Թուրք Ընդդիմադիր Գործիչը Առաջարկած է Քրէական Գործ Յարուցել «Հայերու որս»-ով Սպառնացող Ազգայնամոլին Դէմ


ermenihaber.am կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Կարսի տարածքային ղեկավար Օզֆեր Քոչաք խստօրէն քննադատած է Գորշ գայլերու «Իւլքիւ օճաքլար»(Իտէալական օճախներ) անունով ծայրայեղական աջակողմեան երիտասարդական կառոյցի Կարսի մասնաճիւղի ղեկավար Թոլկա Ատըկիւզելի՝ հայ երաժիշտ Տիգրան Համասեանի համերգներու կապակցութեամբ կատարած ազգայնամոլական յայտարարութիւնը։

«Ակօս» թերթի հաղորդմամբ՝ Քոչաք, թեմայի վերաբերեալ գրաւոր յայտարարութիւնը տարածելով՝ մասնաւորաբար ըսած է. «Ակնյայտօրէն ազգային խտրականութիւն դրսեւորող եւ ատելութեան վրայ հիմնուած յանցագործութիւն կատարող Ատըկիւզելը նոյն ատեն յանցանքի կը դրդէ բոլոր անոնք, որոնք կը լսեն իր յայտարարութիւնը։ Ատըկիւզելը ոչ միայն այս երկրին մէջ ապրող հայերուն սպառնացած է, այլ նաեւ ընդգծելով համերգներու՝ «քահանայի հագուստով» իրականացուած ըլլալը, բոլոր քրիստոնեաներու հանդէպ յանցանք գործած է։ Այս հողերուն վրայ ցեղապաշտական մտածողութեան տակաւին գոյութիւն ունենալու պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ իրաւական կառոյցները անտարբեր կը մնան նմանատիպ յանցանքներու նկատմամբ»։

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան գործիչը յղում կատարած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 216-րդ յօդուածին, ըստ որու, ընկերային, ազգային, կրօնական տարբերութիւններու հիման վրայ հասարակութեան մէկ հատուածի կողմէն միւսի բացայայտ ստորացման համար կը նախատեսուի վեց ամիսէն մէկ տարի բանտարկութիւն, հասարակական անվտանգութեան տեսակէտէն բացայայտ եւ մօտակայ սպառնալիքի պարագային՝ մէկէն երեք տարի բանտարկութիւն։

Քոչաք նշած է, որ Ատըկիւզելը բացայայտօրէն մեղաւոր է վերոյիշեալ յօդուածին մէջ նկարագրուած յանցանքի մէջ եւ անհրաժեշտ է անոր նկատմամբ քրէական գործ յարուցել՝ նոյնիսկ առանց համապատասխան հայցադիմումի։ Քոչաք ընդգծած է, որ Համասեանը պիտի շարունակէ իր համերգները Թուրքիոյ մէջ եւ յոյս յայտնած է, որ հակառակ Ատըկիւզելի յայտարարութեան՝ Կարսի մէջ այդպիսի ազգայնամոլական մօտեցումները չեն խրախուսուիր։

Յիշեցնենք, որ Ատըկիւզել իր դժգոհութիւնը արտայայտած էր այն առիթով, որ հայ ճազ-դաշնակահար Տիգրան Համասեանը համերգ տուած է պատմական հայկական մայրաքաղաք Անիի աւերակներուն մէջ։

Ծայրայեղական ղեկավարին մասնաւորաբար զայրացուցած էր այն հանգամանքը, որ համերգը կատարուած էր հոգեւորականերու հագուստով։ Ատըկիւզել սպառնացած էր «հայերու որսի դուրս գալ Կարսի փողոցներուն մէջ»։

Նշենք, որ Տիգրան Համասեանի «Լոյս ի լուսոյ» խորագիրով համերգաշարը, որ կը նախատեսուի իրականացներ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ, ներկայիս կը շարունակուի ընթանալ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական պատմական եկեղեցիներուն մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.