«Հորիզոն» մասնակցեցաւ Գանատայի ներգաղթի նախարարին հրաւիրած ասուլիսին


Յունիս 26-ին, Գանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարար Քրիս Ալեքսանտրի կողմէ կազմակերպուած հեռակայ մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան Գանատայի տարածքին գործող լրատուամիջոցներու եւ թերթերու ներկայացուցիչներ։ Ասուլիսին մասնակցեցաւ նաեւ «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։

 Ասուլիսի ընթացքին նախարար Քրիս Ալեքսանտր ներկայացուց ներգաղթի նախարարութեան կողմէ պատրաստուած «ինչպէ՞ս ապահովել Գանատայի ներգաղթի համակարգի անվտանգութիւնը» խորագրով նախագիծը։  

Նախարարը յատկապէս անդրադարձաւ վերջին ժամանակահատուածին թափ ստացած կրօնական ծայրայեղական ահաբեկչութեանց, յատկապէս Իսլամական Պետութեան գործադրած բռնարարքներուն։ Ասուլիսի աւարտին լրատուամիջցոներու խմբագիրներուն առիթ տրուեցաւ իրենց հարցումները ուղղելու նախարարին։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.