մը  պատմութիւնը, որուն յանձնարարած էին Կիրեսունի մէջ ապրող 200 հայերու տեղափոխել Հալէպ, որուն ընթացքին կառապանը «անձնուիրաբար» պաշտպանած է զինք «վստահուած» հայերուն աւազակներու յարձակումներէն:

Ան շեշտած է, թէ Կիրեսունէ Հալէպ երթալու ժամանակ տարբեր վայրերու մէջ ֆիլմի հերոսները ականատես կ’ըլլան կոտորածներու տեսարաններու:

Բեմադրիչը նշած է, թէ ֆիլմը կը նախատեսուի ցուցադրել 2016-ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.