Սուրիահայութեան նուիրուած բանախօսական հաւաք Օթթաուայի մէջ
Օթթաուայի գաղութն ալ անմաս չմնաց Սուրիահայութեան տագնապի գծով իր բարոյական կարեւոր մասնակցութիւնը բերելէ: Այդ նպատակին կը ծառայէր Մարտ 27, 2015 Սուրիահայութեան մասին նուիրուած հանդիպումը, Կազմակերպութեամբ Օթթաուայի Հայ Մշակութային Միութեան: Միջոցառումը կը հովանաւորէր Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Արմէն Եգանեան, որ սիրայօժար հիւրընկալեց եւ հովանաւորեց այս դեսպանատան յարկին տակ:
Գեղաղարուեստական բաժնին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Մանուկ Ալէմեան Տլէ Եաման, տուտուկ: Գթա Տէր (Ա. Յարութիւնեան) եւ Սուրբ սուրբ (Մակար Եկմալեան), կատարողութեամբ՝ Աննա Պետրոսեանի , Դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Ռան Սարգիսեանի:
Օրուայ հանդիսաւարուհին՝ Յասմիկ Մինասեան, ձեռնհասօրէն վարեց ձեռնարկի ներկայացման տարբեր հանգրուանները :Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան միութեան ատենապետ՝ Ժան Սարգիսեան եւ Պր դեսպան Արմէն եկանեան:
«Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Գանատայի համադրիչ մարմն»ի ատենապետ Ժան հալլաճեան, օրուան բանախօսներէն, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Օթթաուայի Հայ Մշակութային Միութեան պատասխանատուներուն, որոնք ազնիւ մտածումը ունեցան կազմակերպելու նմանատիպ ձեռնարկ մը: Պր Հալլաճեան ողջունեց Պր. դեսպանի դերակատարութիւնը եւ իր ցուցաբերած բծախնդիր մօտեցմումը ազգային ճգնաժամային գերխնդիրներուն թեթեւացման իր բոլորանուէր մասնակցութեամբ, ինչպիսին է Սուրիահյութեան այսօրուան տագնապը:Պր Հալլաճեան մասնաւոր կարեւորութեամբ շեշտեց այս տագնապի գծով բոլոր մեր քաղաքական մարմիններու եւ գործիչներու դրական ու ներգործօն դերակտարութեան, ի մասնաւորի Հայաստանի հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներու, որոնք ճիգ չխնայեցին բոլոր մակարդակներու վրայ, օգտակար դառնալու Սուրիոյ հայ համայնքի կարիքներուն, ընյեժնուած կարելիութիւններով:
Ան նաեւ փոխանցեց Սուրիոյ հայ համայնքներու ներկայ իրավիճակի մասին կարեւոր տեղեկութիւններ, վերջին քաղաքական եւ ռազմական իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Ան, շեշտեց Սուրիոյ հայ համայնքի պատմական ներկայութեան հանգամանքը այդ տարածքաշրջանին մէջ եւ կարեւորեց անոր ռազմաւարական դերի մասին Հայ Դատի պահանջատիրութեան գծով եւ հանդիսանալով արեւմատահայերէնի կարեւորագոյն օրրաներէն մին : Բանախօսը՝ հանգամանորէն անդրադարձաւ Քեսապի հայութեան տեղահանման մանրամանսութիւններուն, ներկայացնելով փաստարկներ թուրքիոյ բացասական եւ ուղղակի դերակատարութեան մասին, ըլլա՛յ Քեսապի ներխուժումին, ըլլա՛յ ընդհանրապէս Սուրիոյ կայունութիւնը խախտելու ու հողային ամբողջականութիւնը խաթարելու, իր անուռանալի ժխտական վարքագիծի մասին:
Ան նաեւ ընդգծեց, համահայկական օժանդակութեան կարեւորութիւնը, կանգուն պահելու Սուրիոյ համայնգային ազգային ու միութենական կառոյցները, ու սատար հանդիսանալու առօրեայ կենցաղային աննպաստ պայմաններուն մէջ մաքառող մեր ազգակիցներուն: Համապարփակ տեղեկութիւններով՝ լուսաբանեց համահայկական այն բոլոր ճիգերու մասին, որոնք դրսեւորուեցան այս աղէտի ընթացքին, ուր հայութիւնը միասնական շունչով ձեռք երկարեց մեր Սուրիահայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք յայտնուեցան կենցաղային ու ապահովական ոչ բարենպաստ ահազանգային եզրերու հասած պայմաններու մէջ:
Բանախօսը մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Գանատայի մէջ ծաւալած հանգանակային աշխատանքներու մասին ու գումարները ճշդորոշուած կարգով Սուրիա հասցնելու գործընթացը, շեշտելով որ մեր նիւթական մասնակցութիւնը շատ խորհրդանշական թիւերով կը պարզուին, աղէտի պարզած ահաւոր պատկերին ի տես, որ կը կարօտի միջազգային ընտանիքի յատուկ խնամատարութեան ու միջ պետական մարմնիններու բծախնդիր հոգատարութեան ու ուշադրութեան:
իսկ Քարլթըն համալսարանի դոկտորական գիտութեանց թեկնածու Ռուպի Տաղէր ներկայացուց Սուրիոյ մէջ ազգային-կրօնական փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու կարեւորութիւնը ու Գանատայի կառավարութեան կարեւոր դերակատարութիւնը, յատկապէս ISIS առթած վտանգը կասեցնելու գծով։