Հայ Երեսփոխան Սելինա Տողան իր հարցումները ուղղեց Թուրքիոյ վարչապետին


Agos – Եր­կար տա­րինե­րու բա­ցակա­յու­թե­նէ ետք երեք հայ պատ­գա­մաւոր­նե­րու Թուրքիոյ խորհրդա­րանի ան­դա­մակ­ցութիւ­նը որոշ հե­տաքրքրու­թիւն յա­ռաջա­ցու­ցած է զա­նազան շրջա­նակ­նե­րէ ներս։ Եթէ ոմանք ոգե­ւորուած են այս նոր զար­գա­ցու­մէն, ոմանք ալ որոշ վե­րապա­հու­թեամբ կը հե­տեւին հա­յազ­գի երես­փո­խան­նե­րուն գոր­ծունէու­թեան։ Առ այժմ նա­խագա­հի մը ընտրու­թիւնով զբա­ղած խորհրդա­րանի օրա­կար­գին հար­ցում մը ներ­կա­յացուց ՃՀՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սե­լինա Տո­ղան։ Յե­նելով սահ­մա­նադ­րութեան 98-րդ. եւ խորհրդա­րանի ներ­քին կա­նոնագ­րութեան 96 եւ 99-րդ. յօ­դուած­նե­րուն, վար­չա­պետին դի­մեց հե­տեւեալ հար­ցումնե­րով։

Եր­կար տա­րինե­րու բա­ցակա­յու­թե­նէ ետք երեք հայ պատ­գա­մաւոր­նե­րու Թուրքիոյ խորհրդա­րանի ան­դա­մակ­ցութիւ­նը որոշ հե­տաքրքրու­թիւն յա­ռաջա­ցու­ցած է զա­նազան շրջա­նակ­նե­րէ ներս։ Եթէ ոմանք ոգե­ւորուած են այս նոր զար­գա­ցու­մէն, ոմանք ալ որոշ վե­րապա­հու­թեամբ կը հե­տեւին հա­յազ­գի երես­փո­խան­նե­րուն գոր­ծունէու­թեան։ Առ այժմ նա­խագա­հի մը ընտրու­թիւնով զբա­ղած խորհրդա­րանի օրա­կար­գին հար­ցում մը ներ­կա­յացուց ՃՀՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սե­լինա Տո­ղան։ Յե­նելով սահ­մա­նադ­րութեան 98-րդ. եւ խորհրդա­րանի ներ­քին կա­նոնագ­րութեան 96 եւ 99-րդ. յօ­դուած­նե­րուն, վար­չա­պետին դի­մեց հե­տեւեալ հար­ցումնե­րով։

1. Քո­պանիի մէջ ձեր­բա­կալուած ՏԱԻՇ-ի զինեալի մը մօտ Աք­չա­քալէի քա­ղաքա­պետու­թեան կող­մէ պատ­րաստուած անձնա­գիր մը յայտնուած է։ Այդ զինեալի Թուրքիոյ սահ­մաննե­րէն մուտքի եւ ել­քի թուական­նե­րը ի՞նչ է։

2. Կը հաս­տա­տէ՞ք «Էօզ­կիւր Կիւնտէ­մ» թեր­թի այս մա­սին պնդումնե­րը։

3. Սու­րիացի ապստամբնե­րու ճամ­բարնե­րէ ներս լրա­քաղու­թեան ծա­ռայու­թիւն կը կա­տարուի՞։

4. Ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քա­րող խմբակ­նե­րէ ներս ՏԱԻՇ-ի հա­մար յա­տուկ միաւո­րումներ կա՞ն։

5. Թուրքիոյ տա­րած­քին ՏԱԻՇ-ի դէմ ոեւէ գոր­ծո­ղու­թիւն կա­տարուա՞ծ է։

6. ՏԱԻՇ-ի հետ կապ ու­նե­նալու պատ­ճա­ռաւ ցարդ քա­նի՞ հո­գի հար­ցաքննուած է։

7. Նոյն մե­ղադ­րանքով քա­նի՞ հո­գիի դէմ դատ բա­ցուած է։

8. Մերթ ընդ մերթ լու­րեր կը տա­րածուին ՏԱԻՇ-ի մաս­նակցե­լու հա­մար Սու­րիոյ սահ­մա­նը անցնիլ փոր­ձե­լու պա­հուն սահ­մա­նապահ զի­նուոր­նե­րու կող­մէ բռնուած­նե­րու մա­սին։ Այս կար­գէն ցարդ քա­նի՞ հո­գի բռնուած է։

9. Սահ­մա­նը անցնե­լու պա­հուն բռնուած­նե­րը ո՞ր եր­կիրնե­րու քա­ղաքա­ցիներ են։ Ի՞նչ գոր­ծո­ղու­թիւն կը կա­տարուի ՏԱԻՇ-ի օտա­րահ­պա­տակ զինեալնե­րուն։

10. 2001 թուակա­նէն ի վեր Թուրքիայէն քա­նի՞ հո­գի ՏԱԻՇ-ին մասնակցեցան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.