Գալուստ Արխանեան (Հաճի Բէկ, Մնձուրի Առիւծ), Մահուան 110-ամեակ


Նոյեմբերի 18-ին, 109 տարի առաջ, Երզնկայի բանտերուն մէջ աւելի քան տասը տարի ազատազուրկ եւ տաժանակիր կեանք մը քաշքշելէ ետք, տառապակոծ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի առիւծասիրտ յեղափոխականներէն Գալուստ Արխանեան։
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման առաջին ծիծեռնակներէն է Գալուստ Արխանեան, որ Դերսիմի Քեռիին (Ռուբէն Շիշմանեան) հետ՝ նախակարապետը եղաւ Փոքր Հայքի հայութեան յեղափոխական պայքարի շղթայազերծումին։ Երկուքով՝ անոնք կազմեցին Երզնկայի, Ակնի եւ Դիւրիկի հայ ըմբոստ երիտասարդները համախմբող ֆեդայական խումբեր, ծառացան թուրք ոստիկաններու եւ աւազակաբարոյ խուժանի հակահայ կեղեքումներուն ու հարստահարութիւններուն դէմ, պատուհասը դարձան հայ մատնիչներուն եւ դաւաճաններուն, մարտունակութիւն եւ պայքարի կորով ներշնչեցին բազմաչարչար մեր ժողովուրդին եւ, անհաւասար ուժերով կռիւը մնչեւ վերջին շունչ շարունակելու իրենց դաժան ճակատագրով, անոնք իրենց երիտասարդ կեանքը նւիրաբերեցին հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան բագինին։
Այդ ներշնչումով ալ, հայոց ազգային-յեղափոխական երգերու սիրտ ու միտք ջերմացնող մթնոլորտին մէջ կազմաւորւած մեր սերունդներուն համար, յատուկ հնչեղութիւն ունի Գալուստ Արխանեանին նւիրւած սրտառուչ երգը.

Ազատութեան որդին եմ,
Արխանեան Գալուստն եմ.
Երբ որ բանտէն ազատւիմ
Դարձեալ խումբ պիտի կազմեմ։

 Թւով հինգ ընկեր էինք,

Մէկ սիրտ՝ մէկ հոգի էինք,
Դարձեալ չէինք յանձնւէր,
Աւա՜ղ, անօթի էինք:

 Առաւօտ արշալոյսին,

Չորս կողմերնիս պատեցին,
Ամբողջ չորս օր, չորս գիշեր
Չորս հարիւր թշնամիներ:

 Քա՛ջդ Խորէն ի՞նչ եղար,

Երեք գնդակով ինկար,
Մինչդեռ հոգի կուտայիր,
Դարձեալ պատերազմեցար:

 Զէնքերս տուր մայրիկըս,

Սուրս ալ դուն տուր քոյրիկըս,
Երթամ կռւիմ վատին դէմ,
Խորէնին վրէժն լուծեմ։

 

Գալուստ Արխանեան Երզնկայի հայկական հինաւուրց գաւառի՝ Մնձուրի Արմտան գիւղի ծնունդ էր։ Լոյս աշխարհ եկած էր 1860-ին, մեծատուն Արխանեաններու յարկին տակ։ Պատանի տարիքէն կորսնցուցած էր հայրը եւ պանդուխտ գացած էր Պոլիս, ուր երզնկացիները հռչակ հանած էին իբրեւ լաւ փռապաններ։ Գալուստ միացած էր Պոլսոյ մէջ պանդուխտ երիտասարդներու կազմած ինքնազարգացման խումբերուն, որոնք հայ յեղափոխական շարժման գաղափարական կազմաւորման հնոցներ էին։
1890-ին, արդէն երեսուն տարեկան պարթեւահասակ երիտասարդ, Գալուստ Արխանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ յուլիսին բռնկած Գում Գափուի մեծ ցոյցերուն, որոնք կատաղեցուցին Համիդեան բռնակալութիւնը եւ պատրուակ ծառայեցին հայ յեղափոխականներու դէմ համատարած հալածանքի կազմակերպումին։
Արխանեան կրցաւ խոյս տալ թուրք ոստիկանութեան հետապնդումներէն եւ վերադարձաւ իր ծննդավայրը։ Հայրը մահացած էր արդէն, մայրը կապրէր, Գալուստ ամուսնացաւ եւ ընտանիք կազմեց, բայց ոչ մէկ հանգիստ օր ճանչցաւ, որովհետեւ ամբողջ էութեամբ համակւած էր ընդվզումով եւ ցասումով՝ ի տես անզէն ու խաղաղասէր իր ժողովուրդին դէմ գործադրւող թուրքական խժդժութիւններուն, որոնք անպատասխան կը մնային եւ աւելիով կը սաստկանային։
Պոլսոյ մէջ Արխանեան արդէն ծանօթացած էր Հնչակեան կուսակցութեան, իսկ Երզնկայի մէջ մօտէն շփում ունեցաւ նորաստեղծ Դաշնակցութեան կողմէ շրջանը առաքւած առաջին գործիչներուն հետ։ Միացաւ Դաշնակցութեան եւ ձեռնարկեց իր սեփական խումբը կազմելու եւ, այդ ճամբով, շրջանի հայութեան զինման գործը յառաջ մղելու եւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու աշխատանքին։ Իր կազմակերպական տաղանդին եւ անվեհեր նկարագրին բերումով՝ Գալուստ Արխանեան շուտով դարձաւ Ակնի, Դիւրիկի, Արաբկիրի եւ Երզնկայի տարածքին արագօրէն կազմւող յեղափոխական խմբակները շաղկապող դէմքը։
Թուրքական իշխանութիւնները ամէնուր հետապնդումի տակ առած էին հայ յեղափոխականներու շարժումները, իսկ հայանուն լրտեսներ ու մատնիչներ կը վխտային ամէն կողմ։ Այդ պայմաններուն մէջ, ինչպէս որ կը վկայէ Գալուստ Արխանեանին աւելի ուշ (արդէն բանտ գտնւած շրջանին) անձնապէս՝ իբրեւ բանտ ուտելիք տանող պատանի ճանչցած Գաբրիէլ Լազեանը հոկտեմբեր 1891-ին Արմտանի մէջ կահաբեկւի տխրահռչակ լրտես մը՝ Էօմար Փեհլիւան անունով։ Թուրք ոստիկանութիւնը խուճապի կը մատնւի եւ կը ձեռնարկէ հայ երիտասարդներու ձերբակալութեան։ Կանխատեսելով իր ձերբակալման մօտալուտ վտանգը, Արխանեան կորոշէ իր խումբով բարձրանալ լեռները եւ ամբողջապէս նետւիլ ֆեդայական կռւի մէջ։ Իր գլխաւոր զինակիցներն էին ակնցիներ Սահակ Ժամկոչեան եւ Ղուկաս Ջանիկ, իսկ արմտանցիներ Խորէն Շիշմանեան (Դերսիմի Քեռիին եղբայրը) եւ Գէորգ Վէվէյեան։
Գալուստ Արխանեան եւ իր խումբը ոչ միայն պատուհասը դարձան թուրք եւ քուրդ ասպատակներուն ու հայանուն լրտես-մատնիչներուն, այլեւ եղան սեփական ժողովուրդին ինքնավստահութիւն ներշնչող ու մարտունակութիւն ջամբող առասպելատիպ հերոսներ։ Փոքր Հայքի բարձրաբերձ լեռները ապաստանած էր նաեւ Դերսիսի Քեռին եւ հոն է, Սեպուհ լեռան վրայ է, որ Արխանեան եւ Քեռի կը համակարգեն իրենց ուժերը ու մեծ թափով յառաջ կը մղեն թշնամիներու պատուհասման եւ մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան իրենց յաղթական կռիւները։
Բայց թուրքական բանակի 3-րդ զօրաբաժնի հրամանատարութիւնը, որուն յանձնւած էր Երզնկայի նահանգը, վճռած էր ամէն գնով ձեռք ձգել զոյգ յեղափոխականները։ Քանի մը անգամ թուրք զօրքը կրցաւ, լրտես-մատնիչներու օգնութեամբ, գտնել Գալուստ Արխանեանի խումբին հետքը, պաշարել զանոնք, բայց միշտ ալ հայ յեղափոխականները կրցան յաղթանակ տանիլ թշնամիի անհամեմատօրէն մեծաթիւ ուժերուն դէմ։
1893-ի դեկտեմբերին տեղի ունեցան ճակատագրական մատնութիւնն ու պաշարումը։ Գալուստ իր հինգ ընկերներով ապաստանած էր Արմտանի մերձակայ լեռան մը քարայրը, որուն մասին հայ մատնիչներ տեղեկացուցին թուրք զօրքին։ Աւելի քան 400 զինւորներ պաշարեցին քարայրը, բայց չկրցան ձեռք անցնել հայ ֆեդայիները։ Երեք-չորս օր Գալուստ եւ իր ընկերները անվհատ կռիւ մղեցին, դիմադրեցին եւ ձախողութեան մատնեցին քարայր մուտք գործելու թուրքական փորձերը, բայց չկրցան ճեղքել պաշարման օղակը։ Օրհասական պահը կը մօտենար, որովհետեւ զինամաթերքն ու սննդեղէնը կը հատնէին…
Նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ հայ յեղափոխականները վճռեցին մինչեւ վերջին շունչ շարունակել կռիւը եւ անձնատուր չըլլալ։ Այդ պատճառով ալ թշնամին դիմեց նենգութեան։ Պարտադրեց Գալուստի մօր, որ քարայր մտնէ եւ Գալուստն ու ընկերները համոզէ՝ անձնատուր ըլլալու, խոստանալով որ անոնց դէմ ոչ մէկ բռնութիւն պիտի գործադրւի։ Այդ փորձը քանի մը անգամ կրկնւեցաւ եւ ի վերջոյ հայ յեղափոխականները անձնատուր եղան թուրք զօրքին։ Թուրք հրամանատարը իր խոստումը չյարգեց Խորէնի պարագային եւ սպանեց զայն անձնատւութեան պահուն, իսկ Գալուստն ու միւսները նետեց բանտերը։
Գալուստ Արխանեան դատապարտւեցաւ մահապատիժի, որ յետոյ վերածուեցաւ ցկեանս բանտարկութեան։ 12 տարի ան տաժանակիր բանտարկութիւն կրեց։ Եղաւ ժամանակ, որ բանտի մէջ շղթայակապ առանձնացւեցաւ, որովհետեւ ոչ միայն մերժեց, ծեծի տակ անգամ, խոստովանութիւններ կատարել, այլեւ՝ բանտի թուրք թէ քուրդ աւազակներու դէմ կռիւ մղել եւ հայ բանտարկեալներուն պաշտպան կանգնիլ։
12 տարւան տաժանակիր բանտարկութենէ ետք, Գալուստ Արխանեան բռնուեցաւ բանտարկեալները վարակած ժանտատենդէ, որ վերջակէտ դրաւ առիւծասիրտ հայ յեղափոխականի 45-ամեայ կեանքին։
Կարճատեւ եղաւ ֆեդայական գործունէութիւնը Երզնկա նահանգի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը ամուր հիմերու վրայ դրած Հայկական Ազատամարտի այս զոյգ ծիծեռնակներուն։ Բայց կրակի միեւնոյն մկրտութեամբ գաղափարի անբաժան ընկերներ ու մարտիկներ դարձած դաշնակցական առաջին գործիչներու այս երկեակը հանդիսացաւ անվիճելի ապացոյց մը պատմական այն ճշմարտութեան, որ նոյնինքն հայ ժողովուրդի տառապանքէն ծնունդ առաւ մեր Ազատամարտը։
Ինչպէս որ Գալուստ Արխանեանի հայրենակից ու հայ ազատագրական շարժման անզուգական կենսագիր Գաբրիէլ Լազեան իրաւացիօրէն կը նշէ՝ «Հայ յեղափոխութիւնը ոչ թէ դուրսէն հրահրւած, այլ ժողովրդական ինքնաբուխ շարժում մըն էր, ինչպէս որ կը վկայէ Գալուստ Արխանեանի կեանքը»։
Գալուստ Արխանեան մեր ժողովուրդին կտակեց «Ազատութեան որդիի» իր անմահ օրինակը, որ հայոց նորահաս սերունդներուն ազգային յիշողութեան մէջ իր յատուկ տեղը ունի՝ իբրեւ ներշնչման աղբիւր մը սեփական ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար գերագոյնը նուիրաբերելու յանձնառութեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.