ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը Գանատայի մէջ


Հայաստան կը կարևորէ հայ-գանատական միջ-խորհրդարանական համագործակցութեան խորացումը 

ԱՐՄԵՆՓՐԷՍ – ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Վահրամ Բաղդասարեանը, Յովհաննէս Սահակեանը, Ռուզաննա Մուրադեանը, Արտակ Զաքարեանը, Թեւան Պողոսեանը, Իշխան Խաչատրեանը, Հրանտ Բագրատեանը, Լեովա Խաչատրեանը եւ Աղուան Վարդանեանը, Մայիս 26-ին Գանատայի խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի խօսնակ Էնտրու Շիրի հետ: Պատուիրակութեան կ՚ընկերակցէր Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան։

 Հանդիպման ընթացքին Գալուստ Սահակեանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց գանատական կողմին՝ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի կարգավիճակի բարձրացման հետեւողականօրէն աջակցելու համար: Գալուստ Սահակեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Գանատայի կառավարութեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Երեւանի պաշտօնական հանդիսութեան բարձր մակարդակի պատուիրակութեամբ մասնակցութեան համար։ Սահակեան իր երախտիքի խօսքը յայտնած է նաեւ Գանատայի խորհրդարանին,  Ապրիլ 24-ը Գանատայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան օր հռչակող բանաձեւի ընդունման համար:

 Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի մասին՝ Գալուստ Սահակեանը վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ խնդիրը խաղաղ, բանակցային ճանապարհով կարգաւորելու մօտեցումը: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.