Շաբթուան ամփոփումը (16 ապրիլ 2026)
- (0)
«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ
– Ապրիլ 11-12, 2026-ին Փարիզի մէջ գումարուած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը, շուրջ 25 երկիրներէ 150 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, աւարտեցաւ կոչ-յայտարարութեամբ, ուր շեշտուեցաւ Սփիւռքի ռազմավարական դերը համազգային խնդիրներու լուծման մէջ եւ Հայաստանի պետականութեան հզօրացման հրամայականը։ Հայտարարութիւնը վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցը միջազգային օրակարգի վրայ պահելու անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով գերիներու ազատ արձակումը, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։ Միաժամանակ կարեւորուեցաւ ազգային արժէքներու եւ Հայ եկեղեցւոյ դերը սփիւռքեան ինքնութեան պահպանման մէջ, կոչ ուղղուեցաւ համախմբման եւ կազմակերպուած հակազդեցութեան՝ ազգային հիմքերու դէմ ուղղուած քայլերուն։ Խորհրդաժողովը նաեւ շեշտեց Հայաստան–Սփիւռք համակարգային կապերու վերականգնման, սփիւռքի ներուժի ամբողջական օգտագործման եւ արեւմտահայերէնի պահպանման անհրաժեշտութիւնը, իսկ զօրաշարժի ծիրին մէջ առաջնահերթ համարեց երիտասարդութեան ներգրաւումը եւ համազգային միասնական օրակարգի ձեւաւորումը՝ կոչ ուղղելով նաեւ ՀՀ քաղաքացիներուն լայն մասնակցութիւն ցուցաբերել յառաջիկայ ընտրութիւններուն։
– Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի ապահոված է խորհրդարանական մեծամասնութիւն՝ Ազատական կուսակցութեան կողմէ շարք մը դաշնային մասնակի ընտրութիւններու յաղթանակէն ետք, ստանալով 174 աթոռ 343 անդամ ունեցող խորհրդարանին մէջ եւ վերջ տալով նախորդ փոքրամասնութեան կարգավիճակին։ Այս զարգացումը կը թոյլատրէ կառավարութեան աւելի ազատ կերպով առաջ մղել իր օրակարգը, առանց որեւէ կախեալութեան՝ խորհրդարանի ընդդիմադիր ուժերէն։ Այս զարգացումը կը նկատուի բացառիկ դէպք գանատական քաղաքականութեան մէջ՝ ամրապնդելով Վարչապետ Քարնիի դիրքը որպէս ուժեղացած կառավարութեան ղեկավար։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
– ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հրատապ յայտարարութեամբ դատապարտեց իշխանութիւններու կողմէ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամներու ձերբակալութիւնը, զանոնք բնութագրելով որպէս իշխանութիւններու ապօրինի գործողութիւններու հերթական դսեւորում։ Ան նշեց, թէ վերջին տարիներուն բազմաթիւ քաղաքացիներ ենթարկուած են հետապնդումներու եւ շինծու մեղադրանքներով ձերբակալութիւններու՝ իրենց քաղաքական դիրքորոշումներուն համար։ Միաժամանակ Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց ընդդիմադիր ուժերուն՝ միաւորուելու եւ համատեղ գործողութիւններով կազմակերպելու հանրահաւաք, նպատակ ունենալով դիմակայել իշխանութիւններու քայլերը, ապահովել քաղբանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ վերահսկել ընտրական գործընթացները։
– «Հայաստան» դաշինքը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ ներկայացուց իր նախընտրական ծրագրի ընկերա-տնտեսական բաժինն ու գիւղատնտեսութեան ոլորտի հիմնական դրոյթները՝ նպատակ ունենալով դուրս բերել երկիրը տնտեսական ճգնաժամէն եւ ապահովել արագ զարգացում։ Ծրագրի հիմնական դրոյթները ներկայացուցին ՀՅԴ անդամներ՝ Արթուր Խաչատրեանն ու Արծուիկ Մինասեանը, որոնք շեշտեցին արդիւնաբերութեան եւ բարձր արհեստագիտութեանց զարգացումը, հարկային արտօնութիւններու տրամադրումը եւ պետական պարտքի վերանայումը։ Դաշինքը նաեւ կը նախատեսէ բարձրացնել նուազագոյն աշխատավարձը եւ կենսաթոշակները, ներդնել «շքեղութեան հարկ», խթանել ներդրումները եւ սփիւռքահայութեան ներգրաւումը, ինչպէս նաեւ իրականացնել բնապահպանական նախաձեռնութիւններ՝ տնտեսական եւ ընկերային արդարութիւնը ամրապնդելու նպատակով։ Դաշինքը նաեւ հրապարակեց իր թեկնածուներու ցանկի առաջին երեսուն անունները, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ յայտարարեց, որ Դաշինքի ընտրական շտաբի պէտն է՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեանը։
– Ապրիլ 11-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաv «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան հանրահաւաքը, որուն մասնակցեցան տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ։ Հանրահավաքի ընթացքին ներկայացուեցաւ կուսակցութեան հիմնական քաղաքական եւ տնտեսական ուղերձները։ Կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեան ընդգծեց, որ երկիրը կանգնած է վճռորոշ ընտրութեան առջեւ՝ առաջարկելով զարգացման եւ ներդրումներու ներհոսքի ուղի՝ Սամուէլ Կարապետեանի առաջնորդութեամբ։ Հանրահաւաքին ելոյթ ունեցող Արամ Վարդվանեան կարեւորեց նաեւ դատական համակարգի անկախութիւնը եւ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւնը։ Միջոցառումը աւարտեցաւ քաղաքային երթով։
– Ապրիլ 13-ին Ֆրանսայի մէջ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ եւ նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, նախագահի խորհրդական եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի թեմական խորհուրդի նախագահ Լեռնիկ Հովհաննիսեանը եւ այլ ներկայացուցիչներ, հանդիպում ունեցած է Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լուք Քարվունասի եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իզապէլ Սանդիակոյի հետ։ Հանդիպման ընթացքին վերահաստատուած է Ֆրանսայի որոշ շրջանակներու աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին, ընդգծուած են անոր իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած շարունակական ջանքերը, ինչպէս նաեւ կարեւորուած է ապագայ համագործակցութեան զարգացումն ու կապերու ամրապնդումը։
– Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի քրեական դատարանը բաւարարած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի իրաւապաշտպանին բողոքը եւ չեղարկած է Վեհափառին նկատմամբ կիրառուած «բացակայելու արգելք»ի խափանման միջոցը։ Ըստ փաստաբան Արա Զոհրապեանի՝ սահմանափակումը կիրառուած էր փետրուար 14-ին եւ արգիլած էր Վեհափառին լքել երկիրը։ Պաշտպանական կողմի բողոքը նախ մերժուած էր դատախազութեան կողմէ, սակայն դատարանը վերջապէս որոշած է վերացնել սահմանափակումը։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
– Իրանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ընթացող հակամարտութիւնը առայժմ սկսած է աստիճանաբար հեռանալ ուղղակի ռազմական բախումներէն եւ տեղափոխուիլ տնտեսական ճնշման ու զգայուն դիւանագիտական գործընթացներու դաշտ։ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ յայտարարուած ժամանակաւոր հրադադարը առայժմ կը պահպանուի, սակայն լարուածութիւնը կը շարունակէ բարձր մնալ՝ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրանական քարիւղի արտադրութեան դէմ կիրառուող ծովային շրջափակման հետեւանքով։ Թեհրան իր հերթին կը սպառնայ ընդլայնել ծովային երթեւեկութեան խոչընդոտումը, ներառեալ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Հորմուզի նեղուցը, մինչ դիւանագիտական խողովակներու միջոցով նոր բանակցութիւններու հնարաւորութիւններ կը քննարկուին։
– Միեւնոյն ժամանակ, Լիբանանեան ճակատին վրայ զարգացումները կը շարունակեն մնալ խիստ հակասական։ Տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, իսրայէլեան եւ լիբանանեան կողմերը ուղղակի բանակցութիւններու ձեռնարկած են՝ ամերիկեան միջնորդութեամբ, փորձելով գտնել երկարաժամկէտ լուծումներ՝ յատկապէս Հըզպոլլահ-ի դերին շուրջ։ Սակայն կազմակերպութիւնը կտրուկ կերպով կը մերժէ այս գործընթացը։ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ տասը օր տեւող հրադադարի համաձայնութեան մասին, որ կը նախատեսուի ուժի մէջ մտնել երեկոյեան ժամը 5-ին (Ուաշինկթընի ժամով)։ Այս յայտարարութիւնը տեղի կ՚ունենայ վեց շաբաթ շարունակուած պատերազմէն ետք, որ խլեց աւելի քան 2,000 կեանք եւ տեղահանեց՝ շուրջ մէկ միլիոն բնակչութիւն։